Յայտարարութիւններ ( Յունիս 12 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Վարուժան Ճէրէճեան
Տիկին Վարդուհի Ճէրէճեան-Նասիֆ եւ զաւակունք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ եւ հարազատին`

ԴՈԿՏ. ՍՈՆԱ ՃԷՐԷՃԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 11 յունիս 2026-ին, Ազունիէի Ազգային բուժարանին մէջ:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ հինգշաբթի, 11 յունիս 2026-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւն յայտնելու համար հեռաձայնել 71/612975 թիւին:

————————————–

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 14 յունիս 2026-ին, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, երեք կիսասարկաւագ դպրեվանեցիներ`

ՅՈՎՍԷՓ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ԳԱԼԸՊՃԵԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ ՍԱՂԻՐԵԱՆ

պիտի ստանան եկեղեցւոյ նուիրապետական առաջին կարգը` սարկաւագութիւնը:

Ձեռնադրութիւնը պիտի կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Տեսուչ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի

Սկիզբ սուրբ պատարագի`     ժամը 9:30-ին
Ձեռնադրութիւն`              ժամը 10:00-ին
Քարոզ`                          ժամը 11:00-ին

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու այս հոգեպարար արարողութեան եւ աղօթակից դառնալու մեր դպրեվանքի ընծայեալներուն, որպէսզի անոնք իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ մնան հաստատ եւ ամուր քայլերով ընթանան «դէպի աղբիւրը Լոյսին»:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԱՐՇՕ ԼՈՒՍԻՆ ՔԱՀՔԷՃԵԱՆի (ծնեալ` ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ) մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 14 յունիս 2026-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

 

 

Leave a Comment