Ինքնութիւն…
2. Բ.- Յ. Քիւրքճեանի սփիւռքեան ինքնութեան տեսաբանումը 1968-ին հրապարակ կու գար «Ահեկան» պարբերականին մէջ: Անիկա «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» վերնագրութիւնը ունէր: Զայն ներշնչողը, գուցէ փութացնողը Հայաստանի գրողներէն` Վարդգէս Պետրոսեանի մէկ գրութիւնն էր. «Հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով», լոյս տեսած` 1968-ի «Գարուն» թիւ 3-ին մէջ (Պետրոսեան ետքը նոյն տիտղոսով հատոր մը հրատարակութեան պիտի յանձնէր: Հատորը լոյս տեսած է 1977-ին, Երեւան):
Պետրոսեանի գրութիւնը խորհրդածութիւն մըն է, որ գրական մտահոգութեամբ կատարուած է եւ կը վերաբերի «ազգային կերպար» հասկացողութեան: Ան խնդրականացուցած է ատոր աւանդական ընկալումը եւ` նորին ընդառաջում առաջարկած: Իսկ Քիւրքճեանի գրափորձը նոյնը կատարած է, սակայն` սեւեռուելով ինքնութեան հարցին:
Արդ, քանի իմ առաջադրութիւնս ինքնութեան մասին է, եւ քանի Քիւրքճեանի ծիրին մէջն ենք, Պետրոսեանի միտքերէն պիտի քաղեմ «հայ մարդու բնութագիր»-ին, այլ խօսքով` ինքնութեան առնչուածները:
Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ Պետրոսեան ի մտի ունեցած էր 50-ական եւ 60-ական թուականներու հայաստանցի հայ մարդը:
Ան իր խորհրդածութիւնը սկսած է երիտասարդներու հետ երեկոյթի մը նշմարով: Նոր վերադարձած Քանատայէն` զինք հրաւիրած էին Աշտարակի «Ծիծեռնակ» անուն սրճարանը: Երիտասարդները հետաքրքրուած էին, թէ` «Ի՛նչ կայ ովկիանոսից այն կողմ»: Ամէնքը հաւաքուած էին շամփայնի եւ սուրճի սեղաններու շուրջ: Պետրոսեան նկարագրած է, թէ երբ խօսակցութիւնը շատ կը լրջանար, կը միջամտէր գիւղի փոքրիկ ճազը: Կը նուագէին եւ կ՛երգէին Ժաք Պրել, Ազնաւուր, Կոմիտաս: Նաեւ կը պարէին. թուիսթ, շէյք ալ կը փորձէին: Այնտեղ ուշադրութիւն գրաւած էր ջրաղացպանին տղան, որ օրիորդի մը հետ թուիսթ կը պարէր…
Պետրոսեան այս նշմարը գրի առած է ըսելու համար, որ պահը իրեն յայտնած է «մի շարք մտքերի» լուծում: Պահը նոր վկայութիւն էր այն մասին, թէ երբ փոքր միջավայր մը նման պատկեր կը պարզէ, ապա «Հայաստանի երեսուն հազար քառակուսի քիլոմեթրը… աւելի խայտաբղէտ, բարդ ու ծայրայեղութիւններով հարուստ է»: Հայաստանը եւ հայը կենցաղի, սովորութիւններու զարգացման մակարդակի, մարդկային խառնուածքներու, հինի եւ նորի, հակասութիւններու քոքթէյլն է: Գրած է. «…Մենք ապրում ենք (…) ազգային խառնուածքի վերանորոգման բարդ գործընթաց: Այդ գործընթացին նպաստում են բազմաթիւ երեւոյթներ` ընկերային, տնտեսական վիթխարի փոփոխութիւնները, մեր անհանգիստ ու հիւանդագին դարաշրջանը, այն, որ համատարած գիւղերի երկրից` Հայաստանը դառնում է քաղաքների, թեքնիք մտաւորականութեան, գիտութեան, ամենաժամանակակից արդիւնաբերութեան երկիր:
Ազգային խառնուածքի վերանորգման այդ գործընթացին չէր կարող չազդել նաեւ այն, որ այդ տարիներին հայրենիք են վերադարձել ու շարունակում են վերադառնալ տարբեր պետութիւնների եւ ժողովուրդների կնիքը կրող մեր հազարաւոր հայրենակիցներ»: Համաձայն իրեն, «նոյնիսկ պետականութեան պայմաններում» քաղաքակրթութեան բնական հանգրուաններն անցած ժողովուրդներու ազգային խառնուածքի, աւանդութիւններու, կենցաղի պատկերացումներուն մէջ հակասութիւններ եւ ծայրայեղութիւններ կան, իսկ փոքրաթիւ ժողովուրդներու պարագային, ինչպէս հայութեան, որ ապրեր է «անըմբռնելի ճակատագիր», եւ որուն գլխուն «հարիւրամեակներ շարունակ կախուած է եղել ֆիզիքական բնաջնջման վտանգը», այն հակասութիւններն ու ծայրայեղութիւնները «կողք կողքի» ըլլալով` աւելի կ՛երեւան: Այս իրողութիւնը կը ստիպէ, որ սրբագրուի «հայ մարդու ազգային նկարագրի աւանդական պատկերացումը»: Արդ, ըստ իրեն, հայութեան որպէս մէկ բնաւորութիւն ըմբռնումը` անցեալին կը պատկանէր: Գրած է. «Ազգային քոլորիտ, ազգային բնաւորութիւն հասկացողութիւնները պատմական երեւոյթ են, եւ ոչ` մէկընդմիշտ սահմանուած որակ»: Հայութիւնը, ինչպէս ուրիշներ, բազամազան բնաւորութիւններով ազգ մըն է:
Հայաստանը «անհանգիստ դարի» ու աշխարհի բջիջներէն էր: Եւ անոր մէջ տեղի կ՛ունենային ժամանակակից կեանքի «բոլոր գործընթացները»: Այնտեղ ո՛չ միայն կը շարունակուէին աւանդները, այլեւ կը ծնէին նոր աւանդներ, նոր պատկերացումներ, «նոր կերպարներ» (նաեւ հասկնալ` նոր ինքնութիւններ):
Փոփոխութիւններուն այս ընթացքը իր հայեացքը եւ բարոյականը կը պարտադրէ: Այս համոզմամբ, ան գրած է. «Մենք իրաւունք չունենք այդ գործընթացի, հին, երբեմն մեռնող մասը համարելու մեր ազգային կեանքին յատուկ, իսկ նորը գուցէ առայժմ դեռ անհասկանալին` մերժենք»:
«Ազգային կերպարի հասկացողութիւն»-ը, հետեւաբար` նաեւ ազգային ինքնութիւն հասկացողութիւնը, շատ անյայտներ ունի: «Գնալով բարդանում է մեր օրերի հայ մարդու բնութագիրը… քանի որ… նա ապրում է իբրեւ 20-րդ դարի երկրորդ կէսի մարդ` իր մարդկային, ազգային եւ համամարդկային հոգսերով», գրած է Պետրոսեան:
(Շարունակելի 5)
