Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտարարեց, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Ան յայտնեց, որ մտադիր է հեռանալ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնէն` նշելով, որ կուսակցութեան նոր ղեկավարի ընտրութիւնները պիտի սկսին 9 յուլիսին:
Սթարմըր նաեւ նշեց, որ պիտի շարունակէ Բրիտանիոյ վարչապետի աշխատանքները կատարել մինչեւ իր իրաւայաջորդի ընտրութիւնը: