Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց. «Լիբանանը այսօր տասնամեակներէ ի վեր պետութենէն դուրս զէնքի տրամաբանութեան եւ իր ճակատագիրը առանցքներու ու լիբանանեան շահերուն հետ կապ չունեցող հակամարտութիւններու կապուելուն հետեւանքով գտնուած դատարկ շրջանակէն դուրս գալու ազգային արտակարգ առիթի առջեւ կանգնած է»:
«Լիբանանեան պետութեան ձեռք բերած համաձայնութեան շրջագիծը «ցուցմունքներ» պատկերացնելու կամ զայն պատմութեան ընթացքին տապալած փուլերու նմանցնելու որեւէ փորձ չի փոխեր հիմնական ճշմարտութիւն մը, թէ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ լիբանանեան պետութեան իր սահմանադրական օրինական հաստատութիւններով, հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ լիարժէք համակարգումով գոյացած համաձայնութիւն է` մեկնելով ազգային գերագոյն շահերէ եւ ոչ թէ արտաքին որեւէ կամքի ընդառաջելով», նշեց երեսփոխանը:
«Լիբանանցիները այլեւս չեն հանդուրժեր սպասման քաղաքականութեան շարունակութիւնը եւ իրենց հայրենիքին ապագան շրջանային բանակցութիւններու կամ այլ երկիրներու միջեւ փոխըմբռնումներու կապելը, կարծէք Լիբանանը գերիշխան պետութիւն չէ, այլ պարզապէս ուրիշներու սեղանին վրայ խաղաքարտ», շեշտեց Սթրիտա Ժահժահ:
«Լիբանանը չի կրնար պատանդը մնալ հոլովոյթներու, որոնց որոշումին տէրը չէ, մինչ անոր ժողովուրդը առօրեայ կերպով կը վճարէ ենթակայութեան գինը` իր անվտանգութեան, կայունութեան, տնտեսութեան եւ զաւակներու ապագային առումով», ըսաւ ան: