«ԹՐԻՓՓ» շրջանակային համաձայնագիրը ընդամէնը 7 էջնոց փաստաթուղթ մըն է, որ ստորագրուեցաւ Հայաստանի ընտրութիւններէն հազիւ քանի մը օր առաջ: Այս երկու պարագաները բաւարար են, որպէսզի զայն մանրակրկիտ ձեւով քննարկենք: Իրականութեան մէջ ի՞նչ կը շահի Հայաստանը այս համաձայնագիրով, որ իրաւական գետնի վրայ երաշխաւորուած ըլլայ, պարտադիր գործադրութեան ենթարկուի եւ կախում չունենայ իր հսկողութենէն դուրս գտնուող ապագայ քաղաքական փոփոխութիւններէն: Այս հարցումը յստակ պատասխանի կը կարօտի:
Սկսինք դրութեան կառուցուածքէն: Ըստ 3-րդ(2) յօդուածին, «ԹՐԻՓՓ» Զարգացման ընկերութեան (TDC) բաժնետոմսերուն 74 առ հարիւրը պիտի պատկանի ամերիկեան «TDC US» ընկերութեան, որ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման ելեւմտական բաժնետիրական ընկերութեան (DFC)` Տելաւերի մէջ գրանցուած քոյր ձեռնարկութիւնն է: Հայաստանին կը մնայ միայն 26 առ հարիւրը: Փոխարէնը` հայկական կողմը կը տրամադրէ ինքնիշխան տարածք, տարանցիկ միջանցքներ, սեփական միջոցներով հողերու գնման պարտաւորութիւններ, օրէնսդրական աջակցութիւն եւ քաղաքական ամէն տեսակի վտանգ կրելու հաւանականութիւն:
Իսկ ի՞նչ կ՛երաշխաւորէ ամերիկեան կողմը այս բոլորին դիմաց: 5-րդ(6) յօդուածը յստակօրէն կը նշէ. «Միացեալ Նահանգները մտադիր են տրամադրել եւ/կամ աջակցիլ «ԹՐԻՓՓ» ծրագիրներու ֆինանսաւորման ապահովման` դրամական միջոցներու գոյութեան պայմանով»: Յստակ է, որ նիւթական միջոցներու ձեռքբերումէն կախեալ «մտադրութիւն» յայտնելը իրաւական պարտաւորութիւն չէ՛. պայմանագրային ձեւակերպումով ներկայացուած պարզ փափաք մըն է միայն:
Աւելի մտահոգիչը երկու կողմերու պարտաւորութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անհաւասարակշռութիւնն է: Հայաստանը «պէտք է», «կը համաձայնի» եւ «կը հաստատէ». այսինքն ան պաշտօնապէս կը պարտաւորուի` ապահովել օրէնսդրական փոփոխութիւններ, արտօնագրեր, իրաւական կարգաւորումներ, հողերու գնում, արտօնութիւններ (concessions), հարկային զեղչեր եւ սահմանային ծառայութիւնները մասնաւոր ընկերութիւններու յանձնելու դրութիւններ: Փոխարէնը` Միացեալ Նահանգները յաճախ պարզապէս «մտադրութիւն ունին» կամ «կ՛ակնկալեն»` ըլլայ ֆինանսաւորման, արտօնութիւններու թէ ծրագրերու գործադրութեան հարցերուն մէջ: Ասիկա սովորական խմբագրական ձեւակերպում չէ, այլ հարցին բուն իրաւական էութիւնն է. Հայաստանը կը ստանձնէ յստակ ու ինքնիշխան պարտաւորութիւններ, մինչդեռ իր ակնկալած օգուտներուն մեծ մասը կը մնայ պայմանական, ապագային միտող եւ քաղաքական հանգամանքներէ կախեալ:
Բացի այդ, թէեւ համաձայնագիրին մէջ ինքնիշխանութեան վերաբերեալ բառերը շատ են, սակայն գործնականին մէջ անոնք դատարկ հասկացողութիւններ են: Փաստաթուղթը քանի մը անգամ կը կրկնէ, որ Հայաստանը «կը պահպանէ լիակատար ինքնիշխանութիւնը» ծրագրի տարածքներուն նկատմամբ: Սակայն 6-րդ(2) յօդուածը TDC ընկերութեան կը տրամադրէ հողի օգտագործման եւ զարգացման բացառիկ իրաւունքներ` սկզբնական 49 տարուան ժամկէտով, որ կրնայ երկարաձգուիլ մինչեւ 99 տարի: Այս իրաւունքները կրնան ամբողջութեամբ փոխանցուիլ յատուկ նպատակի համար ստեղծուած ընկերութիւններու (SPV), որոնք պիտի գործեն TDC-ի ընտրած արտօնատէրերով, կապալառուներով եւ գործարկուներով: Իսկ 4-րդ(3) յօդուածը բացայայտօրէն իրաւունք կը տրամադրէ TDC-ին` ինքնուրոյն ընտրելու այդ երրորդ կողմերը: Հայաստանը իրաւականօրէն վեթոյի (արգելակման) որեւէ իրաւունք չունի: Այլ խօսքով, դրօշակը կը մնայ հայկական, սակայն գործնական հսկողութիւնը կը յանձնուի օտարին:
5-րդ(5) յօդուածը աւելի կը բարդացնէ կացութիւնը: Անիկա կը սահմանէ, որ հայկական օրէնքներուն եւ այս համաձայնագիրին միջեւ հակասութեան պարագային, կը գործադրուի սոյն պայմանագիրը` սահմանադրութեան համապատասխան: Ասիկա միջազգային պայմանագիրներու գերակայութեան սովորական կանոնը չէ: 3-րդ(6) յօդուածին հետ մէկտեղ, որով Հայաստանը կը պարտաւորուի իր օրէնսդրութեան մէջ յատուկ «շեղումներ» ընդունիլ բաժնետիրական ընկերութիւններու, գնումներու եւ պետութիւն-մասնաւոր գործընկերութեան մարզերուն մէջ, կը ստեղծուի «ԹՐԻՓՓ»-ի համար յատուկ մշակուած իրաւական ռեժիմ մը: Ասիկա կը շրջանցէ թափանցիկութեան, մրցակցութեան եւ փտածութեան դէմ հսկողութեան վերաբերեալ Հայաստանի սովորական օրէնսդրական պաշտպանութիւնները: Ապագայ կառավարութիւնները ստիպուած պիտի ըլլան ժառանգել այս պարտաւորութիւնները` 99 տարուան հեռանկարով:
Շարք մը լրացուցիչ դրոյթներ աւելի կը խորացնեն այս անհամաչափութիւնը: 6-րդ(1) յօդուածը կը պահանջէ, որ Հայաստանը ծրագրի տարածքներուն մէջ (ներառեալ` մասնաւոր սեփականութիւն հանդիսացող հողերը) կատարէ հողերու օտարում, ազատում եւ փոխանցում` ամբողջութեամբ սեփական նիւթական միջոցներով, առանց փոխհատուցման որեւէ դրութեան եւ առանց ծախսերու վերին սահման ճշդելու: Իսկ 8-րդ(3) յօդուածը Հայաստանը կը պարտաւորեցնէ սահմանային այն ծառայութիւնները, որոնք անմիջական շփում ունին յաճախորդներուն հետ, յանձնել մասնաւոր գործարկուներու: Այս պարագային չի պահանջուիր, որ այդ ընկերութիւնները համապատասխանեն Հայաստանի ազգային անվտանգութեան քննութեան չափանիշներուն, եւ չ՛արգիլուիր սեփականատէր դառնալը այնպիսի կողմերու, որոնց շահերը կրնան հակասել Հայաստանի շահերուն: Ասիկա լուրջ բացթողում է ռազմավարական գետնի վրայ չափազանց զգայուն սահմանային գօտիի մը համար:
9-րդ յօդուածը համապարփակ հարկային արտօնութիւններ կը տրամադրէ TDC-ի կառոյցին (շահաբաժինի, դրամագլուխի յաւելաճի եւ փոխանցման հարկերու ամբողջական ջնջում)` առանց հայկական պետութեան որեւէ փոխադարձ ելեւմտական օգուտ ապահովելու, բացի անոր 26 առ հարիւր բաժնեմասէն:
Իսկ այդ բաժնեմասին իրական արժէքը ամբողջութեամբ կախեալ է ֆինանսաւորման այն պարտաւորութիւններէն, որոնք համաձայնագիրը չ՛երաշխաւորեր: Միեւնոյն ժամանակ 3-րդ(7) յօդուածը բացայայտօրէն կը պաշտպանէ «TDC US»-ի ամերիկեան սեփականութիւնը երրորդ կողմերու ձեռքբերումներէն, սակայն որեւէ համահաւասար պաշտպանութիւն չկայ, որ կը կանխէ անբարեհաճ երրորդ կողմերու մասնակցութիւնը հայկական SPV-ներուն մէջ` ենթակապալառուներու, ֆինանսաւորման պայմանաւորուածութիւններու կամ միջնորդ ընկերութիւններու միջոցով:
Աւելի՛ն. վէճերու ծագման պարագային, պարտադիր իրաւարարութեան (արպիթրաժի) կամ հարցերու լուծման որեւէ դրութիւն գոյութիւն չունի (10-րդ յօդուածը կը նախատեսէ միայն պարզ խորհրդակցութիւններ): Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը, առանձին վերցուած, կրնար բանակցութեան նիւթ ըլլալ, սակայն մէկտեղուած` անոնք ցոյց կու տան միակողմանի ու հետեւողական կանխամտածուածութիւն մը:
Այս անհամաչափութիւնը աւելի ակնյայտ կը դառնայ աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէն, երբ քննենք, թէ «ԹՐԻՓՓ»-ը գործնականին մէջ ի՛նչ կ՛իրականացնէ եւ ինչ` ոչ: Ազրպէյճանի հիմնական նպատակը, այսինքն` Հայաստանի տարածքով անխափան կապ հաստատել Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ, կը հաստատութենականանայ ենթակառուցուածքային յստակ իրաւունքներու, արտօնութիւններու եւ յատուկ կառավարման մեքենականութիւններու միջոցով: Մինչդեռ Հայաստանի ակնկալած «փոխադարձ օգուտները» ոչ մէկ տեղ ներկայացուած են իբրեւ պարտադիր իրաւունքներ: Չկան պայմանագրային յանձնառութիւններ, որոնք կ՛երաշխաւորեն Հայաստանի տարանցիկ իրաւունքները Ազրպէյճանի տարածքով, չկայ պարտաւորութիւն` վերցնելու թրքական-ազրպէյճանական փոխադրական շրջափակումը, եւ չկայ ներդրումներու նուազագոյն շեմ մը, որ պէտք է ապահովուի նախքան Հայաստանի պարտաւորութիւններուն ուժի մէջ մտնելը:
Շրջանակ մը, որ որոշակիօրէն կ՛ամրագրէ կողմերէն մէկուն հիմնական ռազմավարական շահը, իսկ միւս կողմին շահերը կը ձգէ ապագայ քաղաքական բարի կամեցողութեան, թերի համաձայնագիր մը չէ, որ կը սպասէ գործադրութեան. անիկա արդէն իսկ աւարտած պայմանագիր մըն է, որ կը նպաստէ միայն մէկ կողմի շահերուն:
Փոխադարձութեան դրոյթը, Հայաստանին վերապահուած հարցերը եւ ինքնիշխանութեան վերաբերեալ հաւաստիացումները թէեւ թուղթի վրայ գրուած են, սակայն անոնք կը գործեն այնպիսի կառուցուածքի մը մէջ, ուր 74 առ հարիւր վերահսկիչ սեփականութիւնը, Նիւ Եորքի օրէնքով կարգաւորուող բաժնետէրերու համաձայնութիւնները եւ ԱՄՆ-ի կողմէ ընտրուած արտօնատէրերը կը ճշդեն որոշումներու կայացման գործնական իրականութիւնը: Օտարերկրեայ մեծամասնութեան վերահսկողութեան շուրջ կառուցուած համակարգի մը մէջ գոյութիւն ունեցող ձեւական պաշտպանութիւնները նոյնը չեն, ինչ որ է իրական ու կիրարկելի հաւասարութիւնը:
Քննադատները իրաւացի են, երբ կը նշեն, որ Ազրպէյճան այս համաձայնագրին կողմ չէ, եւ որ` ԱՄՆ-Հայաստան երկկողմանի փաստաթուղթի ծիրէն ներս Ազրպէյճանի տարածքով Հայաստանի տարանցիկ իրաւունքներու պարտադիր երաշխիքներ պահանջելը իրաւականօրէն անիրատեսական է: Ասիկա ճիշդ է, սակայն այդ հանգամանքը ոչ թէ կը փարատէ, այլ աւելի կը սրէ մտահոգութիւնը: Շրջանակային համաձայնագրի յառաջաբանը (նախաբանը) ինքնին կը նշէ, որ Ազրպէյճանի հիմնական տարածքին եւ Նախիջեւանի միջեւ կապի ապահովումը անոր գլխաւոր ռազմավարական նպատակներէն մէկն է: Հետեւաբար Հայաստանը կը ստանձնէ յստակ, պարտադիր ու 99-ամեայ ենթակառուցուածքային պարտաւորութիւններ, որոնց գլխաւոր ռազմավարական շահառուն երրորդ կողմ մըն է, որ ամենեւին կապուած չէ այս փաստաթուղթով:
2025 թուականի օգոստոսի ուաշինկթընեան եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները, որոնց մասնակից էր նաեւ Ազրպէյճանը, ստեղծած էին քաղաքական պարտաւորութիւններ` Հայաստանի փոխադարձ կապուղիներու վերաբերեալ: Սակայն այդ պարտաւորութիւնները չեն վերածուած իրաւական որեւէ պարտադիր փաստաթուղթի` նախքան Հայաստանի կողմէ ստորագրուիլը: Հերթականութիւնը էական է. Հայաստանի պարտաւորութիւնները այժմ ամրագրուած են պայմանագրով, մինչդեռ փոխադարձ օգուտները դեռ կը մնան պարզ քաղաքական խոստումներու մակարդակին վրայ:
Իրաւական առարկայականութիւնը պահպանելու համար պէտք է ընդունիլ, որ Հայաստանը չէ բանակցած ուժի դիրքերէն, եւ իրաւական որեւէ քննադատութիւն չի փոխեր այս աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը: ԱՄՆ-ի կառավարութեան զարգացման ֆինանսաւորման աջակցութիւնը եւ ենթակառուցուածքներու վերականգնումը իրական, թէկուզ եւ երկարաժամկէտ օգուտներ են: Սակայն ռազմավարական խոցելիութիւնը բաւարար պատճառ չէ առանց մանրակրկիտ քննութեան ստորագրութիւն դնելու համար. ընդհակառակն, անիկա փաստաթուղթը աւելի ուշադիր քննելու հիմնաւոր պատճառ է:
Սահմանափակ կարողութիւններ ունեցող պետութիւնը չի կրնար իրեն թոյլ տալ վաւերացումէն ետք անդրադառնալ, որ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները պարտադիր էին, իսկ իր ստանալիք օգուտները` ոչ: Հայաստանի ձգտումը` «ԹՐԻՓՓ»-ի միջոցով հասնիլ տարածաշրջանային կապերու, բարգաւաճման եւ համարկման, օրինաւոր է եւ անհրաժեշտ:
Հարցը, որ կը բարձրացնէ այս յօդուածը, այն չէ, թէ արդեօք Հայաստանը պէ՞տք է ներգրաւուի այս գործընթացին մէջ, այլ այն, թէ արդեօք այդ ներգրաւման ներկայ իրաւական կառուցուածքը բաւարար չափով կը պաշտպանէ՞ հայկական շահերն ու ինքնիշխանութիւնը, եւ արդեօք վաւերացումը պէ՞տք է շարունակուի` նախքան այս հարցի պատշաճօրէն քննարկուիլը:
Եօթը էջ արդէն ստորագրուած է: Իննսունինը տարին դեռ չէ սկսած:
