ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Անցնող շաբաթ առաւօտեան բարեկամական շրջանակի ծանօթներէս մէկը ինծի մատուցեց հաճելի, բայց նաեւ խորապէս յուզիչ անակնկալ մը: Ինծի նուիրեց Սուլթան Պայազիտ հրապարակէն երկու նկար. առաջինը` 15 յունիս 1915-ին, երբ հրապարակը դարձած էր հնչակեան Քսան նահատակներուն կախաղանի վայրը, երկրորդը` նոյն հրապարակը այսօր` ժամանակի հոլովոյթին մէջ փոխուած իր արտաքին տեսքով:
Յուզումնախառն զգացումներով վերցուցի զանոնք: Պարզ լուսանկարներ չէին անոնք, այլ` պատմութեան երկու հակադիր պահերու լուռ վկաները: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք խոստացայ, որ թուղթին պիտի յանձնեմ անոնց արթնցուցած յուշերը, խոհերը եւ տպաւորութիւններս: Խոստումս լսելով` բարեկամս անկեղծօրէն ոգեւորուեցաւ:
Ժամանակը կը հոսի: Քաղաքները կը փոխուին: Շէնքեր նոր կեանք կը ստանան: Ծառեր կ՛աճին: Մարդիկ կու գան ու կ՛երթան: Սակայն ժամանակը կրնա՞յ ջնջել պատմութեան հետքերը:
Ահա՛ երկու նկար:
Առաջինը` 15 յունիս 1915, Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակը: Կախաղաններու շարքը կանգնած է, իսկ անոնց վրայ կը նահատակուին Հնչակեան կուսակցութեան քսան անվեհեր գործիչները: Անոնք մահը կը դիմաւորէին անխորտակ արժանապատուութեամբ, որովհետեւ գիտէին, որ իրենց մահը անձնական վախճան մը չէր, այլ` ազգային կեանքի շարունակութիւնը:
Երկրորդը` նոյն հրապարակը այսօր:
Կախաղանները չկան:
Ամբոխը չկայ:
Արեան հետքերը չեն երեւիր:
Բայց արդեօ՞ք պատմութիւնը եւս անհետացած է:
Այս երկու նկարներուն նայելով` առաջին հարցումը, որ կը ծագի, հետեւեալն է. «Արդեօ՞ք ժամանակը կը յաջողի մոռացութեան մատնել ժողովուրդի մը պատմական յիշողութիւնը»:
Եթէ պատասխանը այո՛ է, ապա ժողովուրդները դատապարտուած են կրկնելու իրենց ողբերգութիւնները:
Եթէ պատասխանը ո՛չ է, ապա յիշողութիւնը պէտք է ապրի ոչ միայն յուշարձաններու, այլ նաեւ գաղափարներու, պայքարի եւ ազգային կամքի մէջ:
Հնչակեան Քսան նահատակները կախաղան չբարձրացան պարզապէս կուսակցական համոզումներու համար: Անոնք զոհուեցան, որովհետեւ կը հաւատային, որ հայ ժողովուրդը ազատ, արժանապատիւ ապրելու իրաւունք ունէր իր պատմական հայրենիքին մէջ: Անոնց պայքարը կ՛անցնէր կուսակցական սահմաններէն անդին եւ կը դառնար համազգային պայքար:
Ինքնաքննութեան հարցում մը ուղղենք այսօր իւրաքանչիւրս. «Ի՞նչ մնացած է այդ գաղափարներէն»:
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հիմնադիրները, մտածողութեան ու գաղափարական ուղղութիւններու բազմազանութիւններ ունենալով հանդերձ, կանգնած էին մէկ անսասան եւ անսակարկ սկզբունքի շուրջ: Անոնք հաւատացած էին, որ ժողովուրդներու իրաւունքները կը վաճառուին ո՛չ ժամանակի հովերուն, ո՛չ ալ քաղաքական հաշուարկներուն դիմաց: Հայրենիքը երբեք առեւտուրի առարկայ չէր: Ազգային արժանապատուութիւնը ոչ մէկ պարագայի կրնայ ենթարկուիլ քաղաքական պայմանաւորուածութիւններու կամ շահադիտական գործարքներու:
Այսօր, դժբախտաբար, շատ յաճախ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, թէ ազգային խորհրդանիշները բեռ կը համարուին, պատմական իրաւունքները` անցեալի մնացորդ, իսկ պահանջատիրութիւնը` անտեղի յիշեցում:
Երբ Արեւմտեան Հայաստանը կը ներկայացուի պատմութեան փակուած էջ, երբ Արցախի կորուստը կը փորձուի դարձնել «անցեալ», երբ ազգային խորհրդանիշները կը նսեմացուին, բնական է, որ ժողովուրդին մէջ ծագի խոր անհանգստութիւն:
Բայց այստեղ կը ծագի աւելի կարեւոր հարցում մը. «Իշխանութեան մը դիրքորոշումը կրնա՞յ փոխել պատմական ճշմարտութիւնը»:
Ո՛չ:
Ո՛չ մէկ իշխանութիւն կրնայ փոխել ժողովուրդի պատմութիւնը:
Ո՛չ մէկ իշխանութիւն կրնայ ջնջել իրաւունքը:
Այնտեղ, ուր բռնապետը կը խորհի մահու սարսափ ցանել, այնտեղ յիշողութեան ծառեր հասակ կ՛առնեն, եւ ազատութեան գաղափարներ արմատ կը նետեն:
Ո՛չ մէկ քաղաքականութիւն կրնայ վերացնել ազգային յիշողութիւնը, եթէ ժողովուրդը ինք չհրաժարի անկէ:
Պահանջատիրութիւնը պետական օրակարգի սահմանները գերազանցող ազգային գաղափար է` առաջին հերթին: Ան չի սահմանափակուիր պետական քաղաքական ծրագիրներով, այլ կը բխի պատմական յիշողութենէն, արդարութեան գիտակցութենէն եւ ազգային իրաւունքներու անշեղ պահանջէն:
Ան ազգային գիտակցութիւն է:
Ան հոգեւոր կեցուածք է:
Ան պատմութեան հանդէպ հաւատարմութիւն է:
Ան պատասխանատուութիւն է յաջորդ սերունդներուն հանդէպ:
Եթէ պահանջատիրութիւնը միայն իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան վրայ հիմնուի, ան կախեալ պիտի մնայ ժամանակաւոր իշխանութիւններէն եւ ընտրական արդիւնքներէն:
Իսկ երբ պահանջատիրութիւնը համազգային համոզումի վերածուի, պատմական գիտակցութեան եւ անսասան կամքի, ապա ան պիտի շարունակէ ապրիլ ու փոխանցուիլ սերունդէ սերունդ` այնքան ժամանակ, որքան կ՛ապրի հայ ժողովուրդը:
Այսօր Սուլթան Պայազիտի հրապարակին մէջ զբօսաշրջիկներ կը շրջին: Մարդիկ կը լուսանկարուին: Առօրեան կը շարունակուի իր բնական ընթացքով:
Սակայն պատմութիւնը կը շարունակէ իր վկայութիւնը:
Այդ հրապարակի քարերը տակաւին կը պահեն այն քսան հայորդիներու վերջին քայլերուն արձագանգը, որոնք կախաղան բարձրացան` առանց իրենց հաւատամքը ուրանալու:
Պատմութիւնը մոռացութեան չի յանձնուիր, ան կը շարունակէ խօսիլ անոնց փոխարէն, որոնց ձայնը փորձեցին լռեցնել:
Մարդիկ կրնան մոռնալ, սերունդներ կրնան հեռանալ անցեալէն, բայց պատմութիւնը երբեք չի հրաժարիր իր վկայութենէն:
Ուստի այս երկու նկարները միայն անցեալի եւ ներկայի համեմատութիւնը չեն:
Անոնք խղճմտանքի հարցադրում մըն են. «Արդեօք մենք այն սերո՞ւնդն ենք, որուն մեր նահատակները կը վստահէին իրենց սրբազան կտակը»:
Եթէ` այո՛, ապա ազգային յիշողութիւնը պէտք է շարունակէ լուսաւորել մեր ճանապարհը:
Եթէ` այո՛, ապա Արեւմտեան Հայաստանը, Արցախը, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու հետեւանքներու յաղթահարումը, պատմական արդարութիւնը եւ ազգային արժանապատուութիւնը չեն կրնար դառնալ մոռացութեան ենթակայ նիւթեր:
Քանի դեռ հայ ժողովուրդը կը յիշէ, կը սորվի, կը դաստիարակէ իր զաւակները եւ կը պահպանէ իր ազգային իտէալները, կը նշանակէ Սուլթան Պայազիտ հրապարակի կախաղանները չյաջողեցան լռեցնել հայու ազատատենչ ոգին: Պարտութիւնը բռնութեանն էր, իսկ յաղթանակը` գաղափարին:
Անոնք նահատակներուն մարմինները կախաղան բարձրացուցին, սակայն կարողութիւնը չունեցան սպաննելու անոնց գաղափարը:
Այն գաղափարը, որ ճշմարտութենէն կը ծնի, չի մարիր ժամանակի հոսքին մէջ, այլ կը շարունակէ ապրիլ սերունդէ սերունդ` վերածուելով հաւատքի, պայքարի եւ ազգային աննկուն կամքի: Ան կը դառնայ այն ներքին ուժը, որ կը պահէ ժողովուրդի ինքնութիւնը կենդանի, նոյնիսկ` պատմութեան ամենադաժան փորձութիւններուն դիմաց:
Ժամանակը կրնայ փոխել քաղաքներու դէմքը, բայց երբեք` ժողովուրդներու իրաւունքը: Կախաղանները վաղուց վերացած են Սուլթան Պայազիտ հրապարակէն, սակայն անոնց ստուերը տակաւին կը շրջի այնտեղ` հարց տալով իւրաքանչիւր հայու. «Դուն կը շարունակե՞ս այն պայքարը, որուն համար անոնք զոհեցին իրենց կեանքը»: Այդ հարցումին պատասխանը ոչ թէ բառերով պիտի գրուի, այլ` մեր ազգային կեցուածքով:
Պատմութիւնը չի մոռնար: Քարերը չեն մոռնար: Նահատակները չեն մոռնար: Հարցը միայն սա է` արդեօ՞ք մենք պիտի յիշենք:
Նահատակներուն մեծագոյն յուշարձանը մարմարէ կոթողը չէ, այլ` այն սերունդը, որ հաւատարիմ կը մնայ անոնց գաղափարներուն եւ կը շարունակէ անոնց կիսատ ձգած առաքելութիւնը: