Յայտարարութիւններ ( Յունիս 19 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Մարալ Գասարճեան-Խարբութլեան
Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Լիզա Արապեան եւ դուստրը` Քամի
Օրդ. Լոռի Խարբութլեան եւ խօսեցեալը` Փաթրիք Սֆէյր
Տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Անի Պուչաքճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Քարոլին Տէր Թորոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Թալին Քիւրքճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահան եւ Թամար Գասարճեան եւ զաւակունք
Խարբութլեան եւ Գասարճեան ընտանիքներ
Արապեան եւ Սֆէյր ընտանիքներ
Պուչաքճեան եւ Տէր Թորոսեան ընտանիքներ
Քիւրքճեան եւ Ադամեան ընտանիքներ
Սոֆեան եւ Ճամպուլեան ընտանիքներ
Շարոյեան եւ Պախթիարեան ընտանիքներ
Խանճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, աներոջ, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ՅԱԿՈԲ ՍԱՀԱԿ ԽԱՐԲՈՒԹԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 17 յունիս 2026-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ ուրբաթ, 19 յունիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, իսկ շաբաթ, 20 յունիսին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել բարեսիրական միութիւններու:

————————————–

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ (ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ) ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ՕԾՈՒՄ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 20 եւ կիրակի, 21 յունիս 2026-ին, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի կատարուի քահանայական (աբեղայական) կոչման արարողութիւն եւ ձեռնադրութիւն ու օծում:

Ձեռնադրիչ եւ քարոզիչ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Կաթողիկոսական փոխանորդ Կիպրոսի Հայոց Թեմին

Քահանայ (աբեղայ) պիտի օծուին դպրեվանքի աշակերտներէն`

ԲԱՐՇ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍՐԿ. ՊԱՅՏՈՒՆԵԱՆ
ԲԱՐՇ. ԱԲՐԱՀԱՄ ՍՐԿ. ՊԱՅՏՈՒՆԵԱՆ

Կոչման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 20 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, իսկ օծումը` կիրակի, 21 յունիսի առաւօտեան ժամը 9:30-ին:

Աղօթակից ըլլանք նորընծայ հայր սուրբերուն, որպէսզի իրենց կոչումին մէջ հաստատ մնան եւ պտղաբեր դառնան իրենց ծառայական կեանքին մէջ:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

ՍՏԱՑԱՆՔ

«ԿԱՐԴԻՆԱԼԸ»

(Վէպ)

Հեղինակ` ԱՇՈՏ ԱՂԱԲԱԲԵԱՆ
Խմբագիր` ՆԵՐՍԷՍ ԱԹԱԲԷԿԵԱՆ

«Լուսակն» հրատարակչութիւն
Երեւան 2026
Հեղինակային հրատարակութիւն

………………………………………………..

«ՈՒՐՈՒԳՎԱՅ 1965Թ.

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ»

Հեղինակ` ԿԱՌԼՈՍ Ն. ԿԵՑՈՅԵԱՆ
Ղեկավար` ԱՆԱ ՄԱՐԻԱ ՌՈՏՐԻԿԵՍ ԱՅՇԱԿԵՐ
Հայերէնի թարգմանեց`
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԲՈԴՈՒԿԵԱՆ
Հրատարակում եւ խմբագրում`

Սպաներէն տարբերակ` ՄԱՐԻՕ ՄԱՑՑԷՕ
Հայերէն տարբերակ` ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ, ԱՐԵՒՇԱՏ ՄԻՆԱՍԵԱՆ, ՇՈՒՇԱՆ ՍԻՐՈՒԵԱՆ

Հրատարակութիւն` «ԷՏԻԹ ՓՐԻՆԹ»
Երեւան, 2026

………………………………………………..

ՇԱՀԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
ՆԱՄԱԿԱՆԻ ԵՒ ԱՅԼ ՆԻՒԹԵՐ

Խմբագիր` ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

Հրատարակութիւն` «ԷՏԻԹ ՓՐԻՆԹ»
Երեւան, 2026

……………………………………………….

 

Leave a Comment