Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոսթա Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ ուղղած է Ռուսիոյ հետ ուղղակի դիւանագիտական կապեր հաստատելու:
Ան յայտարարած է, թէ Մոսկուայի հետ բանակցութիւններու ժամանակը տակաւին չէ եկած, սակայն, Պրիւքսելին անհրաժեշտ է անյապաղ ուղղակի ուղիներ հաստատել:
Քոսթա նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պարտաւոր է ներկայացուած ըլլալ խաղաղութեան վերաբերեալ ապագայ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, եւ Եւրոպայի շահերը պէտք է պաշտպանեն ինքնին Եւրոպական Միութեան հաստատութիւնները: