Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը իր լիագումար հերթական նիստին ընթացքին բուռն կերպով դատապարտեց ամերիկեան վարչակազմը` միջազգային օրէնքը խախտելուն եւ Իրանի ու անոր ժողովուրդին վրայ յարձակում գործելուն համար:
Պլոքը նշեց, որ իշխանութեան ձեռնարկած ուղղակի բանակցութիւնները լիբանանցիներուն միջեւ ներքին յաւելեալ պառակտուածութիւն ստեղծեցին:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը վերահաստատեց իր դիրքորոշումը, թէ լուծումը իշխանութեան իր այս ոչնչապաշտական ընտրանքներէն ետդարձ կատարելը, գրգռման ու ատելութեան հռետորաբանութենէն հեռանալն ու ժողովուրդի մեծամասնութիւնը թշնամացնելէ ետդարձ կատարելն է, «որպէսզի միասնաբար կարենանք պահպանել Լիբանանը, ամրապնդել ներքին ազգային փոխըմբռնումն ու համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ իրագործել մեր ժողովուրդի ձգտումները` հիմնուելով համաձայնեցուած ազգային սկզբունքներու եւ հիմերու վրայ, որոնք երկրին կայունութիւնը կ՛երաշխաւորեն»: