Ազգային կեանքի մէջ միասնականութիւնը նոյնանման տեսակէտներու գոյութենէն աւելի` տարբեր մտածողութիւններու, հակումներու եւ մօտեցումներու առկայութեան պայմաններու մէջ, ընդհանուր նպատակներու շուրջ համախմբուելու կամքն ու կարողութիւնն է:
Ան նախ եւ առաջ հաւաքական նպատակներու շուրջ համախմբուելու կարողութիւնն է, որով տարբեր մտածողութիւններ, կուսակցական պատկանելիութիւններ, աշխարհայեացքներ եւ նախասիրութիւններ կը գտնեն համագործակցութեան եզր մը` ազգային գերագոյն շահերուն ծառայելու համար:
Ազգային-քաղաքական կեանքի մէջ միասնականութիւնը կը նշանակէ ընդհանուր մարտահրաւէրներու դիմաց մէկ կամքի դրսեւորում, ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար համատեղ ճիգ, իսկ ճակատագրական հարցերու պարագային` բաժանարար գիծերէն վեր բարձրանալու հասունութիւն: Այն ժողովուրդները, որոնք դժուար պահերուն կը համախմբուին, աւելի տոկուն կը դիմագրաւեն փորձութիւնները եւ աւելի վստահ կ՛առաջնորդեն իրենց ապագան:
Սակայն միասնականութիւնը չի սահմանափակուիր գեղեցիկ արտայայտութիւններով, հանդիսաւոր լուսանկարներով կամ սուրճի սեղաններու շուրջ կատարուող քաղաքավարական հանդիպումներով: Երբ համագործակցութիւնը կը մնայ խօսքերու, ժպիտներու եւ ձեւական մօտեցումներու սահմաններուն մէջ, ժամանակը կը սպառի, իսկ խնդիրները կը խորանան: Այդպիսի մթնոլորտի մը մէջ «միասնականութիւն» բառը կը վերածուի կարգախօսի` առանց կենսունակ բովանդակութեան:
Այսօր սփիւռքահայ համայնքները կանգնած են լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ` ձուլում, արտագաղթ, կրթական դժուարութիւններ, մշակութային նահանջ եւ ազգային ինքնութեան թուլացում, ազգային խորհրդանիշներու փոշիացում… Այս պայմաններուն մէջ հրամայական կը դառնայ գործնական, նպատակասլաց եւ արդիւնաբեր միասնականութիւնը: Անհրաժեշտութիւն կայ` միաւորելու կարելիութիւնները, համակարգելու ջանքերը եւ համատեղ ծրագրելու վաղուան ուղին:
Հայրենական շահերու պաշտպանութիւնը, ազգային արժէքներու փոխանցումը, հայ մշակոյթի պահպանումը եւ սփիւռքեան ինքնութեան ամրապնդումը կը պահանջեն աւելի քան բարեկամական հանդիպումներ: Անոնք կը պահանջեն` տեսլական, կազմակերպուած աշխատանք եւ պատասխանատու մասնակցութիւն:
Ուստի իսկական միասնականութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ խօսքը կը վերածուի գործի, իսկ ազգային շահը կը բարձրանայ անձնական կամ խմբակային հաշիւներէն վեր: Մնացեալը` սուրճի սեղաններու շուրջ ստեղծուած պատրանքներ, հաճելի ժամանցի արժէք կրնան ունենալ, սակայն ազգակերտ ուժի չեն վերածուիր:
