ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անկեղծօրէն յայտնեմ, որ շա՜տ շատերու համար այս տողերը կրկնութիւններ կրնան ըլլալ կամ թուիլ, որովհետեւ, պատեհութիւնը երբեք չէ պակսած այս բոլորին մասին խօսելու, կամ գրելու: Ու թէեւ միշտ խօսած եւ գրած ենք, բայց, հակառակ այս իրականութեան, կը կարծեմ, որ պէտք է կրկնել յիշեցնելու համար անհրաժեշտն ու ճշմարիտը, որովհետեւ նման մատնանշումներ նաեւ ասպարէզ կը հանեն զանազան կէտեր, թերութիւններ, որոնք ինքնագիտակցութեան անձայն պատգամներ ըլլալէ չեն դադրիր:
Իրականութիւն է, որ մենք ազգովին, ո՛ւր ալ գտնուէինք, չէինք վարժուած այսպէս ապրիլ: Նաեւ քաջատեղեակ ենք, որ իբրեւ ազգ` տակաւին զոհ ենք աննպաստ պայմաններու:
Ահա թէ ինչո՛ւ ամէն տեղ յաճախ յուզիչ է մեր ազգային պատկերը: Հոս-հոն հայու շնչած օդին մէջ սխալ «բաներ» կան: Ո՛չ առողջարար: Յաճախ թունաւոր: Հակառակ անոր որ փոթորկալից ամպերու տակ կ՛ապրինք, սակայն այնպէս կ՛երեւի, թէ մեր մտայնութիւնը քարանալով` ցարդ չենք կրցած զայն փոխել: Անհանգիստ, անհաւասար եւ հակասական կեանք: Ու այս շատ «բաները», որոնք պատահած էին, եւ որոնք պէտք չէ որ պատահէին, կամաց-կամաց հայու մեր հարազատ խանդավառութիւնը սկսած են մաշեցնել:
Նաեւ տեսանելի է, թէ ինչպէ՛ս ատելութիւնը գողցած է մեր սէրը, մեր` իրարու հանդէպ ունեցած վստահութիւնն ու յարգանքը:
Հաւատացէ՛ք, հասկնալի եւ քիչ մըն ալ կոպիտ աղմուկով արձանագրած այս տողերս ու մանաւանդ անոնց վրայ մէկիկ-մէկիկ շարուած բառերս դառնութեանս ձայներէն են հիւսուած: Անոր համար յաճախ բացագանչութեան նման կը փրթին` իբրեւ ահազանգ եւ իբրեւ անձրեւ սպառնացող «ամպ»:
Նաեւ յիշեցման կարգով աւելցնեմ…կար ժամանակ, որ մեր ապրած այս աշխարհը ուրիշ էր: Նոյնպէս` հայոց աշխարհն ու «արտաշխարհները»: Պարզ, առանց ծածկուած բարդոյթի, յստակ գիրերու էջերով բացուած գիրքի նման:
Բայց ներկայիս տեսանելի է, թէ մեր ապրած նոյն այս աշխարհը ինչպէ՛ս փոխուած է:
Ո՛չ … ո՛չ, սխալ է… աշխարհը չէ՛, որ փոխուած է… այլ մե՛նք ենք, որ փոխուած ենք` մե՛ր կեցուածքով, մե՛ր գործելակերպով, մեր կենցաղով, մե՛ր մտայնութեամբ, մե՛ր սէրերով ու ատելութիւններով, մե՛ր նկարագրով, մե՛ր անհոգութիւններով եւ անտարբերութիւններով, մե՛ր թունաւոր բառերով եւ մտածելակերպերով ու յատկապէս` փառամոլութենէն ծնունդ առած մեր նախանձով:
Շատ լաւ գիտենք, որ տարակարծիք կողմերու միջեւ ծագած անհասկացողութեան եւ հարցերուն շուտափոյթ լուծման համար, դրական երկխօսութեան կողքին, երկզիջումն ալ մեծապէս իր նպաստը բերած է: Բայց, դժբախտաբար, հայու մեր երկնքի տակ, նման «բան» մոռցուած է: Անգործնական նկատուած: Դիտմամբ կամ ակամայ: Ահա ե՛ւ հսկայ ե՛ւ տխուր իրականութիւն: Մանաւանդ` անբովանդակ: Անոր համար է, որ մեր կարգ մը բարոյական հասկացողութիւնները արդէն կորսուած են, եւ կամ կորսուելու վրայ են:
Կասկածի ու տարակուսանքներով լի մթնոլորտին մէջ կ՛ապրի մեր ժողովուրդը: Թէեւ ուղղութիւնները շատ են, սակայն նման իրավիճակի մէջ կարելի չէ այսպէս պարզօրէն մօտենալ եւ արագ լուծումներ առաջարկել:
Ուրեմն… ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը` խալխուլ զգացումը: Աշխարհը, ուր կ՛ապրինք, մեր ճակատագրի այն մասն է, որ կը կերտէ մեր կեանքը: Ու այդ ճակատագիրը նախասահմանուած չէ: Թէեւ նպատակները բազմազան են, իսկ ընտրութիւնը կախում ունի մեր կամքէն: Ուստի կարճամտութիւն է խօսիլ առարկայական պայմաններու մասին, որովհետեւ, անմեղօրէն ըսելով, մարդիկ կորսնցուցած են ինքնադատութիւն կոչուած հայելիին դիմաց ինքզինքնին դիտելու, նայելու, տեսնելու, ապա սրբագրելու ու սրբագրուելու կարողականութիւնն ու քաջութիւնը:
Ճիշդ է որ պարտուած ենք ամէն ճակատի վրայ եւ կը հեւանք ու ամէն օր նոյն յոյսին կը սպասենք, սակայն կը մոռնանք, որ փրկելու եւ փրկուելու համար անպայման եւ անյապաղ զարկ պէտք է տալ մեր մշակոյթին:
Տեսանելի է, թէ ինչպէ՛ս մեր նոր սերունդը, սնդիկի նման դուրս կը թափի մեր ափէն:
Միշտ կը տեսնենք, թէ խենթ հով մը ինչպէ՛ս կը վազէ մէկ ծառէն միւսը եւ կը փրցնէ թերթիկներ, որոնք կը թաւալին օդին մէջ խելակորոյս: Որքա՜ն կը նմանինք այս տերեւներուն` աշխարհի մեր ծփուն «հայրենիքներուն» երկնքի մէջ: Նոյն այդ հովն է, որ իր թեւերուն մէջ առած է մեր համրանքը, եւ կը խաղայ մեր ճակատագրին հետ:
Քաղցրահնչիւն բառերով ո՛չ անհատը կը փրկուի, ո՛չ ալ` ազգը: Կարգ մը գաղութներէ ներս դարձած ենք բազմութիւն, որ իր լոյսը փնտռելով` կ՛երազէ: Լա՛ւ յիշենք… ջաղացքի քարերը եթէ առանց ցորենի դառնան, իրենք զիրենք կը մաշեցնեն: Ու այնպէս կ՛երեւի, թէ հոսկէ-հոնկէ, ջաղացքի քարէն այրուածքի հոտը կու գայ արդէն:
Բայց, հպարտանքով նաեւ աւելցնեմ, որ հակառակ այս մերկ իրականութիւններուն` տակաւին եւ ամէն տեղ ունինք բացառիկներու խումբեր, որոնց ներկայութիւնը օրհնութիւն եղած է մեզի: Ու նոյն այս բացառիկներն են, որոնք գերագոյն ճիգերով միշտ մեծ յանձնառութիւններու տակ կը մտնեն եւ այս ձեւով կը փորձեն հայ կեանքի բոցը վառ պահել: Անոնք, հոսանքն ի վեր ուժ ունենալով, նոյն այդ հոսող ժամանակին դէմ կը թիավարեն` անսակարկ, ներքին հաւատքով, պատկանելիութեան հուրով, ազգին ծառայելու տենչով եւ խաթարումէ հեռու մնալու նախաձեռնութեամբ ու ցեղային ու ազգային մեր ինքնութիւնը հաստատ պահելու փափաքով:
Այս մարդիկը մեր ազգային հպարտութիւնն են, ըլլան անոնք համախմբուած միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հովանիի տակ, կամ` անհատապէս:
Շատ խօսած ենք այս բոլորին մասին:
Քիչ վերը պատգամ ըսի: Աւելցնեմ, որ այդ պատգամը նաեւ ընթերցողին իմացութիւնը կը հարստացնէ: Ուստի ժամանակն է, որ վերադառնանք դէպի իրականութիւն ու մանաւանդ առանց սակարկութեան` նուիրուածութիւն, իւրաքանչիւրս իր դերին գիտակցութեամբ: Որովհետեւ, անգիր օրէնքի համաձայն, իւրաքանչիւրս իր ստանձնած դերին գիտակցութիւնը պէտք է որ ունենայ:
Արդ, կարճ կապեմ: Գիտեմ, որ մարդկային միտքը երկարաշունչ ընթերցումներէն ինքզինք բաւական յոգնած կը զգայ: Ուրեմն, այս բոլորէն ետք եթէ հարց տրուի… ի՞նչ պէտք է ընել, որ լաւին սպասումը կարօտի չվերածուի: Պատասխանը.
Վերադառնալ դէպի մեզ… դէպի մեր ազգային ակունքներ: