Յայտարարութիւններ ( Մայիս 22 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 24 մայիս 2026-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին,

Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Տեղի պիտի ունենայ վարդապետական գաւազանի տուչութիւն հետեւեալ միաբան հայրերուն`

ՀՈԳՇ. Տ. ԱՐՄԷՆ ԱԲՂՅ. ԳԱԼԱՃԵԱՆԻՆ
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՏԷՀՃԵԱՆԻՆ
ՀՈԳՇ. Տ. ԱԶԱՏ ԱԲՂՅ. ՖԻԼԻՔԵԱՆԻՆ

Գաւազանի տուչութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՄԱԿԱՐ ԱՐՔ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները յիշեալ հոգեպարար արարողութեանց աղօթակից ըլլալու հայր սուրբերուն, որպէսզի անոնք իրենց կոչումին մէջ ըլլան հաստատ, հաւատքին մէջ` անսասան, իսկ առաքելութեան մէջ` ծաղկուն:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ՄԱՅՔ ՆԷՍԻՄԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 24 մայիս 2026-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Leave a Comment