
ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 24 մայիս 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին,
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Տեղի պիտի ունենայ վարդապետական գաւազանի տուչութիւն հետեւեալ միաբան հայրերուն`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՐՄԷՆ ԱԲՂՅ. ԳԱԼԱՃԵԱՆԻՆ
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՏԷՀՃԵԱՆԻՆ
ՀՈԳՇ. Տ. ԱԶԱՏ ԱԲՂՅ. ՖԻԼԻՔԵԱՆԻՆ
Գաւազանի տուչութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները յիշեալ հոգեպարար արարողութեանց աղօթակից ըլլալու հայր սուրբերուն, որպէսզի անոնք իրենց կոչումին մէջ ըլլան հաստատ, հաւատքին մէջ` անսասան, իսկ առաքելութեան մէջ` ծաղկուն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ`
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 25 ՄԱՅԻՍԷՆ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 1 ՅՈՒՆԻՍ 2026
Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած սովորութեան համաձայն, Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, ամէն երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց մատրան դիմաց տեղի պիտի ունենայ ժամասացութիւն եւ հետեւեալ նիւթերուն շուրջ կատարուի հոգեւոր խորհրդածութիւն.
* Երկուշաբթի, 25 մայիս 2026, երեկոյեան ժամը 6:30-ին
Աղօթքի շաբթուան բացում, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆի
եւ մասնակցութեամբ թեմիս քահանայից դասուն
* Երեքշաբթի, 26 մայիս 2026, երեկոյեան ժամը 6:30-ին
Խորհրդածութեան նիւթ` «Քրիստոնեայ Հաւատացեալը»
Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ`
ԱՐԺ. Տ. ՅԱԿՈԲ Ա. ՔՀՆՅ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ
* Չորեքշաբթի, 27 մայիս 2026, երեկոյեան ժամը 6:30-ին
Խորհրդածութեան նիւթ` «Աստուծոյ խօսքը մեր ամէնօրեայ հացը պէտք է ըլլայ»
Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ`
ԱՐԺ. Տ. ՂԵՒՈՆԴ ՔՀՆՅ. ԼՕՇԽԱՃԵԱՆ
* Հինգշաբթի, 28 մայիս 2026, երեկոյեան ժամը 6:30-ին
Խորհրդածութեան նիւթ` «Միշտ աղօթել առանց վհատելու»
Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ`
ԱՐԺ. Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
* Ուրբաթ, 29 մայիս 2026, երեկոյեան ժամը 6:30-ին
Խորհրդածութեան նիւթ` «Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնը առիթ` վերանորոգման»
Խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ`
ԱՐԺ. Տ. ՍՈՒՐԷՆ ՔՀՆՅ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
* Երկուշաբթի, 1 յունիս 2026, երեկոյեան ժամը 6:00-ին
Սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ Հռիփսիմեանց Մասունքով ՋՐՕՐՀՆԷՔ
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆի
եւ մասնակցութեամբ թեմիս քահանայից դասուն
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակից դառնալու հոգեպարար արարողութեանց:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԱՅՔ ՆԷՍԻՄԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 24 մայիս 2026-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: