ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մայիս ամիսը գարնան ամէնէն գեղեցիկ ամիսն է գուցէ, մանաւանդ երբ ձմեռը կը փորձէ վերջնականապէս հրաժեշտ տալ իր մռայլ օրերով` 5-6 ամսուան մը բացակայութիւն արձանագրելու համար:
Սակայն մայիսի գեղեցկութիւնը պէտք է փնտռել այլ տեղ, երբ բնութիւնը կանաչ կը հագուի, ծաղկած ծառերը կը թօթափեն իրենց փաթիլները` խոստում տալով բերքառատ ամրան կամ աշնան մը գալուստի:
Մայիսը բնութեան վերածնունդն է: Ու բնութեան այդ վերածնունդը իր բարիքը չզլացաւ նաեւ հայ ազգին ու Հայաստանին, երբ արեւաշող, պայծառ ու տաքուկ առաւօտ մը` 28 մայիս 1918-ին, մեզի տուաւ իր ընծան` Հայաստանի ազատագրութիւնը օտար լուծերէն:
Բայց եւ այնպէս, այդ պարգեւին տիրանալը այդքան ալ դիւրին չեղաւ, անիկա լոկ ընծայ մը չէր, այլ արդիւնք էր ազգային գոյամարտի, որուն երկունքը հանդիսացաւ արիւնոտ ընծայ մը` Հայոց ցեղասպանութեան, Արեւմտեան Հայաստանի հայաթափումին, մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, ինչպէս նաեւ` հայոց դարաւոր նիւթական ու մշակութային հարստութիւններուն փոշիացման հաշուոյն:
Երկունք էր նաեւ պատմական Հայաստանէն մնացած պատառիկին` Արեւելեան Հայաստանի հողին վրայ հայութեան գոյամարտը, երբ այդ փուլին հայկական կամաւորական խումբերը` հայկական բանակի կորիզը, մեն-մենակ մնացած թուրք ոսոխին դիմաց, լքուած` իրենց «բարեկամ» սեպուած ցարական Ռուսիոյ կողմէ, պոլշեւիկեան դաւադրութեամբ վրաց-թաթարական թիկունք դառնալով, անոնք ռազմաճակատը լքելով, այնտեղ թողուցին հայութեան մնացած բեկորները` կոտորուելու սպառնալիքներուն տակ:
Հայաստանի ու հայութեան բեկորները առանձին էին այդ գոյամարտին մէջ: Մէկ կողմէ պաշարուած թուրք ու թաթար հրոսակախումբերուն կողմէ, միւս կողմէ` միւս դրացիներուն ու բարեկամ սեպուածներուն կողմէ լքուած, միջազգային անտարբերութեամբ թէ դաւադրութեամբ (դաշնակից երկիրներ եւ պոլշեւիկացած Ռուսիա), հայութիւնը յաղթահարեց այդ բոլոր սպառնալիքներն ու դաւադրութիւնները, ոտքի կանգնեցաւ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի ու Պաքուի մէջ կասեցուց սպանդի սպառնալիքը, ու յարութիւն տուաւ հայութեան ու Հայաստանին` մայիս 28-ի հռչակագիրով պարգեւելով ազատ ու անկախ, սակայն ոչ միացեալ Հայաստանը:
– Ու վեց դարերու խաւարի վրայ` դրօշ եռագոյն:
Ազգային հրաշք էր, յարութեան հրաշք:
Ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ, ափսո՜ս, միայն 2-3 տարիներ ետք կքեցաւ խորհրդային-համայնավարական լուծին տակ, որ տեւեց 75 երկար տարիներ:
***
Հայաստան վերանկախացաւ 21 սեպտեմբեր 1991-ին` հանրաքուէով ու հռչակագիրով…
Սակայն, անոր կողքին, Արցախը գոյամարտ կը մղէր:
Ու տօթակէզ մայիսեան օրերուն, 8-9 մայիս 1992-ին Շուշիի ազատագրութեամբ հիմքը կը դրուէր Արցախի Հանրապետութեան:
Սպանդէն ետք անկախութիւն, եւ նորովի յարութիւն. չճանչցուած անկախութիւն մը, որ դժբախտաբար կարճատեւ եղաւ, երբ 2023-ի սեպտեմբերին ազրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով հայաթափեցաւ:
Այդ անկախութեան շիջելուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցան թշնամի, օտար ազդեցութիւններ եւ անոնց ծառայութեան տակ եղող հայանուն կամակատարներ` ըլլան անոնք անցեալի թէ ներկայի նորածին պոլշեւիկներ, որոնց դերակատարութիւնը մայիսեան արեւի լոյսին տակ հաստատումի ու փաստարկումի չեն կարօտիր:
Իսկ այսօր հայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական իրավիճակը շատ տարբեր չէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի իրավիճակէն, այլ այդ իրավիճակին մէկ գոյնն ու երանգն է:
Միջազգային` ռազմաքաղաքական իրավիճակի քաոսին մէջ, Հայաստան մնացած է թուրք-ազրպէյճանական մուրճի ու սալի տակ, միջազգային հանրութեան շահամոլական անտարբերութեան դիմաց, ներքին` իշխանական ապազգային ցեցերուն ենթակայ:
Երէկուան ֆութպոլային քաղաքականութեան իբրեւ շարունակուող վիճակ ու հետեւանք` Հայաստան այսօր ի՛նք դարձած է ֆութպոլի ցեխոտած ոտնագնդակ մը, զոր կը հարուածեն մարզադաշտին վրայ տեղակայուած հակառակորդ խումբերը` թշնամիները ու անոնց կողմնակիցները: Այդ հարուածներուն մասնակից են նոյնիսկ իրաւարարները: Իսկ հարուածներուն ամէնէն վատը կու գայ կողմնակից` Հայաստանի խումբէն:
Ազգային-քաղաքական բեմին վրայ թրծուած ու իր մազերը ճերմկցուցած երէց ընկերներէս մին առիթով մը, առանց բառերը ծամծմելու, բանաձեւեց մեր տեսարանը` ըսելով.
– Տղաշէն, կարծես ամբողջ աշխարհը մեզի հետ թշնամացած է ու կը դաւէ:
Ժողովրդային առածի բնորոշումը շատ խօսուն է.
– Ծերացած եզան վզին դանակ զարնողները բազմացած են:
***
Հակառակ վերոյիշեալ մռայլ իրականութիւններուն` ապրումներս ու զգացումներս կու գան ինծի յուշելու պատմութեան մէջ կրկնուած երեւոյթին վերստին կրկնուելու պահուան մօտալուտ ըլլալը, այնպէս, ինչպէս պատահեցաւ 1918-ի եւ 1992-ի մայիս ամիսներուն, անկախութեան ամիսներուն: Ճակատագրական օրերու արշալոյսի սպասումներ կ՛ալեկոծեն ներաշխարհս, որովհետեւ 5000-ամեայ (եւ աւելի) պատմութեան երթ արձանագրած հայութեան արգիլուած է յուսահատիլ: Յուսահատիլ` կը նշանակէ անձնասպան ըլլալ:
Բանաստեղծը տասնամեակներ առաջ բանաձեւած էր.
«Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար…»:
Պատմական իրողութիւն են 1918-ի եւ 1992-ի «խենթութիւններն ու խենթերը»:
Մերօրեայ փաստերէն են, երբ, ափսո՜ս Արցախի 2020-ի գոյամարտը եւ անոր վերջին արարին գտնուեցան հայ դաշնակցական նուիրական «խենթեր», որոնք քով քովի գալով` կազմեցին կամաւորական խումբեր, գումարտակներ, որոնք ճամբայ ելան պաշտպանելու Արցախի անկախութիւնը, թէկուզ անոնց մեծ մասին, մեր ներքին ցեցերուն դերակատարութեամբ, խափանուեցաւ հասնիլ այնտեղ, ուր կ՛երթային, ու անոնց` սրբազան նահատակութեան փառքի ճանապարհին երթը դաւադրութեամբ կասեցուեցաւ: Սակայն փաստ է, որ տակաւին հայորդիներ կը հաւատան հայրենիքի փրկութեան ու պաշտպանութեան համար «խենթանալուն»:
Ինծի նմաններուն պէս, կեանքիս աշնանամուտին հասած, կը շարունակեմ հաւատալ հայկական «խենթութեան» ու հրաշագործ սպեղանիին բուժման կարողութեան:
Քեսապ