Առ այդ, յիշեալ Բաժանմունքի վարիչ Գերապատիւ Տ. Ստեփանոս Ծայրագոյն Վարդապետ Փաշայեան ուրախութեամբ ողջունեց Նորին Սուրբ Օծութեան ներկայութիւնը հոգեւոր լսարանի եզրափակիչ համախմբումին։ Ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ մշտական կերպով քաջալեր կը հանդիսանայ Բաժանմունքի աշխատանքներուն եւ իր հայրական թելադրութիւններով առաւել եւս փայլք կու տայ ծառայութեան լծուելու յանձնակատարութեամբ։
Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը, առաջին հերթին, անդրադարձաւ աղօթքի կարեւորութեան եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ գտնելու ու փնտռելու ձեւերուն մասին։ Ան անդրադարձաւ այս տարուան հայրապետական հռչակագրին (Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի), նշելով, որ պէտք է շարունակենք պահել ու պահպանել մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները, յատկապէս զանոնք դաստիարակիչ կերպով ուսուցանելու մեր երիտասարդ սերունդին։ Ապա, ան անդրադարձաւ կարգ մը երեւոյթներու, զորս մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է ուշադիր ըլլան եկեղեցական արարողութեանց իրենց մասնակցութեան առնչութեամբ։