Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Շաբաթ, 4  յուլիս 2026-ին սկիզբ առին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Ուսանողական հաւաքի (ֆորում) աշխատանքները, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 16 յուլիս:

Ուսանողական հաւաքին բացումը տեղի ունեցաւ 5 յուլիսին «Պանդոկ Երեւան» ճաշարանին մէջ, ուր ազգային երգերու եւ պարերու շուրջ  երիտասարդները ծանօթացան իրարու եւ երէց համազգայնականներու:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութենէն ներկայ էին` Արեւիկ Գաբրիէլեանը, Արա Գէորգեանը եւ Արտաշէս Շահբազեանը, նաեւ` Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, գրասենեակի անձնակազմէն Նայիրա Նահապետեանը եւ Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանը: Հանդիսութիւն-ընթրիքին մասնակցեցան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի նոր կեդրոնի բարերարներ, Համազգայինի շքանշանակիրներ տէր եւ տիկին Արիս եւ Անճելա Սթամպոլեաններ:

Հաւաքի պատասխանատու Տօնիկ Տօնապետեանը ողջունեց բոլոր մասնակիցները եւ ըսաւ, որ մեծ պատասխանատուութեամբ իրականացուող աշխատանք մըն է Ուսանողական հաւաքը, որ աւելի քան 30 տարի հայ երիտասարդներ կը համախմբէ հայկական մշակութային արժէքներու շուրջ: Ան յոյս յայտնեց, որ ֆորումը կը դառնայ ճամբայ մը` աւելի ամուր կապ հաստատելու Հայաստանի հետ եւ անվերջ վերադառնալու հոն, ուր որ են մեր արմատները:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արա Գէորգեանը նոյնպէս ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ շեշտեց, որ հայ երիտասարդի կրթութեան եւ ազգային դաստիարակութեան գործին մէջ Համազգայինի ֆորումները մեծ առաքելութիւն ունին եւ պիտի շարունակեն այդ կարեւոր աշխատանքը: «Մենք հզօր ենք մեր երիտասարդներով, իսկ մեր երիտասարդները պէտք է իմանան, թէ ուրկէ՛ սերած են եւ դէպի ո՛ւր պէտք է երթան: Ասիկա չափազանց կարեւոր է մեր յարատեւման համար», նշեց ան:

Նշենք, որ ֆորումի պաշտօնական բացումէն առաջ եւ ետք տեղի ունեցան կարգ մը ծրագիրներ, որոնց կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:

Leave a Comment