Անկախութիւնը
Ապագայի Երաշխիքն Է

Անկախութիւնը մեծագոյն արժէքներէն մէկն է, որ ժողովուրդ մը կրնայ ունենալ: Անիկա կը նշանակէ` ազատութիւն, ինքնուրոյն ապրելու, որոշումներ կայացնելու եւ սեփական ճակատագիրը կերտելու իրաւունք: Անկախ պետութիւնը չ՛ենթարկուիր ուրիշ ուժերու կամքին, այլ կը ղեկավարէ իր ապագան` իր ժողովուրդի կամքով:
Պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ ազգեր պայքարած են անկախութեան համար` մեծ զոհողութիւններով եւ հերոսական կռիւներով: Առանց անոր` անհնար է պահպանել ազգային ինքնութիւնը, լեզուն եւ մշակոյթը: Անկախութիւնը միայն քաղաքական երեւոյթ չէ, այլ նաեւ` պատասխանատուութիւն: Ան կը պահանջէ, որ քաղաքացիները հաւատարիմ ըլլան իրենց հայրենիքին, աշխատին անոր բարգաւաճման համար եւ պահեն օրէնքն ու կարգապահութիւնը: Միայն այդպէս կարելի է ամրապնդել անկախութիւնը եւ զայն փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:
Անկախութիւնը ոչ միայն անցեալի պայքարի արդիւնք է, այլ նաեւ` ներկայի պարտականութիւն եւ ապագայի երաշխիք: Մենք բոլորս պէտք է արժեւորենք զայն եւ պաշտպանենք ամէն գնով, որպէսզի մեր հայրենիքը միշտ մնայ ազատ ու անկախ:
ԱՆԹՈՆԷԼԼԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
Մայիս 28-ի Խորհուրդը
Հայոց պատմութեան մէջ կան օրեր, որոնք դարձած են սրբազան ու յաւերժ յիշատակուող թուականներ: Այդպիսի օրերէն ամենանշանակալիցն է մայիս 28-ն: 1918 թուականի այդ օրը հռչակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, եւ դարերու ընթացքին կորսնցուցած անկախութիւնը վերականգնուեցաւ: Հայ ժողովուրդը գոյատեւման պայքարի մէջ գտնուեցաւ: Ան, բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, կրցաւ ստեղծել իր սեփական պետութիւնը, վերահաստատել իր ինքնութիւնը: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերու ընթացքին հայերը յաջողեցան պաշտպանել իրենց հայրենիքը մեծաթիւ նահատակներու գնով: Յաղթանակները փրկեցին հայ ազգը եւ հիմք դարձան անկախ պետականութեան ստեղծումին: ՀՅԴ իր կամաւոր գունդերով ու ֆետայիներով կերտեց առաջին անկախ պետութիւնը:
Մայիս 28-ն կը խորհրդանշէ` անկախութիւն, ազատութիւն, ազգային վերածնունդ: Մայիս 28-ն կը յիշեցնէ, որ անկախութիւնը դիւրութեամբ կարելի չէ ստանալ, մեր պարտքն է արժեւորել ու պահպանել զայն: Մայիս 28-ն պայքարի կոչ մըն է` վերատիրանալու բռնագրաւեալ տարածքներուն, մեր հայրենիքը սիրելու եւ մի՛շտ պաշտպանելու զայն թշնամիէն, աշխատելու հայրենիքի զարգացման համար, ըլլալու միասնական, բարձր պահելով մեր պատմութիւնը, լեզուն, մշակոյթն ու արժանապատուութիւնը: Մայիս 28-ն նաեւ մեզի կը պարտաւորեցնէ պատասխանատու ըլլալ մեր երկրին ապագային նկատմամբ: Այս թուականը ոչ միայն պատմական յիշողութիւն է, այլ նաեւ` հպարտութեան եւ ուժի աղբիւր: Յիշեցնելով անցեալը` կ՛ոգեկոչէ ներկան եւ կ՛առաջնորդէ դէպի ապագայ:
Մայիս 28-ը կոչ է կառուցելու հզօր ու զարգացած Հայաստան, ուր կը պահպանուին ազգային բոլոր արժէքները, եւ կ՛ապահովուի ժողովուրդին բարօրութիւնը: Մայիս 28-ն պէտք է մի՛շտ ըլլայ ոգեշնչման աղբիւր ապագայ սերունդներուն եւ վերանորոգուած ուխտը` մեր սուրբ հողին…
ԱՐԻՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
ՀՅԴ «Յառաջ» ՊՄ
Մեր Միասնականութեան
Ուժը

Այսօր մենք հպարտութեամբ կը նշենք Մայիս 28-ն` ա՛յն պատմական օրը, երբ հայ ժողովուրդը վերագտաւ իր ազատութիւնն ու արժանապատուութիւնը: 1918 թուականին, դժուար ու ճակատագրական պայմաններու մէջ, մեր ժողովուրդը կրցաւ կանգնիլ, պայքարիլ եւ հռչակել Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը` սկիզբ դնելով մեր անկախ պետականութեան:
Այս օրը պարզ տօն մը չէ, այլ` յիշեցում, որ ազատութիւնը երբեք հեշտութեամբ չի նուաճուիր: Ան կը կերտուի` քաջութեամբ, զոհաբերութեամբ եւ անսասան հաւատքով: Մեր հերոս նախնիները իրենց կեանքը զոհեցին, որպէսզի մենք այսօր ապրինք ազատ ու արժանապատիւ հայրենիքի մէջ:
Մայիս 28-ն մեզի կը սորվեցնէ, թէ որքա՛ն կարեւոր է միասնականութեան ուժը: Երբ մենք միաբան ենք, կրնանք դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները եւ կառուցել աւելի պայծառ ապագայ: Այսօրուան երիտասարդ սերունդին վրայ կը դրուի մեծ պատասխանատուութիւն` պահպանելու մեր լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային արժէքները:
Թող այս օրը միշտ վառ մնայ մեր սրտերուն մէջ` որպէս յոյսի, պայքարի եւ յաղթանակի խորհրդանիշ: Թող ան մեզ ներշնչէ շարունակել մեր նախնիներու սկսած ուղին եւ աշխատիլ մեր հայրենիքի բարգաւաճման համար:
Փա՜ռք մեր հերոսներուն եւ յաւերժական պատիւ մեր անկախ պետականութեան:
ՍԱՐԻՆ ԱԶԶԱՄ
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ՊՄ
Ազատութեան Վերածնունդը
28 մայիս 1918-ը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ անջնջելի հետք ձգած օր մըն է: Այդ օրը կը նշուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումը` երկար տարիներու պայքարէ, տառապանքէ եւ կորուստներէ ետք: Անիկա պարզապէս պատմական դէպք մը չէ, այլ խորհրդանիշ մըն է հայ ժողովուրդի տոկունութեան, հաւատքին եւ անկախ ապրելու կամքին:
Այդ շրջանը չափազանց դժուար էր մեր ժողովուրդին համար: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայութիւնը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէր. կորսուած էին միլիոնաւոր կեանքեր, եւ շատեր կը պայքարէին գոյատեւելու համար: Բայց նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդը չյանձնուեցաւ: Ան համախմբուեցաւ եւ իր ուժերով կարողացաւ կերտել անկախ պետականութիւն:
Այս պայքարին մէջ յատուկ դեր ունեցան հայ մայրերը, որոնք միշտ եղած են հայ ընտանիքին սիւնն ու ազգի ոգին: Անոնք իրենց ուսերուն վրայ կրեցին մեծ բեռ մը` կրթելով ու դաստիարակելով զաւակներ, պահպանելով ընտանիքներ եւ փոխանցելով ազգային ոգին: Երբ տղամարդիկ կը կռուէին ճակատներուն վրայ, մայրերը տուներուն մէջ կը պահէին կեանքը եւ յոյսը:
Շատ մայրեր մեծ ցաւ ապրեցան` կորսնցնելով իրենց զաւակները, սակայն անոնք չկոտրուեցան: Իրենց մէջ պահեցին հաւատքը եւ շարունակեցին դաստիարակել նոր սերունդ մը, որ պիտի շարունակէր իրենց սկսած պայքարը: Անոնց համբերութիւնը եւ նուիրումը դարձան հիմք մը, որուն վրայ կառուցուեցաւ մեր ազգային գոյութիւնը:
Մայիս 28-ն նաեւ կը յիշեցնէ մեզի, թէ անկախութիւնը հեշտութեամբ ձեռք չի բերուիր: Ան կը պահանջէ` միութիւն, քաջութիւն եւ զոհողութիւն: Այդ օրուան հերոսները իրենց կեանքը վտանգեցին, որպէսզի ստեղծեն ապագայ մը` իրենց ժողովուրդին համար:
Այսօր, երբ կը նշենք այս օրը, պէտք է ո՛չ միայն յիշենք անցեալը, այլ նաեւ գիտակցինք մեր պատասխանատուութեան: Մենք պարտաւոր ենք պահպանել մեր լեզուն, մշակոյթն ու ինքնութիւնը, եւ շարունակենք ա՛յն ուղին, որ սկսած են մեր նախնիները:
Եզրափակելով` մայիս 28-ն յոյսի, վերածնունդի եւ հպարտութեան օր մըն է: Ան կը վկայէ, թէ հայ ժողովուրդը, որքան ալ դժուարութիւններու հանդիպի, միշտ կը գտնէ ուժը վերականգնելու: Իսկ հայ մայրերը, իրենց անսահման սիրով եւ զոհողութեամբ, կը շարունակեն մնալ այդ ուժին ամէնէն խոր արմատը:
ՔԼՕԷ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ՊՄ
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Տօնը
Մայիս 28-ն շատ կարեւոր օր մըն է բոլոր հայերուն համար: Այդ օրը, 1918 թուականին, Հայաստանը իր անկախութիւնը հռչակեց առաջին անգամ` երկար դարերէ ետք:
Սարդարապատի հերոսամարտէն ետք հայ ժողովուրդը կրցաւ ետ մղել օսմանեան բանակը եւ հիմնել իր սեփական պետութիւնը: Այսպէս ծնաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը:
Թէեւ այս հանրապետութիւնը միայն երկու տարի տեւեց` մինչեւ 1920, սակայն ան մեծ յոյս տուաւ հայ ժողովուրդին: Շատեր հերոսաբար պայքարեցան, եւ ժողովուրդը կերտեց ազատ երկիր մը` իր դրօշով, իր կառավարութեամբ եւ իր բանակով:
Այսօր մայիս 28-ն կը նշուի Հայաստանի մէջ եւ ամբողջ սփիւռքի տարածքին, նաեւ` Լիբանանի մէջ: Հայերը կը հաւաքուին, կը տօնեն, կ՛երգեն, ազգային պարեր կը պարեն եւ կը յիշեն ա՛յն հերոսները, որոնք կռուեցան ազատութեան համար: Հայկական դպրոցներուն մէջ աշակերտները կը պատրաստեն թատրոններ, տեսանիւթեր եւ աւանդական պարեր:
Այս օրը մեզի կը յիշեցնէ, որ անկախութիւնը դիւրութեամբ ձեռք չի բերուիր: Ան զոհողութիւն կը պահանջէ: Մայիս 28-ն հպարտութեան, յիշատակի եւ միութեան օր մըն է աշխարհի բոլոր հայերուն համար:
ԱՆԺԵԼՕ ՊՈՒՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» ՊՄ
Տարուան Յատուկ Ամիսը
Մայիս ամիսը մեզի համար յատուկ նշանակութիւն ունի: Իբրեւ հայ պատանի` ես այս ամիսը կը զգամ որպէս յիշողութեան, վերածնունդի ու նաեւ սիրոյ շրջան: Այս ամսուն կը նշենք մայրերու տօնը, առիթ մը` գնահատելու անոնց անսահման նուիրումը եւ ջերմութիւնը: Մայրերը մեր կեանքին մէջ մեծ դեր ունին, անոնք են, որոնք մեզ կը մեծցնեն սիրով եւ կը սորվեցնեն մեր արժէքները:
Միաժամանակ մայիսը մեզի կը յիշեցնէ մեր պատմութիւնը եւ կը ներշնչէ մեզ` շարունակելու մեր ճանապարհը հպարտութեամբ: Բնութիւնը կը ծաղկի, եւ մենք ալ կը վերանորոգենք մեր յոյսերը:
Թող այս ամիսը լեցուն ըլլայ սիրով, յոյսով եւ ուժով:
ԱՄԱՆՏԱ ՔԱՆՏԻՔԵԱՆ
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» ՊՄ
Հայկական
Պետականութեան Հիմքը
1918 թուականի մայիս 28-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն-ը` դառնալով հայ ժողովուրդի առաջին անկախ պետութիւնը երկար դարերէ ետք: Անկախացումը կարելի եղաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն շնորհիւ:
Առաջին անկախացումը մեծ կարեւորութիւն ունեցաւ, որովհետեւ վերականգնեց հայ ժողովուրդին հաւատքը սեփական պետութիւն ունենալու նկատմամբ: Ան ցոյց տուաւ, որ նոյնիսկ ամենադժուար պայմաններուն մէջ հայ ժողովուրդը կրնայ պայքարիլ, միաւորուիլ եւ ստեղծել անկախ հայրենիք: Այս անկախացումը դարձաւ ապագայ հայկական պետականութեան հիմքը:
ՌԻԹԱ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» ՊՄ
Մայիս 28` Ազատութեան Յաղթանակը

Մայիս 28-ն հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն փառաւոր օրերէն մէկն է: 1918-ին այս օրը հայ ժողովուրդը, երկար տարիներու տառապանքէ եւ պայքարէ ետք, հռչակեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Այս անկախութիւնը ծնաւ հայ ժողովուրդի քաջութենէն, հաւատքէն եւ միասնական պայքարէն:
Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերուն մէջ հայ ժողովուրդը ապացուցեց, որ երբ միասնական է, կրնայ յաղթահարել ամէն դժուարութիւն: Հայը մոռցաւ իր ցաւերն ու վիշտերը եւ հպարտութեամբ վեր բարձրացուց հայկական եռագոյն դրօշը:
Մայիս 28-ն մեզի կը սորվեցնէ, որ հայրենասիրութիւնը, միասնութիւնն ու հաւատքը ազգը կը դարձնեն ուժեղ եւ անպարտելի: Այս օրը մենք երախտագիտութեամբ կը յիշենք բոլոր հերոսները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հայրենիքի ազատութեան համար:
Փա՛ռք մեր հերոսներուն:
Շնորհաւոր մայիս 28:
ԱՆՆԱ ՄԱՐԻԱ ԽԱԺԻ
ՀՅԴ «Քրիստափոր» ՊՄ