Իզէտտին. «Հանրապետութեան Նախագահին Լիբանանի Կարողութեան Եւ Ուժի Զէնքը Խլելուն Վրայ Պնդելը Զինք Մղած Է Թշնամիի Նպատակներուն Միանալու»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին յայտնեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի յամառութիւնն ու ուղղակի բանակցութիւններու տարբերակը շարունակելու յամառութիւնը, ինչպէս նաեւ իր դիրքորոշումներէն հրաժարիլը իրականութեան մէջ ներքին բեմը կը դնէ ուղղահայեաց բաժանման առջեւ, կը թուլացնէ ազգային փոխըմբռնումն ու համաձայնութիւնը, զինք կը հեռացնէ բոլոր լիբանանցիներու նախագահը ըլլալէն, դառնալու համար լիբանանցիներու մէկ խմբակին նախագահը եւ նախագահութեան դիրքը սեփականութիւնը կը վերածէ խմբակի մը` առանց հայրենիքի գործընկերներու, եւ ատիկա պիտի ազդէ քաղաքացիական խաղաղութեան, կայունութեան ու հանդարտութեան վրայ»:

«Հանրապետութեան նախագահին Լիբանանի կարողութեան եւ ուժի զէնքը խլելուն վրայ պնդելը զինք մղած է թշնամիի նպատակներուն միանալու` նկատի ունենալով, որ հեռացման գործողութիւնը, վերաշինութիւնը եւ Լիբանանին տնտեսապէս օգնելը կախեալ են Դիմադրութեան զինաթափման այս պայմանէն, թէեւ Դիմադրութեան զէնքը խլելը համազօր է հայրենիքի պաշտպանութեան համար  եւ ազատ, գերիշխան ու անկախ մնալու համար այդ զէնքը կրողներուն հոգին խլելուն», ըսաւ երեսփոխանը:

«Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւնները լքեցին լիբանանեան հողերուն մէկ մասը, որովհետեւ հարաւային Լիբանանը յանձնեցին իսրայէլացի թշնամիին, ինչ որ բացայայտ դաւաճանութիւն ու ոճիր է եւ թշնամիին առջեւ ամբողջական քայքայում», յայտնեց ան:

«Քաղաքական իշխանութեան գործելաոճը կը հաստատէ անոր անմտութիւնը, տգիտութիւնը, թերացումը եւ թշնամիին իրականութիւնը, Լիբանանի գոյութեան իսկական վտանգ ներկայացնող ծաւալապաշտական ծրագիրներու հասկացողութեան պակասը, եւ հայրենիքը իր բոլոր զաւակներուն համար վերջնական է իր գոյատեւումով եւ շարունակումով», նշեց Իզէտտին:

«Քաղաքական իշխանութիւնը իր կամքին մէջ ինքզինք պարտութեան մատնեց, նախքան թշնամին իր պայմանները անոր պարտադրելը, այնպէս որ, երբ նախաձեռնութիւն ցուցաբերեց եւ համաձայնեցաւ Հարաւէն ու իր հողերէն հրաժարիլ եւ թշնամիին մնալուն գայթակղութեան ենթարկուեցաւ, անիկա ձրիաբար այս պարտութիւնը տուաւ բանակցութիւնները սկսելէն առաջ, եւ ասիկա զայն պատասխանատուութեան կ՛ենթարկէ Լիբանանի գերիշխանութեան նկատմամբ իր ամփութութեան եւ այս ազգի հողերուն մէկ մասը զիջելուն համար», յայտնեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը:

«Շրջագծային համաձայնագիրը իրականութեան մէջ ունի մէկ էական կէտ, որ իր հաւասարը չունի` թշնամիին Լիբանանի կարողութեան եւ ուժի զէնքը խլելու համար հսկայական ջանքեր թափելը խնայել: Երբ Ուաշինկթընի մէջ այս համաձայնութեան կէտերը բանաձեւուեցան, դէմ եղող կողմեր չկային, այլ անոնք բոլորն ալ ունէին նոյն հարցը` խլել Դիմադրութեան զէնքը, որ թշնամիի ապահովութեան եւ Պաղեստինի հողը բռնագրաւած բնակեցուածներու բարօրութեան վտանգ կը ներկայացնէ», յայտնեց Իզէտտին:

Leave a Comment