Վերջին շրջանին Քուէյթի ազգային վարժարանի տեղափոխման նիւթը մտահոգութիւն յառաջացուցած է կրթական, ազգային եւ համայնքային շրջանակներուն մէջ: Այս հարցին շուրջ աւելի խոր պատկերացում կազմելու նպատակով Քուէյթի «Ազդարար» թերթը 1 յուլիսին հետեւեալ զրոյցը ունեցած է վարժարանի հիմնախնդրի յանձնախումբի ատենապետ Ժիրայր Սնապեանին հետ:
«ԱԶԴԱՐԱՐ».- Կրնա՞ք պատմել վարժարանի հիմնախնդրի յանձնախումբի ընդհանուր աշխատանքի մասին:
ԺԻՐԱՅՐ ՍՆԱՊԵԱՆ.- Վարժարանի հիմնախնդրի յանձնախումբը կազմուած է որպէս համակարգուած եւ մասնագիտական մարմին` դիմակայելու Քուէյթի քաղաքապետարանի որոշումին պատճառով յառաջացած գոյութենական մարտահրաւէրը: Յանձնախումբը յառաջացաւ 21 սեպտեմբեր 2025-ին գումարուած առաջին հանդիպումով` նախագահութեամբ Արտակ Ա. քհնյ. Քէհեայեանի: Այդ անդրանիկ նիստը կը նշէ գործընթացի կառուցակարգային մեկնարկը` անհատական մտահոգութիւնները վերածելով կազմակերպուած գործունէութեան:
Յանձնախումբը կը բաղկանայ տարբեր մարզերու հմուտ մասնագէտներէ` ընդգրկելով կրթական, իրաւական, ելեւմտական, շինարարական եւ վարչական փորձառութիւն ունեցող շուրջ տասը հիմնական անդամներէ: Այս կառուցուածքին նպատակն է ապահովել, որ որոշումները հիմնուին ոչ միայն համայնքային մտահոգութիւններուն, այլ նաեւ մասնագիտական հիմնաւորեալ գնահատումներու վրայ:
Յանձնախումբը ցարդ գումարած է 11 պաշտօնական նիստեր, որոնց միջոցով աշխատանքը աստիճանաբար զարգացած է` նախնական քննարկումներէն անցնելով գործնական քայլերու: Յանձնախումբը կը գործէ մեթոտական եղանակով` արձանագրութիւններով, յստակ օրակարգերով եւ հետեւողական քայլերով, ինչ որ կը վկայէ բարձր կազմակերպուածութեան մասին:
Յանձնախումբը իր գործունէութիւնը ծաւալած է բազմակողմանի ուսումնասիրութիւններով, ներառեալ` իրաւական քայլեր (պաշտօնական բողոքարկում), ելեւմտական վերլուծութիւններ, հողատարածքներու քննութիւն եւ տարբեր հաւանական տարբերակներու մշակում: Զուգահեռաբար պատրաստուած է «Պատահարի տեղեկագիր եւ ուսումնասիրութիւն» փաստաթուղթը, որ կը ներկայացնէ վարժարանին կացութիւնը` պատմական, ելեւմտական եւ իրաւական տեսանկիւններէ, դառնալով յանձնախումբի որոշումներուն հիմնական կռուանը:
Բացի ուսումնասիրական աշխատանքէն` յանձնախումբը սերտ հաղորդակցութեան մէջ է պետական եւ ազդեցիկ մարմիններու հետ, ինչպէս` կրթութեան նախարարութիւն, քաղաքապետարան եւ համայնքային այլ կառոյցներ: Այս գործունէութիւնը ցոյց կու տայ, որ յանձնախումբը չի սահմանափակուիր միայն ներքին քննարկումներով, այլ նպատակ ունի գտնելու իրատեսական, արդիւնաւէտ եւ գործնական լուծումներ` թէ՛ բացառութիւն ըլլալու, թէ՛ վարձակալութեամբ, կամ նորի մը կառուցմամբ շարունակելու դպրոցին գործունէութիւնը:
«Ա.».- Ո՞ր փուլին հասած են յանձնախումբի աշխատանքները, եւ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէք այսօր:
Ժ. Ս.- Այսօր յանձնախումբին աշխատանքները նախնական ուսումնասիրութեան փուլէն անցած են դէպի գործնական քայլերու եւ որոշումներու գործադրութեան փուլ: Նախնական փուլին յստակացաւ խնդիրին ամբողջական ըմբռնումը, իսկ ներկայիս ուշադրութիւնը կեդրոնացած է որոշակի լուծումներու իրականացման վրայ, ներառեալ` պետական մակարդակով բանակցութիւններն ու իրաւական քայլերը:
Յանձնախումբը, հետեւելով իրաւական ընթացակարգին, արդէն ներկայացուցած է համապատասխան դիմումնագիրը (բողոքագիրը) պատկան մարմիններուն եւ քայլ առ քայլ կը հետեւի օրինական ընթացակարգին ու անոր արդիւնքներուն` պատրաստ ըլլալով յաջորդող փուլերուն: Միեւնոյն ժամանակ կը շարունակուին բանակցութիւնները կրթութեան նախարարութեան եւ այլ պետական կառոյցներու հետ` ժամանակաւոր կամ մնայուն լուծումներ ապահովելու նպատակով:
Սակայն գործընթացը կը բախի լուրջ մարտահրաւէրներու: Գլխաւոր մարտահրաւէրներէն է ժամանակի սահմանափակումը` մինչեւ 2027-2028 կրթական տարեշրջանի վերջնական ժամկէտը, որմէ ետք վարժարաններու ներկայ արտօնագիրները չեն նորոգուիր: Այս իրավիճակը կը ստիպէ որդեգրել արագ, բայց միաժամանակ զգուշաւոր որոշումներ:
Աւելի՛ն. տնտեսական իրողութիւնները մեծ դեր կը խաղան: Նոր վարժարանի կառուցման համար անհրաժեշտ են մեծ հողատարածքներ, մինչդեռ հողերու գնման արժէքը չափազանց բարձր է` մօտաւորապէս 1.250-էն 1.500 քուէյթեան տինար մէկ քառակուսի մեթրի համար: Նոյնիսկ վարձակալութեան պարագային, ծախսերը հսկայական են (տարեկան մինչեւ 250.000- 300.000 տինար միայն հողատարածքի համար), ինչ որ համայնքային սահմանափակ միջոցներու լոյսին տակ որոշումներու կայացումը չափազանց կը բարդացնէ:
Ի վերջոյ, յանձնախումբը նաեւ կը դիմագրաւէ արտաքին գործօններ, ինչպիսիք են տարածաշրջանային զարգացումները եւ պետական որոշումներու անկանխատեսելիութիւնը, որոնք կը դանդաղեցնեն բանակցութիւնները եւ կը մեծցնեն անորոշութիւնը:
«Ա.».- Նոր հողամասի վայրին եւ ապագայ շինարարութեան ծախսերուն մասին ի՞նչ նախնական պատկերացում ունիք, եւ ի՞նչ աղբիւրներէ պիտի ապահովուին նիւթական միջոցները:
Ժ. Ս.- Նախ պէտք է ընդգծել, որ վարժարանին հիմնական հարստութիւնը այսօր իր ներկայ կալուածն է: Մեր նախորդներն ու համայնքի հիմնադիրները հեռատեսութիւն ունեցած են վարժարանը սեփական հողատարածքի վրայ կառուցելու, եւ այդ որոշումը այսօր անփոխարինելի ուժ եւ յենարան կը դառնայ մեզի համար: Այս կալուածին արժէքը կրնայ ծառայել իբրեւ հիմնական դրամագլուխ` նոր վարժարանի կառուցման համար, կամ իբրեւ ապահով ելեւմտական հիմք` վարժարանին երկարաժամկէտ ու կայուն գործունէութիւնը երաշխաւորելու նպատակով: Այլ դպրոցներ, որոնք նոյնպէս ստիպուած են տեղափոխուիլ, յաճախ զուրկ են սեփական կալուած ունենալու հնարաւորութենէն եւ ստիպուած են սկսիլ զերոյէն, մինչդեռ մեր վարժարանը ունի պատմականօրէն կուտակուած եւ իրական արժէք ներկայացնող յենարան մը:
Սակայն պարզ է, որ միայն այս արժէքը չի բաւեր ամբողջ ծրագիրը իրականացնելու համար, նկատի ունենալով նաեւ տեղափոխման ծախսերն ու շինարարութեան ընդհանուր պիւտճէն: Նախնական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ նոր դպրոց կառուցելու կամ վարժարանին ապահով եւ կայուն գործունէութիւնը շարունակելու համար կայ լուրջ նիւթական մարտահրաւէր: Ըստ ներկայացուած գնահատականներուն, սեփական հողատարածքի վրայ ծրագիրը իրագործելու համար կայ առնուազն շուրջ 1,5 միլիոն քուէյթեան տինարի ելեւմտական բաց, որ կը պահանջէ արտաքին աղբիւրներու ներգրաւում:
Միեւնոյն ժամանակ քննարկուած են բազմաթիւ ուղղութիւններ, ներառեալ` ներկայ կալուածի վաճառքը կամ անոր բարելաւումը (օրինակ` բնակարանային համալիրներու կառուցում), ապա` գոյացած եկամուտով նոր դպրոցի կառուցումը կամ հողատարածքի վարձակալութիւնը: Այս տարբերակները կը միտին համատեղել սեփական միջոցներու օգտագործումն ու ներդրումային մօտեցումները:
Ելեւմտական աղբիւրներու առումով, քննարկուած են բազմաթիւ ուղղութիւններ, ներառեալ` հնարաւոր գործընկերներու ներգրաւում (joint venture), դրամատնային վարկեր, համայնքային աջակցութիւն եւ պետական օգնութիւն: Ասկէ զատ` նախարարութեան կողմէ վարձակալութեամբ տարածք տրամադրելու տարբերակը կը դիտուի` որպէս աւելի իրատեսական, նիւթապէս հնարաւոր եւ յարմար անմիջական լուծում:
«Ա.».- Ծնողներն ու հայ գաղութի անդամները ինչպէ՞ս ներգրաւուած են այս գործընթացին մէջ եւ ի՞նչ ձեւերով կրնան անոնք նեցուկ կանգնիլ եւ աջակցիլ յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Ժ. Ս.- Գործընթացին սկիզբէն իսկ մեծ կարեւորութիւն տրուած է համայնքային լայն մասնակցութեան: Յանձնախումբի կազմաւորումէն առաջ իսկ համայնքի իրաւասու մարմինները կազմակերպած են հանդիպումներ Ասպետներու, նախկին ատենապետներու եւ տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ` կարծիքներ լսելու եւ աջակցութիւն հաւաքագրելու նպատակով:
Բացի այդ, արդէն սկսած ենք իրազեկման աշխատանքներու` համայնքային լրատուամիջոցներու օգնութեամբ: Օրինակ` «Ազդարար»-ի հարցազրոյցները կը ծառայեն որպէս հաղորդակցութեան միջոց` ներկայացնելու յանձնախումբին աշխատանքները եւ վստահութիւն ստեղծելու հասարակութեան մէջ:
Գաղութի անդամները կրնան աջակցիլ բազմաթիւ ձեւերով: Նիւթական աջակցութիւնը բնականաբար կարեւոր է, սակայն ոչ պակաս կարեւոր է մասնագիտական օժանդակութիւնը: Երբ վերջնական տարբերակի շուրջ հասնինք աւելի յառաջացած փուլի, կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ ներգրաւել բազմաթիւ այլ մասնագէտներու եւ փորձառու անձերու աջակցութիւնը: Յանձնախումբը կը ծրագրէ կազմել ենթայանձնախումբեր` ընդհանուր ծրագրի շրջանակէն ներս, որոշակի առաջադրանքներ ստանձնելու համար: Մենք պիտի ձգտինք համայնքի անդամներու կարողութիւնները ներգրաւել այս ենթայանձնախումբերու աշխատանքներուն մէջ:
Այլ կարեւոր գործօն է համայնքի կապերու սերտացումը` պետական եւ ազդեցիկ շրջանակներու հետ, որոնք կրնան նպաստել բարձր մակարդակի միջամտութիւններու: Յանձնախումբը նաեւ ընդգծած է հանրային աջակցութեան կարեւորութիւնը` հարցը որպէս առաջնահերթ համայնքային խնդիր պահպանելու համար:
Վերջապէս, համայնքային ներգրաւուածութիւնը ոչ միայն օժանդակութեան, այլ նաեւ վստահութեան եւ միասնականութեան ցուցանիշ է, որ մեր հարազատ դպրոցի գոյութեան վտանգը կը վերածէ ամբողջ գաղութին համար կենսական հարցի:
Այստեղ կ’ուզեմ յանձնախումբին անունով մեր խորին շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնել Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արսէն Առաքելեանին` իր ցուցաբերած արժէքաւոր աջակցութեան համար: Իր նախաձեռնութեամբ, ան ներկայ գտնուեցաւ յանձնախումբի նիստերէն մէկուն` վերահաստատելու իր լիակատար գործակցութիւնն ու աջակցութիւնը յանձնախումբի առաքելութեան յաջողութեան ուղղութեամբ: Հետագային ան կարեւոր դեր ունեցաւ տեղական իշխանութիւններուն հետ կայացած կարեւոր հանդիպումներու կազմակերպման եւ անոնց մասնակցութեան ապահովման գծով:
«Ա.».- Ի՞նչ պատգամ ունիք այն ծնողներուն, որոնք մտահոգ են, թէ այս տեղափոխութիւնը կրնայ վարժարանին փակման առաջնորդել:
Ժ. Ս.- Կարեւորագոյն պատգամը այն է, որ այս գործընթացին նպատակը բնաւ վարժարանը փակելը չէ, այլ` անոր շարունակական գործունէութիւնն ու երկարաժամկէտ գոյատեւութիւնը ապահովելը: Վարժարանը մեր համայնքի հիմնասիւներէն մէկն է ոչ միայն կրթական, այլ նաեւ` ազգային ինքնութեան, լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման տեսանկիւնէն:
Քուէյթի հայկական վարժարանը կը գործէ 1960-ական թուականներէն ի վեր եւ մինչեւ այսօր կը մնայ միակ հաստատութիւնը, ուր կը դասաւանդուին հայոց լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը: Ան շուրջ 300 աշակերտի կը ծառայէ եւ առանցքային դեր կը կատարէ համայնքի գոյատեւման գործին մէջ:
Յանձնախումբը լիովին գիտակցած է այս պատասխանատուութեան կարեւորութեան եւ կը գործէ բազմաթիւ ուղղութիւններով` գտնելու համար այնպիսի լուծումներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն մեր աշակերտներու ուսումնական կարիքներու բաւարարման շարունակականութիւնը: Արդէն իսկ գոյութիւն ունին դրական ազդակներ պետական մակարդակի վրայ, ներառեալ` նախարարութեան աջակցութեան պատրաստակամութիւնը:
Ծնողներուն մտահոգութիւնները բնական եւ հասկնալի են, սակայն կրնանք վստահեցնել, որ աշխատանքը կը կատարուի համակարգուած եւ մասնագիտական ու պատասխանատու մօտեցումով: Յանձնախումբը կը ձգտի ընտրել այնպիսի լուծումներ, որոնք ոչ միայն կարճաժամկէտ, այլ նաեւ երկարաժամկէտ հեռանկարով ապահովեն վարժարանի կայուն զարգացումն ու շարունակականութիւնը:
Վերջապէս, հիմնական պատգամը վստահութիւնն ու համբերութիւնն է: Այս գործընթացը բարդ է եւ ժամանակ կը պահանջէ, սակայն նպատակը յստակ է` պահպանել, ամրապնդել եւ զարգացնել Քուէյթի ազգային վարժարանը` որպէս համայնքի ապագայ սերունդներուն ծառայող հաստատութիւն: