Հայաստան-Սփիւռք. Զգացական Կապէն Դէպի Պետական Մտածողութիւն Եւ Ռազմավարական Գործընկերութիւն

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւնները մեր ազգային կեանքի ամէնէն կենսական, բայց նաեւ ամէնէն նուրբ եւ բարդ հարցերէն մէկը կը կազմեն: Այս յարաբերութիւնները ծնունդ առած են` պատմական յիշողութենէն, նոյն արմատին պատկանելու գիտակցութենէն, հայրենիքի հանդէպ սիրոյն եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած ազգային զգացումէն: Սակայն ժամանակները փոխուած են, աշխարհը` եւս, իսկ Հայաստանի ու սփիւռքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները այսօր կը պահանջեն, որ այդ կապը այլեւս չսահմանափակուի միայն յուզական հայրենասիրութեամբ, բարեսիրական նախաձեռնութիւններով կամ ճգնաժամերու պահուն արտայայտուող համախմբումով: Անհրաժեշտ է զայն վերածել հասուն, փոխադարձ պատասխանատուութեան վրայ հիմնուած եւ ապագային միտող ռազմավարական գործընկերութեան:

Հայաստանի մէջ ապրող հայն ու սփիւռքի հայը նոյն ժողովուրդին զաւակներն են, սակայն անոնց կեանքի պայմանները, փորձառութիւնները եւ մտահոգութիւնները նոյնը չեն: Հայաստանի քաղաքացին ամէն օր կ՛ապրի պետութեան անվտանգութեան, տնտեսութեան, ներքին կառավարման եւ արտաքին քաղաքական որոշումներուն անմիջական հետեւանքները: Սփիւռքահայը, իր կարգին, ազգային հարցերուն կը մօտենայ` իր բնակած երկրի իրականութենէն, իր համայնքի պատմական փորձառութենէն, իր մշակութային դիմագիծը պահպանելու պայքարէն եւ երբեմն ալ կորսուելու մտավախութենէն ելլելով: Այս տարբերութիւնը պէտք չէ դիտել իբրեւ բաժանարար գիծ: Ընդհակառակը, ան կրնայ դառնալ փոխադարձ հարստացման աղբիւր, եթէ Հայաստան եւ սփիւռք սորվին զիրար լսել` առանց նախապաշարումի եւ զիրար գնահատել` առանց գերակայութեան զգացումի:

Նախ անհրաժեշտ է ընդունիլ, որ սփիւռքը միատարր մարմին մը չէ: Լիբանանի, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Արժանթինի, Աւստրալիոյ եւ աշխարհի այլ երկիրներու հայ համայնքները տարբեր պատմութիւն, կազմակերպական կեանք, լեզուական վիճակ, քաղաքական մշակոյթ եւ առաջնահերթութիւններ ունին: Ուստի կարելի չէ սփիւռքի բոլոր համայնքներուն հետ յարաբերիլ նոյն ձեւով կամ զանոնք դիտել իբրեւ մէկ ձայնով խօսող ամբողջութիւն: Համահայկական քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ ճկուն, խորաթափանց եւ իւրաքանչիւր համայնքի առանձնայատկութիւններուն համապատասխան:

Սակայն սփիւռքը միաժամանակ պարտաւոր է գիտակցիլ, որ Հայաստանը միայն պատմական հայրենիք, զգացական հանգրուան կամ ազգային երազանք չէ: Հայաստանը պետութիւն է` ինքնիշխան պետականութեամբ, սահմանադրութեամբ, պետական հաստատութիւններով, միջազգային պարտաւորութիւններով, անվտանգութեան խնդիրներով եւ իր գոյութեան համար մղուող ամէնօրեայ պայքարով: Իսկ պետութիւնները կ՛ունենան իրենց ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, միշտ չէ, որ կրնայ համապատասխանել սփիւռքի բոլոր շրջանակներուն ակնկալութիւններուն, գաղափարական մօտեցումներուն կամ ցանկութիւններուն: Այս իրողութիւնը ընդունիլը հայրենասիրութենէ հեռացում չէ, այլ` պետական մտածողութեան հասուն արտայայտութիւն:

Այստեղ անհրաժեշտ է յստակ սահմանում կատարել հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու կամ գաղափարական հոսանքներու ցանկութիւններուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական քաղաքականութեան միջեւ: Որեւէ կուսակցութիւն, որքան ալ հարուստ պատմութիւն, ազգային ծառայութիւն կամ ազդեցութիւն ունեցած ըլլայ, չի կրնար իր ծրագիրն ու քաղաքական պատկերացումները նոյնացնել պետութեան ամբողջական շահերուն հետ: Պետութիւնը պարտաւոր է գործել ոչ թէ կուսակցական զգացումով, այլ պետական պատասխանատուութեամբ` նկատի ունենալով երկրի անվտանգութիւնը, ժողովուրդի բարօրութիւնը, միջազգային յարաբերութիւնները եւ երկարաժամկէտ ազգային շահը:

Սակայն պետական իրատեսութիւնը երբեք պէտք չէ վերածուի ազգային ինքնութեան հիմնական սիւներուն նկատմամբ անտարբերութեան կամ հրաժարումի: Հայաստանի Հանրապետութիւնը` հայկական պետականութեան կրողը, պարտաւոր է կառչած մնալ` մեր ազգային խորհրդանիշներուն, պատմական յիշողութեան, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, պահանջատիրական պայքարին, հայոց լեզուի, ազգային մշակոյթի եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանութեան: Այս հիմնահարցերը չեն պատկանիր միայն սփիւռքին կամ առանձին քաղաքական ուժերու: Անոնք ամբողջ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներուն, արժանապատուութեան եւ գոյութեան շարունակականութեան հետ կապուած համազգային հարցեր են:

Պահանջատիրութիւնը պէտք է վերածուի պետական մտածողութեամբ առաջնորդուող, միջազգային իրաւունքի, դիւանագիտութեան, պատմագիտական ճշմարտութեան եւ ազգային անվտանգութեան պահանջներուն համապատասխան երկարաժամկէտ քաղաքականութեան: Պետական իրատեսութիւնն ու ազգային հաւատարմութիւնը իրարու հակադիր հասկացողութիւններ չեն: Ճիշդ հակառակը,  իսկական պետականութիւնը կը պահանջէ իրապաշտ ըլլալ` առանց ազգային յիշողութիւնը ուրանալու, իսկ ազգային հաւատարմութիւնը կը պահանջէ նպատակասլաց ըլլալ` առանց պետութեան գոյութիւնը վտանգելու:

Սփիւռքահայը, անշուշտ, իրաւունք ունի կարծիք յայտնելու, քննադատելու, մտահոգութիւն բարձրացնելու եւ ազգային հարցերու շուրջ դիրքորոշում ունենալու: Սակայն պէտք է նաեւ ընդունի, որ պետական որոշումներու վերջնական պատասխանատուութիւնը կը կրէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որովհետեւ այդ որոշումներուն հետեւանքները առաջին հերթին կը կրեն Հայաստանի քաղաքացիները: Միւս կողմէ` Հայաստանի իշխանութիւնները եւս պէտք չէ սփիւռքը դիտեն միայն դրամական օգնութեան աղբիւր, արտաքին քարոզչութեան միջոց կամ ճգնաժամերու պահուն դիմելի ուժ: Սփիւռքը հայկական աշխարհի անբաժանելի մասն է` իր հաստատութիւններով, մտաւորական ներուժով, տնտեսական կարողութիւններով եւ բազմամեայ փորձառութեամբ:

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ այսօր առկայ է նաեւ փոխադարձ վստահութեան բացակայութիւն մը: Սփիւռքի մէջ յաճախ կը հնչէ այն մտահոգութիւնը, թէ իր ձայնը չի լսուիր, իր փորձառութիւնը չի գնահատուիր, իսկ իր մասնակցութիւնը կը սահմանափակուի նուիրատուութեամբ: Հայաստանի մէջ ալ երբեմն կը ձեւաւորուի այն համոզումը, թէ սփիւռքը հեռուէն խորհուրդներ կու տայ այնպիսի հարցերու շուրջ, որոնց ծանր հետեւանքները ինք անմիջականօրէն չի կրեր: Այս կացութիւնը կարելի չէ յաղթահարել միայն կոչերով: Անհրաժեշտ են մնայուն եւ վստահելի հարթակներ, ուր կողմերը կրնան բաց խօսիլ, տարակարծիք ըլլալ` առանց թշնամանալու, քննադատել` առանց պառակտելու, եւ համաձայնութեան հասնիլ` առանց սեփական արժանապատուութիւնը կորսնցնելու:

Ժամանակն է նաեւ, որ Հայաստան-սփիւռք կապը բարեգործական յարաբերութենէն անցնի գործընկերային մտածողութեան: Բարեսիրութիւնը միշտ ալ պիտի ունենայ իր կարեւոր տեղը, յատկապէս` աղէտներու, պատերազմներու եւ ընկերային դժուարութիւններու ժամանակ: Սակայն հայրենիքը երկարաժամկէտ կերպով չի զարգանար միայն հանգանակութիւններով: Զարգացումը կը պահանջէ` ներդրում, տնտեսութիւն, արտադրութիւն, գիտելիք, նորարարութիւն, աշխատանքային մշակոյթ եւ վստահելի հաստատութիւններ: Սփիւռքի տնտեսական ներուժը պէտք է ուղղուի ոչ միայն օգնութեան, այլեւ` աշխատատեղերու ստեղծման, ձեռնարկատիրութեան զարգացման, միջազգային շուկաներու հետ կապերու ամրապնդման եւ նոր արհեստագիտութիւններու ներմուծման: Իսկ Հայաստանի պարտականութիւնն է ստեղծել թափանցիկ, արդար եւ վստահութիւն ներշնչող միջավայր:

Սփիւռքի մեծագոյն հարստութիւններէն մէկը իր մասնագիտական ներուժն է: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը գործեն` հայ գիտնականներ, բժիշկներ, ճարտարագէտներ, տնտեսագէտներ, իրաւաբաններ, կրթական մշակներ, արուեստագէտներ եւ գործարարներ: Անոնց փորձառութիւնը երբեմն շատ աւելի արժէքաւոր կրնայ ըլլալ, քան դրամական նուիրատուութիւնը: Անհրաժեշտ է ստեղծել համահայկական մասնագիտական ցանցեր եւ գործուն համակարգեր, որոնց միջոցով սփիւռքի կարող ուժերը կրնան մասնակցիլ Հայաստանի գիտական, կրթական, տնտեսական եւ պետական զարգացման: Միշտ չէ, որ հայրենիքին ծառայելը կը նշանակէ հայրենիք տեղափոխուիլ. երբեմն կը նշանակէ` գիտելիք փոխանցել, դուռ բանալ, կապ ստեղծել կամ պատասխանատու նախագիծ մը ստանձնել:

Առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանի է երիտասարդ սերունդը: Սփիւռքի նոր սերունդներուն համար Հայաստանը պէտք չէ մնայ միայն ընտանեկան պատմութիւններու, անցեալի վէրքերու կամ խորհրդանշական հայրենասիրութեան երկիր: Ան պէտք է դառնայ ապրող, շօշափելի եւ անձնական իրականութիւն: Երիտասարդը պէտք է Հայաստանին ծանօթանայ ոչ միայն գիրքերէն ու հանդիսութիւններէն, այլեւ` այցելութեամբ, ուսումով, աշխատանքի փորձառութեամբ, կամաւորական ծառայութեամբ եւ մարդկային կենդանի կապերով: Միայն այդպէս կարելի է հայրենիքի գաղափարը ժառանգուած զգացումէ վերածել գիտակցուած պատկանելիութեան:

Հայոց լեզուի, յատկապէս արեւմտահայերէնի պահպանումը եւս համազգային հրամայական է: Արեւմտահայերէնը միայն սփիւռքի լեզուն չէ, այլ` հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան մեծագոյն գանձերէն մէկը: Անոր աստիճանական անհետացումը ամբողջ հայութեան համար անփոխարինելի կորուստ մըն է:

Հայաստանի պետութիւնը պէտք է գործնական պատասխանատուութիւն ստանձնէ արեւմտահայերէնի, սփիւռքահայ գրականութեան, մամուլի, դպրոցներու եւ մշակութային հաստատութիւններու պահպանման հարցին մէջ: Սփիւռքն ալ, իր կարգին, պէտք է նոր ուղիներ գտնէ լեզուն երիտասարդ սերունդներուն փոխանցելու` օգտագործելով ժամանակակից կրթական մեթոտները, թուային միջոցները եւ ստեղծագործ մշակութային նախաձեռնութիւնները:

Սփիւռքը նաեւ Հայաստանի միջազգային ձայնն է: Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ հայկական համայնքները կրնան մեծ դեր խաղալ` Հայաստանի շահերու ներկայացման, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, հանրային կարծիքի ձեւաւորման, մշակութային դիւանագիտութեան եւ միջազգային կապերու զարգացման մէջ: Սակայն այս ներուժը կրնայ լիարժէք արդիւնք տալ միայն այն ատեն, երբ գոյութիւն ունի նպատակներու յստակութիւն, համակարգում եւ փոխադարձ վստահութիւն: Երբ Հայաստան եւ սփիւռք տարբեր լեզուներով կը խօսին նոյն հարցին շուրջ, համազգային ձայնը կը տկարանայ: Իսկ երբ անոնք կը գործեն համաձայնեցուած եւ կազմակերպուած ձեւով, նոյնիսկ փոքր ժողովուրդի ձայնը կրնայ լսելի դառնալ աշխարհի մէջ:

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները պէտք է դուրս գան միայն վտանգի պահուն զիրար փնտռելու սովորութենէն: Անհրաժեշտ է երկարաժամկէտ համահայկական տեսլական մը, որ յստակ պատասխաններ տայ, թէ ի՛նչ Հայաստան կ՛ուզենք կառուցել, ի՛նչ սփիւռք կ՛ուզենք պահպանել, եւ ինչպիսի՛ կապ պէտք է հաստատուի երկուքին միջեւ: Պէտք է որոշել, թէ որո՛նք են այն ազգային նպատակները, որոնք վեր են իշխանութիւններէն, կուսակցութիւններէն եւ ժամանակաւոր քաղաքական տարակարծութիւններէն:

Հայաստանը պէտք է սփիւռքը տեսնէ ո՛չ հեռաւոր օժանդակ ուժ, այլեւ համազգային կեանքի լիիրաւ մասնակից: Սփիւռքը Հայաստանը  պիտի ընդունի ոչ միայն զգացական հայրենիք, այլեւ` որպէս պետութիւն` իր իրաւունքներով, պարտականութիւններով եւ քաղաքական պատասխանատուութեամբ: Միայն այս փոխադարձ գիտակցութեան վրայ կարելի է կառուցել առողջ եւ կենսունակ յարաբերութիւն:

Հայաստան եւ սփիւռք ճակատագիրով իրարու կապուած են: Մէկուն թուլացումը անխուսափելիօրէն կը տկարացնէ միւսը, իսկ մէկուն հզօրացումը ուժ կու տայ համայն հայութեան: Այդ պատճառով մեր ազգային ապագան կախեալ է ոչ միայն մեր զգացումներէն, այլեւ` զիրար հասկնալու, զիրար յարգելու եւ միասնաբար պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութենէն: Միայն այդպէս կարելի է պատմական կապը վերածել ապագայ կերտող ուժի:

 

 

Leave a Comment