Մեր ընթերցողները կը գրեն. Քարաունի Ջուրերը Ռազմական Թիրախ Չեն

ՀՐԱՅՐ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ

Մինչ աշխարհը կը շարունակէ «մարդու իրաւունքներու» եւ «միջազգային օրէնքի» մասին ճառեր արտասանել, Իսրայէլի օդուժը կրկին իր մահաբեր յարձակումները հասցուց Քարաուն ջրամբարի շրջակայքը՝ Լիբանանի Պեքաայի սրտին մէջ։

Ի՞նչ էր թիրախը։

Ո՛չ ռազմաճակատ։
Ո՛չ հրթիռային կեդրոն։
Ո՛չ զինուորական ճամբար։

ՋՈՒՐ։

Այո՛, ժողովուրդի ջուրը։
Գիւղացիներու ապրուստը։
Երեխաներու ապագան։
Հողագործին քրտինքը։
Լիբանանի գոյատեւման վերջին շունչերէն մէկը։

Քարաունի պատնէշը քաղաքական խորհրդանիշ մը չէ։ Ան կեանքի աղբիւր է հարիւրաւոր գիւղերու եւ հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներու համար։ Այդ ջուրերէն կը խմեն ընտանիքներ։ Այդ ջուրերով կը մշակուին արտեր։ Այդ ջուրերով կը գոյատեւէ ժողովուրդ մը, որ արդէն տարիներէ ի վեր կը խեղդուի տնտեսական փլուզումի, անապահովութեան եւ քաղաքական դաւաճանութիւններու մէջ։

Ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է լռել, երբ ջուրը ինքնին կը վերածուի թիրախի։

Այս յարձակումը պարզ ռմբակոծութիւն չէ։
Ասիկա ահաբեկչութիւն է ժողովուրդի դէմ։
Ասիկա ամբողջ շրջան մը սովի, վախի եւ կենսական միջոցներու սպառնալիքով ծնկի բերելու փորձ է։

Եւ աշխարհի մեծ պետութիւնները դարձեալ պիտի լռե՞ն։

Մարդասիրութենէ խօսողները դարձեալ պիտի թաղուի՞ն կեղծ բարոյախօսութեան տակ։

Երբ ուրիշ երկիրներու ջրամատակարարումը վտանգուի, աշխարհը կ’աղաղակէ՝ «պատերազմական յանցագործութիւն»։ Բայց երբ Լիբանանի ջուրերը կը սպառնացուին, նոյն աշխարհը կը կուրնայ, կը խլանայ ու կը լռէ։

Պեքաան քարտէսի վրայ նշուած ռազմական կէտ մը չէ։
Ան հայրերու ու մայրերու հողն է։
Ան մշակին հացն է։
Ան ժողովուրդի գոյատեւման երակն է։

Այս յարձակումը պէտք է դատապարտուի ամէն ազատ ձայնէ։
Որեւէ լռութիւն՝ մեղսակցութիւն է։
Որեւէ արդարացում՝ մասնակցութիւն է այս ոճիրին։

Լիբանանի ժողովուրդը յոգնած է թիրախ ըլլալէ։
յոգնած  է պատերազմներու հաշիւը իր մորթին վրայ վճարելէ։
Յոգնած է իր երկիրը փորձադաշտի վերածուած տեսնելէ։

Քարաունի ջուրերը պատերազմական աւար չեն։

Եւ եթէ այսօր ջուրը կը ռմբակոծուի,
վաղը ամբողջ մարդկութիւնն է, որ պիտի խմէ այս լռութեան թոյնը։

 

 

 

Leave a Comment