Սէրը Կամ Դրամը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՏՈՔԹ. ՓԱՕԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

9-10 տարուան փորձառութենէս, երբ մեր Ազգային առաջնորդարանին մէջ Դատաստանական խորհուրդի անդամ էի, կրցայ ըմբռնել, թէ զանազան գանգատներով ամուսնալուծման դիմող ամուսնացեալ զոյգերուն  մեծամասնութեան հարցը նիւթականն էր:

Ճիշդ է, որ 2 անձեր զիրար պիտի սիրեն, միանան եւ ընտանիք կազմեն, բայց ճիշդ է նաեւ, որ իրենց կեանքը պիտի հիմնուի յստակ իրականութիւններու վրայ:

Դժբախտաբար շա՜տ շատեր այս հարցին մօտեցած են կարգ մը խոստումներով եւ մեծ մասամբ` սուտերով…

Հիմնականօրէն զոյգի մը մօտեցումը շատ անգամ կրնայ իրական սիրային կապի մը արդիւնք ըլլալ, բայց շատ անգամ, մանաւանդ կնոջ կողմէն, փախուստ տալ է` իր շրջանակէն, իր աղքատ կամ խիստ ընտանիքէն եւ հաւատալ` դիմացի ապագայ ամուսինին խոստումներուն:

Երբ այդ խոստումները չիրագործուին, օրինակ` եթէ կինը ստիպուի սեփական տան չգոյութեան պատճառով ամուսնոյն ընտանիքին հետ ապրիլ, կամ զանազան նիւթական պատճառներէ հարցեր բխին, ի յայտ կու գան բազմաթիւ սուտեր, որոնք նշանտուքի կամ խօսքկապի ատեն ըսուած էին:

Բժիշկի փորձառութեամբ գիտեմ, որ բազմաթիւ զոյգեր չամուսնացած` մեր դարմանատուները կ’այցելեն եւ հարկ եղած սկզբնական պետական քննութիւնները կատարելով` բժիշկէն առողջապահական արտօնագիր կ’առնեն… Հոն, մենք չենք անդրադառնար, թէ իրենց միջեւ ի՛նչ ընտանեկան համաձայնութիւններ տեղի ունեցած են, որովհետեւ իբրեւ սիրահարած զոյգեր, իրարու ձեռք բռնած` մեր քով կը ներկայանան…

1 կամ 2 տարի ետք նոյն զոյգը առաջնորդարանին դատարանին կը դիմէ եւ հոն զիս տեսնելով` կը զարմանար, թէ ես հոն ի՛նչ դեր ունիմ:

Հոն, դատարանին առջեւ, շուն ու կատուի պէս, երբեմն փաստաբաններով, զիրար կը քարկոծէին, եւ հիմնական նիւթը` դրամը կ՛ըլլար… այսինքն` տոլար ըսուած թուղթը, որ իշխած էր` զգացումներու վրայ, սիրոյ վրայ, ընտանիք կազմելու կամ ընտանիք պահելու իրաւունքներուն վրայ. սէրը անհետացած էր, խօսքը տոլարին էր…

Բախտաւորութիւն էր, եթէ զաւակ չունենային. հարցը աւելի դիւրին կ’ընթանար եւ յարմար լուծումի կը հասնէր:

Դատական մարմինի անդամ ըլլալը ձեւով մը ապերախտ գործ է, որովհետեւ 2 կողմերը քու յաճախորդներդ կ՛ըլլան, եւ դուն չես կրնար 2 կողմերը հաւասարապէս գոհացնել,  այդպիսով ալ զոհ կ’երթաս անոնց ըսի-ըսաւներուն:

Կեանքի փորձառութիւն մըն էր, մօտ` 10 տարուան, որ մեզի շատ բաներ սորվեցուց:

Եթէ մօտէն քննարկենք հարցերը, կը զգանք, թէ «նիւթական»-ն ու «սիրային»-ը որքա՛ն սուր մրցակցութեան մէջ են իրարու հետ:

Շատ անգամ յատուկ ձեւով կը հետեւիմ այսպիսի նիւթերու եւ կը հաւատամ, որ գոյութիւն ունի իսկական սէր, որուն համար մեծ անձնաւորութիւններ իրենց թագաւորութիւնը լքած են կամ իրենց իշխանական կեանքը զոհած են իրենց սիրած անձին համար:

Անշուշտ պատմութեան մէջ շատ դէպքեր գոյութիւն ունին, բայց հոս 2 տարբեր օրինակներ պիտի յիշեմ.

1.- Էտուըրտ Ը. թագաւոր, Անգլիա
2.- Մաքօ Աքիշինօ իշխանուհի, Ճափոն

1.- Էտուըրտ Ը. թագաւորը

Ծնած` 23 յունիս 1894-ին, ճանչցուած էր իբրեւ Ուինտսըրի դուքս (Duke of Windsor), Անգլիոյ թագաւորն էր եւ անգլիական ընդհանուր կայսրութեան տիրապետութեան իշխանն ու կառավարիչը 1936-էն մինչեւ իր հրաժարիլը` դեկտեմբեր 1936-ին (նոյն տարին):

Այս թագաւորին պատմութիւնը շատ մելան հոսեցուց աշխարհին մէջ, սակայն` ոչ թէ իր քաջագործութիւններուն կամ պատերազմի յաջողութիւններուն համար, այլ` պարզապէս իր հաւատարիմ սիրոյն համար…

Արդարեւ, Էտուըրտ Ը. թագաւորը ձգեց իր թագաւորութիւնը, իր կայսրութիւնը, իր հոյակապ հարստութիւնը… իր բարձր աթոռը, որպէսզի կարենայ ամուսնանալ իր սիրած անձին` Ուալիս Սիմփսոնի հետ:

Ուալիս Սիմփսոն ծնած է 19 յունիս 1896-ին, ամերիկացի կին մըն էր, որ նախապէս ամուսնացած էր Ուին Սփենսըր անունով ամերիկացի նաւատորմի սպայի մը հետ, որմէ բաժնուած եւ 2-րդ ամուսնութիւն մը կնքած էր Էռնեսթ Սիմփսոն հարուստ փաստաբանին հետ…

5 տարի ետք, երբ Էտուարտ Ը. թագաւոր հռչակուեցաւ Անգլիոյ եւ անգլիական կայսրութեան, Ուալիս Սիմփսոնը բաժնուեցաւ իր երկրորդ ամուսինէն եւ Էտուըրտ թագաւորին հետ սկսաւ լրջօրէն ամուսնութիւն ծրագրել:

Երբ ամուսնութեան նիւթը տարածուեցաւ,  աշխարհը իրար անցաւ… Կարելի՞ էր, որ 2 անգամ ամուսնալուծուած կին մը Անգլիոյ թագաւորի մը հետ ամուսնանար…

Մամուլը ոտքի ելաւ… եւ Անգլիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց սահմանադրական տագնապ, օրէնքներուն համաձայն, կարելի չէր այս տեսակ ամուսնութիւն մը կնքուէր:

Բայց սէրը յաղթեց. Էտուըրտ Ը. թագաւորը լքեց իր գահը եւ զայն յանձնեց իր եղբօր:

Այս դէպքը շատ աղմուկ բարձրացուց այդ օրերուն ընկերութեան մէջ եւ տարիներու ընթացքին նշանաւոր նիւթ դարձաւ:

2.- Մաքօ Աքիշինօ իշխանուհին

Ճափոնի Հիրօ Հիթօ կայսեր թոռնիկը եւ Աքի Հիթօ  ներկայ կայսեր աղջիկը… նոյն օրինակին հետեւեցաւ: Համալսարանի տարիներուն հանդիպեցաւ ճափոնցի Քի Քամուրօ անունով երիտասարդի մը, որ փաստաբանութիւն կ՛ուսանէր եւ պարզ ժողովրդային մակարդակ ունէր: Նոյն համալսարանը կը յաճախէին եւ իրենց մէջ սիրային զգացումներ արթնցան, անոնք լրջօրէն համաձայնեցան իրենց յարաբերութիւնը ամուսնութեամբ պսակել:

Մաքօ Աքիշինօ Ճափոնի կայսրութեան պատկանող ընտանեկան խիստ օրէնքներուն ստիպուած էր հետեւիլ եւ չէր կրնար ժողովրդային մակարդակի անձի մը հետ ամուսնանալ. ըստ իրենց օրէնքներուն, ճափոնցի իշխան մը կրնար ժողովուրդի մակարդակի աղջկան մը հետ ամուսնանալ, բայց հակառակը` այսինքն իշխանուհի մը իրաւունք չունէր ժողովուրդի մակարդակի տղու մը հետ ամուսնանալու: Օրէնքը այս ձեւով որոշուած էր:

Հանգոյցները շատ էին, եւ ստիպուած պէտք էր մոռնար իր սրտին փափաքը…

Մէկ լուծում կար, այդ ալ այն էր, որ իբրեւ իշխանուհի` պէտք էր հեռանար իր ընտանիքէն, իր տիտղոսէն, իր դրամական իրաւունքներէն, իր  ստացած պալատէն, տուներէն, հողերէն…

Երկրին մէջ շատ ժողովրդային աղմուկ բարձրացաւ… Թերթերը, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայանները օրական այս նիւթով զբաղեցան, ժողովրդային ցոյցեր եղան ի նպաստ իշխանուհիին, եւ ցոյցեր եղան իր սիրած անձին դէմ` Քի Քամուրոյի, զոր յանդիմանեցին` ըսելով, թէ ըրածը պարզապէս հարստութիւն եւ համբաւ որսալ էր:

Այս խնդիրը գրեթէ 5 տարի տեւեց`  2012-2017. ցնցեց կայսերական ընտանիքն ու ամբողջ Ճափոնը:

2017-ին Մաքօ Աքիշինօ որոշում տուաւ եւ իր բոլոր իրաւունքներէն հրաժարեցաւ:

Բայց հակառակ իր որոշումին` 4 տարի եւս այս հարցը շարունակուեցաւ, որովհետեւ երկրին մէջ տագնապ ստեղծեց, թէ` ինչո՞ւ իշխան մը կրնար ժողովուրդէն աղջկան մը հետ ամուսնանալ, եւ իշխանուհի մը այդ իրաւունքը չունէր…

Այս հարցը  ստեղծեց սահմանադրական բախում մը, որ 4 տարի եւս զբաղեցուց Ճափոնը:

Վերջաւորութեան օրէնքը օրէնք մնաց…

Մաքօ Աքիշինօ  իշխանուհին հեռացաւ իր ընտանիքէն` հրաժարելով իր բոլոր իրաւունքներէն, նոյնիսկ` դրամէն, որ ունէր իր հաշիւին մէջ (1.300.000 տոլար), հակառակ անոր որ անոր ընտանիքը ամէն ջանք ի գործ դրաւ զինք համոզելու:

Ի վերջոյ, հոկտեմբեր 2021-ին ան պալատը ձգեց եւ 2 պայուսակով հեռացաւ. ապա պարզ եւ գաղտնի ամուսնութիւն մը կնքեց քանի մը հարազատ անձերով, որովհետեւ իր ամուսինը ըլլալիք անձին դէմ ցոյցերը սկսած էին անհակակշռելի դառնալ: Անոնք ամբողջ երկիրը ձգելով` հաստատուեցան Նիւ Եորք, ուր իր ամուսինը փաստաբանութեան գործով զբաղեցաւ:

Հակառակ Ճափոնէն անոր հեռանալուն` ճափոնցի կարգ մը լրագրողներ եւ նոյնիսկ օտարներ զիրենք հետապնդեցին, եւ Նիւ Եորքի  Մանհաթըն  թաղին մէջ, ուր կ՛ապրէին, իշխանուհին նկարեցին, տեսերիզի արձանագրեցին, եւ հոն երեւան ելաւ, թէ Ճափոնի իշխանուհին կապոյտ ճինզով եւ պարզ հագուստներով շուկաներէն գնում կ’ընէր, իր գնած ապրանքները շալկելով եւ մեթրոյով փոխադրուելով` շատ պարզ կեանք մը կ՛ապրէր:

Այս նկարները եւ տեսերիզի արձանագրութիւնները Ճափոնի մէջ մեծ ցնցում ստեղծեցին ժողովուրդին մէջ, որ հետեւած էր այս իշխանուհիին հարցին…

Այս բոլոր առանձնաշնորհումները կորսնցնելով հանդերձ, այդ իշխանուհին շահեցաւ սէրը, մնացած երեւոյթները` ադամանդները,  ոսկիները, տուները, պալատները, շէնքերը իրեն համար արժէք չունէին… մէկ խօսքով, ան ընտրեց սէրը եւ ոչ դրամը:

Դժբախտաբար այս տեսակ որոշումները մատի վրայ կը հաշւըուին, վստահաբար ուրիշ երկիրներու մէջ եւս նման պարագաներ գոյութիւն ունեցած են:

Ամէն անգամ որ մեր դատարանին մէջ բաժնուած զոյգերը զիրար բզկտելու կու գային, 80 տոկոսը` դրամական կամ ժառանգական պատճառներով, միտքս կ’երթար Էտուըրտ Ը. թագաւորին  կամ Մաքօ Աքիշինօ  իշխանուհիին, որոնք քաջութիւնը ունեցած են իսկական սիրոյ զոհ երթալու… զգացում մը, որուն արժէքը շատեր չեն գիտցած:

Մեր դատարաններուն մէջ կռիւը հիմնուած է ժառանգութեան, ոսկիի կամ դրամի խոստումներու վրայ, որոնք չեն իրագործուած` շատ անգամ երկրի  տնտեսական վատ պայմաններուն պատճառով:

Կիները իրենց ամուսինները կը վարկաբեկեն` ըսելով, թէ` «Խօսք տուած էր, որ իրեն ինքնաշարժ պիտի գնէր, կամ տունը իր անունին պիտի արձանագրէր… կամ ոսկեղէն պիտի գնէր… բայց ստախօս անձ մըն է… եւ ես իրեն չեմ ուզեր այլեւս… եւ բաժանում կը պահանջեմ…»:

Եթէ ամուսինը այդ նիւթական կարողութիւնը ունենար եւ կարենար գոհացնել այդ կնոջ պահանջները,  ամուսնալուծումը տեղի չէր ունենար:

Ուրեմն, եզրակացութիւն… Տոլար չկա՞յ, սէր չկա՞յ… Որոշումը յստակ է. այս օրերուն դժբախտաբար սէրը կրնանք աղբաման նետել… կարեւորը` դրամէն լուր տուէք…

 

Leave a Comment