Մեծ եղեռնի վաթսունամեակէն ետք սկիզբ առած հայ ազատագրական նորագոյն պայքարի տարեգրութեան մէջ դարձակէտ մը եղաւ 27 յուլիս 1983 ը:
Արդարեւ, այդ օր` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայ յեղափոխական բանակի անդամ հինգ տղաք` Վաչէ Տաղլեան, Սեդրակ Աճեմեան, Սիմոն Եահնիեան, Արա Քըրճըլեան եւ Սարգիս Աբրահամեան Լիզպոնի թրքական դեսպանատան դէմ գործողութիւն կատարեցին:
Գերագոյն զոհաբերութեան գիտակցութեամբ անոնք վճռեցին վերանորոգել հայրենիքի ազատութեան իրենց սրբազան ուխտը:
Վաչէն, Սեդրակը, Սիմոնը, Արան եւ Սարգիսը Ցեղասպանութենէ վերապրած ընտանիքներու զաւակներ էին: Անոնք ծնած եւ մեծցած էին հայահոծ թաղամասերու մէջ: Ազգին ու հայրենիքին ծառայելու անմնացորդ նուիրումով, հայօրէն ապրելու ու արարելու տեսլականով եւ սեփական ուժերով արդարութեան եւ իրաւունքի չափանիշները վերականգնելու առաջադրանքով անոնք ընտրեցին գիտակից մահուան ուղին` իրենք զիրենք զոհաբերելով ազատութեան բագինին:
Իրենց գիտակից մահուամբ անոնք խորտակեցին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման շուրջ մեծապետական աշխարհի ուրացումի եւ լռութեան պատերը:
Դեսպանատուն մտնելու փորձի ժամանակ բախում տեղի ունեցաւ պահակներուն հետ: Հրացանաձգութեան ընթացքին` ժամը 10:45-ին, շէնքի դրան առջեւ զոհուեցաւ Սիմոն Եահնիեանը:
Վաչէն, Սեդրակը, Արան եւ Սարգիսը շտապեցին դեսպանատան շէնքին յարակից դեսպանին նստավայրը, ներխուժեցին շէնք եւ գերեվարեցին հոն գտնուող դեսպանատան կցորդին` Օսման Օզթիւրքին կինն ու տղան: Դեսպանատան աղբիւրներուն համաձայն, դեսպանը Լիզպոն չէր գտնուեր:
Փորթուգալի ոստիկանութիւնը ժամը 12:15-ին շրջապատեց թաղը եւ փակեց դեսպանատան երթեւեկի ուղիները:
Դեսպանատան վերի յարկին մէջ ժամը 13:00-ին հրդեհ բռնկեցաւ:
Ոստիկանութիւնը սեղմեց պաշարման օղակը եւ ժամը 13:45-ին յարձակեցաւ շէնքին վրայ: Քանի մը վայրկեան տեւած հրացանաձգութենէ ետք լսուեցան ուժեղ պայթումներ:
Շէնք մտնելով, ժամը 14:00-ին ոստիկանութիւնը փլատակներուն տակ գտաւ հայ վրիժառուներուն ածխացած դիակները:
Իրենց գերագոյն եւ գիտակից զոհաբերութեամբ Լիզպոնի Հինգը անժամանցելի պատգամ մը փոխանցեցին թէ՛ հայ ժողովուրդին եւ թէ՛ թրքական ցեղասպան պետութեան: Անոնց գերագոյն զոհաբերութիւնը դարձաւ խորհրդանիշ միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի տեսլականին: