Իսրայէլի իշխող Լիքուտ կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի եւ պիտի յաղթէ»:
Նախքան այդ, ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատասխանելով Նեթանիահուի` իսրայէլեան յառաջիկայ ընտրութիւններուն դարձեալ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին հարցումի մը, նշած է. «Ատիկա բաց հարցում է: Ես տեղեակ չեմ: Անոր ասպարէզի երթը հոյակապ էր: Կ՛ուզէ՞ շարունակել: Ինչպէս գիտէք, ան պատերազմի ժամանակաշրջանին մէջ վարչապետ է: Մօտ օրէն պատերազմին մէջ այս կամ այն կերպով յաղթանակ պիտի արձանագրենք: Ատիկա լաւ է, ինչպէս ես պատերազմի ժամանակաշրջանի նախագահ եմ»:
Իսրայէլի տնտեսութեան նախարար Նիր Պարքաթ իր կարգին մեկնաբանելով Թրամփի խօսքը նշեց. «Թրամփի Նեթանիահուի ընտրութիւններուն թեկնածու ներկայանալու վերաբերեալ խօսքերուն ծանօթ չեմ: Մենք ընտրութիւններու կը պատրաստուինք եւ ունինք շարք մը հարցեր, զորս պէտք է աւարտենք»:
«Թրամփ-Նեթանիահու յարաբերութիւնը աննախադէպ է: Նախագահին կողմէ տարբեր յայտարարութիւններ կան, սակայն երկու պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը աննախադէպ է: Իրանը հիւլէական ռումբի շեմին եղող պետութենէ մը թուղթէ վագրի վերածեցինք: Բոլորը այս յարաբերութեան կը նային եւ շատ կը նախանձին», ըսաւ ան: