Մտորումներուս Դեգերումներով. Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Ղեկավարութիւնը արհեստ կամ մասնագիտութիւն չէ՛, որ արհեստավարժութեան վերածուի կամ անով պսակուի.

ղեկավարութիւնը Արուեստ է, ինչպէս ե՛ւ ղեկավարը արուեստագէտ է` իբրեւ մարդկային հոգիի եւ մարդկային ու ազգային ընկերութեան կերտի՛չ, ճարտարապե՛տ, տեսանո՛ղ, առաջատա՛ր ուժականութիւն:

… Ղեկավարը բարոյական նկարագիր է ամէնէն առաջ, համադրող ու առաջամղիչ կամք է յետոյ, բազմակողմանի,

լայնահորիզոն ու ստեղծագո՛րծ միտք է ապա, տեսանո՛ղ է ու ներշնչո՛ղ` իբրեւ իր դասակարգի, իր ազգի եւ իր պետութեան կամքը, նուիրական իղձերը, սրբութիւնները, շահերն ու իտէալները մարմնաւորող, խորհրդանշող, կենսաւորող ուժ: Այս բոլորին համադրութիւնն է ղեկավարութիւնը:

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Անձնապէս շատ ազդուած եմ ընկեր Ս. Զէյթլեանի հրապարակախօսութեան ոճէն ու էութենէն: Մանաւանդ` գաղափարական ուրոյն յօդուածներէն:

Նազարէթ Պէրպէրեան Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարական մարտիկի դիմագիծին մէկ կարեւոր հանգամանքը կը բնորոշէ հետեւեալ սահմանումով` «Դարաշրջանի ընկերվարական հայը»: Իրաւացիօրէն շատ ճիշդ ներկայացում է եւ բացարձակապէս զեղուն գնահատական մը չէ իր աւագ ընկերոջ հասցէին: Զէյթլեանի համար յատկապէս ընկերվարութիւնը դասական պարունակով չէր իւրացուած, ան խօսքը եւ գործը միաձոյլ էութենական հաւատամքի վերածած էր եւ փարած անոր` «Դաշնակցական օրիանթացիային»: Ճիշդ այդ մէկուն համար Զէյթլեան իր մէկ խմբագրականը խորագրեց շատ դիպուկ տարազով, ան յամառօրէն դրուատեց ընկերվարութեան ճշմարտութիւնը` ներկայացնելով զայն որպէս` «… Մեր ժամանակներու ամէնէն տիրական եւ ամէնէն կենսունակ գաղափարախօսութիւնը` իբրեւ մարդ անհատի, ազգային հաւաքականութեանց եւ առհասարակ մարդկային ընկերութեան այլազան կնճիռներու լուծման խնդիր»: Նաեւ անխնայ գտնուեցաւ եւ բանադրեց «չարաշուք ստուերը կեղծ ընկերվարութեան»: Վերջապէս, արժանիօրէն վաստակեցաւ Գարեգին Խաժակի, Ռոստոմի եւ Երուանդ Ֆրանգեանի յետնորդը ըլլալու եւ առաջատար ժառանգորդը` անոնց գաղափարական-պատմափիլիսոփայական աշխարհայեացքին: Իր անառարկելի բարերար դերակատարութիւնը ունեցաւ արդի ժամանակներու Դաշնակցութեան աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային ոլորտներու պեղման ու հետազօտութեան մէջ` դառնալով  տեսաբանական թեմաներու ռահվիրայ, բերելով իր անուրանալի ներդրումը` Դաշնակցութեան ծրագիրի վերարժեւորման-այժմէականացման աշխատանքին:

80-ականներու սկիզբը որպէս համալսարանական ուսանողներ` մեր կուսակցական համախմբուածութիւնն ու գաղափարական թրծուածութիւնը կը խմորուէր Հալէպի Քրիստափոր ուսանողական միութեան մթնոլորտին մէջ: Տոգորուած դաշնակցական  գրականութեամբ, մեր այժմէական պապակը կը յագենար «Ազդակ Շաբաթօրեակ- Դրօշակ»-ի ընթերցանութեամբ` մեր մշտական գաղափարական սնունդի մթերքով, ուր արձանագրուած իւրաքանչիւր մտածում, առաջնորդող յօդուած նիւթ էր քննարկման ու իւրացման: Մեզի համար անոր էջերուն մէջ ընդգծուած որեւէ նախադասութիւն կ՛ընդունուէր որպէս դաշնակցական վաւերական յայսմաւուրքեան հաստատում եւ լրացուցիչ կնիք` գաղափարական դասական մեր գիտելիքներուն: Այդ ժամանակներուն գաղափարական այժմէականացման կ՛ենթարկուէր մեր պատմափիլիսոփայական աշխարհահայեացքը, ու լոյս աշխարհ կու գար անոր կարեւորութիւնը` որպէս առանցքային պայման դաշնակցական դիմագիծի գոյաւորման, ամրագրելով մեր մէջ կռանուող հասարակական-ընկերային հարցերու առարկայական պատճառարկութիւն, մեզ առաջնորդելով յեղափոխականացում-քաղաքականացում խօսոյթի ճշգրիտ ընկալման:

Զէյթլեանի համար առանցքային կարեւորութիւն կը ներկայացնէր մեր հաւատամքին մէջ ընկերային արդարութեան սահմանումը` գաղափարական մեր  յենասիւնի բագինը, ուր դաշնակցական մտաւորականը  ընկերվարական հայեցակարգի անժամանցելիութիւնը կը բնորոշէր` ըսելով. «…Ընկերվարութիւնը է՛ր ու կը շարունակէ մնալ բովանդակ յառաջադէմ մարդկութեան լուսապայծառ տեսլականը, հանուր մարդկութեան փրկութեան ուղին»:

«…Տարակոյս չկայ, որ ընկերվարական շարժումը իր գաղափարաբանական ու յեղափոխական տեսլականներով ու սխրանքներով մեծապէս սատարեց միաժամանակ ազգային ազատագրական շարժման զարգացման, ինչպէս նաեւ մարդկային ու ազգային իրաւանց ժողովրդականացման ու կենսագործման` համաշխարհային չափանիշով»:

Այդ օրերուն մեր անմիջական շրջանակի ընկերվարական ՄԵՐ հաւատամքին միակ ընդդիմացողը Րաֆֆի Գ.-ն էր` ատամնաբուժական համալսարանի ուսանող, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը պատկերացնէր առանց ընկերվարական հայեցակարգի: Որքա՜ն փորձած ենք տրամաբանութեամբ, պատմական փաստարկներով, «Դրօշակ»-ի վկայակոչութեամբ զինք «կարգի բերել», սակայն չէինք յաջողած: Հակառակ դաշնակցականօրէն իր նուիրումի անկեղծութեան եւ ամրութեան` ընկերվարական սկզբունքները խոտոր կը համեմատէին իր համոզումներուն: Անշուշտ Րաֆֆիին խաբկանքի օրինակը առանձին չէր դաշնակցական ընտանիքին մէջ ամէնուրեք: Կար սերունդ մը, որ ազդուած էր խորհրդային կարգերու համայնավարական հակադաշնակցական մոլուցքէն, որուն իբրեւ հետեւանք ալ նոյնացում կը տեսնէր պոլշեւիկեան գաղափարախօսութեան եւ ընկերվարութեան միջեւ: Մանաւանդ սուրիական կարգերու մէջ կիրարկուած ընկերվարական գործնական բանեցումը` «չարաշուք ստուերը կեղծ ընկերվարութեան», խորշանք կը յառաջացնէր դաշնակցական ընկերական կարգ մը շրջանակներու մէջ, եւ առ այդ, ընկերվարական վարդապետութիւնը անհամատեղելի հաւատամքի տեղ կ՛ընդունուէր: Հոսանք մըն ա՛լ, առանց խորաթափանց վերլուծումի ենթարկելու անոր էութիւնը, զայն կ՛ընդունէր Փալապեխ Կարապետի եւ Լորթոյի դաշնակցական հաւատամքի խիստ օրինաչափութեամբ, որպէս «վկայական»` կարմիր կնիքով հաստատուած, եւ վերջ:

Այսպէս, քաջածանօթ ըլլալով Ս. Զէյթլեանի հրապարակագրութեան անկեղծութեան, կրնանք ըսել, որ իր կեանքի ընթացքով գործնականօրէն, անշեղօրէն փարեցաւ իր դաւանած գաղափարական սկզբունքներուն` խօսքը եւ գործը մէկ ամբողջութեան վերածելով: Րաֆֆիին երեւոյթը յարմար տեսայ ներկայացնել ընկերոջ ուշադրութեան, գուցէ իր մօտ կրնայի գտնել բալասան մը այս ախտաւոր ժահրին, առ այդ, Րաֆֆիին գաղափարապէս փրկութեան լաստ մը երկարելու կարելիութիւն մը կ՛ընծայէի:

Պէտք է ընդունինք նաեւ, որ Զէյթլեան իր դաշնակցական առողջ բնազդով գիտէր իւրայատուկ ոճով որոնել ու գտնել ուրոյն մտածողութեամբ բնորոշուող դաշնակցական, երիտասարդ տարրեր, որոնց ներգրաւումը կուսակցական զուլալ միջավայրերու մէջ  կը նկատէր միա՛կ գրաւականը` ձեռք ձգելու ապագայ ղեկավար տարրեր ու հանրային գործիչներ:

Արդ, յարմար մէկ պահուն ներկայացուցի խնդիրը: Ան շատ գործնական առաջարկ մը ըրաւ` խնդրելով ճաշի սեղանի շուրջ տեսնուիլ ուղենիշը կորսնցուցած այդ ընկերոջ հետ: Վստահ եմ, այդ վայրկեանին կը մտաբերէր Աստուածաշունչի մոլորեալ ոչխարի օրինակը, ուր հովիւը հօտին 100-ը ձգելով` կը սկսի որոնել կորսուած մէկ հատը: Ինծի համար անակնկալ այս տարազի հետեւութիւնը մէկ բան կը թելադրէր, որ ղեկավարը միայն մեծ վերնագիրներով չի զբաղիր: Ի հարկին, անհամար ժամանակ ու ճիգ կը թափէ մանր կարծուած խնդիրներու վրայ, որպէսզի կարենայ հասարակութիւնը կամ անհատը ուղղորդել դէպի ճշմարիտն ու արդարը:

Վերջապէս հանդիպումը տեղի ունեցաւ: Սարգիս Զէյթլեան մեծահոգի շունչով, խնամատար, հեզահամբոյր էութեամբ, ճոխ ու հասկնալի բառերով բացատրեց մեր ընկերվարական ըմբռնումներուն իւրայատկութիւնը: Րաֆֆին, իր կարգին,  Փալապեխ Կարապետի օրինակով ընդունեց եւ իւրացուց Բիւրոյի ընկերոջ մատուցած բացատրութիւններն ու լուսաբանութիւնները: Ընկ. Զէյթլեան բաւարարուած էր` ի տես Րաֆֆիի բաւարարութիւն արտացոլող աչքերուն, դրական ընկալման եւ ճառագայթող հաճութեան նշաններուն: Այսպիսով, դաստիարակի մեծ գոհունակութեամբ ու խնդութեամբ, ապահոված էր մոլորեալ ոչխարին ճիշդ փարախ վերադարձի ճանապարհը:

Անդրադառնալով Ս. Զէյթլեանի այլ բարեմասնութեան մը` աւելցնեմ, որ որպէս հանրային գործիչի` իր չափազանց խրոխտ ու անաչառ պահուածքը զինք կը մղէր անաղմուկ չանցնիլ ի տես բարեկամներու ու հարազատ ընկերներու թերացումներուն: Իր աննիւթացած նկարագիրը եւ անկեղծութիւնը կը պարտադրէին, որ զսպէ ընկերական եւ ազգականական տաքուկ հակումները` քողարկելու թերացումները եւ յանցաւորները, ի հաշիւ արդարութեան: Այդ թերի երեւոյթները, երբեմն` ընդհանրական տարազի պատմուճանով, իր հրապարակագրութեամբ հանրային կը դարձնէր` ցուցամատը դնելով ճշմարիտ եւ արդար ուղիի առաջնորդող ելքերու վրայ: Այսպէս, իրմէ իմացայ հետեւեալ դրուագը. ճշդուած թուականէն ամիսներ առաջ հալէպահայ երկու աւագ ականաւոր դաշնակցական ընկերներ անակնկալ այցելութեամբ մը կը թակեն Այնճարի իր տան դուռը: Ընկ. Զէյթլեանի կազմակերպական փորձը զինք կը մղէ այս անակնկալ այցելութեան հիւրերը տան սեմին պահելու եւ առ այդ` մտիկ ընելու զիրենք:

– Բարի՛ եկած էք, ընկերնե՛ր: Խէր է: Ի՞նչ հով ձեզ հոս բերաւ,- կը յարէ քիչ մը չոր շեշտադրումով:

– Ընկե՛ր Սարգիս, կը փափաքինք հանդիպիլ ձեզի հետ` Բիւրոյի ընկերոջ, որպէսզի կարգ մը մտահոգութիւններ փոխանցենք Բիւրոյին Սուրիոյ կազմակերպական իրավիճակին մասին, որպէսզի Բիւրոն ընելիք ունենայ այս առումով,- զգուշաւոր նման երանգով իրենց հարցերը կը ներկայացնեն զոյգ ընկերները:

Ընկեր Սարգիսի կուսակցական հոտառութիւնը ճիշդ դուրս եկած էր: Քիչ մը խոժոռ դէմքով, հաճոյանալու ամէն փորձէ հեռու մնալով, դաժան պատասխանով «բարի գալուստի» պատգամը կու տայ, «նախանձախնդիր մորմոքով» Հալէպէն եկած այցելու ընկերներուն:

– Ըստ երեւոյթին դուք չէ՛ք իմացեր, որ Դաշնակցութեան Բիւրոյի լիազօր ներկայացուցիչը Հալէպ կը գտնուի այս օրերուն: Թերեւս շփոթա՛ծ էք երկու Սարգիսներու միջեւ: Լաւ գիտէք Հալէպ նստած ընկերոջ թէ՛ հասցէն ու թէ՛ ազգանունը: Ի՛նչ ալ ըլլայ ձեր մտահոգութիւններուն տարողութիւնը, միա՛կ հասցէն, որ ձեզի օգտակար պիտի ըլլայ, մեր լիազօր ընկերն է: Հիմա լսեցիք Բիւրոյի ընկերոջ պաշտօնական պատասխանը ձեր խնդրանքին: Այժմ պիտի խօսի Մուսա Լերան Խըտըր Պէկի լեռնցի ռամիկ գիւղացին, որ ձեզի կ՛ըսէ, գրկախառն ջերմ փաթթուկով մը, ներս հրամմեցէ՛ք եւ հազար բարով, ժամանակ անցընենք յարկիս ներքեւ ու միասնաբար վերակոչենք վաղեմի օրերու մեր բարեկամութիւնը,- կ՛ըսէ` անուշ եզրակացութեամբ համեմելով իր խստաբարոյ բացման խօսքը:

Որքա՜ն դաստիարակիչ խորհուրդ կար իր յայտնածին մէջ: Իրեն յատուկ խրոխտ նկարագրով կը յարգէր Դաշնակցութեան մէջ աւանդութիւն դարձած մարմիններու յարաբերական կարգը, միեւնոյն ատեն իր համեստ գիւղացիի առլցուն բարեմասնութիւններով կ՛ամոքէր իր էութեան հետ անյարիր, հարկադրաբար ստեղծուած անհաճոյ մթնոլորտը:

Զէյթլեան կը հաւատար, որ ընկերոջ կամ սիրելիի մը յանցանքը պարտկելը, կամ բացթողումները իրենց մերկութեամբ չնշելը աւելիով կը քաջալերէ մեղապարտները չզսպուելու եւ շարունակելու իրենց յոռի ընթացքը` մոլորեցնելով շրջապատը եւ կեղծաւոր հնարքներով արատաւորելով հաստատուած իրողութիւնները, առ այդ, սխալ ընթացքով տպաւորելով կամ առաջնորդելով իրենց շրջապատը, ընկերութիւնը եւ  կազմակերպութեան կեանքը:

Ճիշդ այս ճշմարտութիւնը խորապէս դաւանելով` Զէյթլեան կը հաւատար, որ` «Քննադատութիւնը առաջատար ազդակ մըն է հանրային կեանքին մէջ… եւ քննադատութիւնը վսեմական առաքելութիւն պէտք է ըլլայ, կառուցողական, դաստիարակիչ»:

Ընկեր Զէյթլեանի Հալէպ առաքելութեան հիմնական նպատակն էր, ինչպէս անցեալ յօդուածով նշեցինք, Սուրիոյ կազմակերպական կեանքը վերադարձնել դաշնակցական կանոններով առաջնորդուած կուսակցական միջավայրի, շրջանին մէջ աւարտած նկատելու ՀՅԴ Բիւրոյի լիազօր ներկայացուցիչով ղեկավարուելու դրութիւնը եւ ընտրելու դաշնակցական կամքը ներկայացնող գերագոյն մարմին` Կեդրոնական կոմիտէ: Այդ մէկը բնականաբար պիտի իրականանար յամեցող սրած տեսակէտները մեղմացնելով, որուն նախապատրաստական եւ յանձնառու աշխատանքը արդէն իսկ տարած էր օրուան նշանակեալ լիազօր ընկերը` Սարգիս Ղազարեանը, հակառակ յամեցող կարգ մը ընկերներու դժգոհանքի ալիքին: Սակայն տակաւին առկայ էին սրած տրամադրութիւններ, ուստի ընկ. Զէյթլեան ձեռնհասօրէն, կազմակերպական իր բնատուր տաղանդով ու անաչառութեամբ, կոչուած էր «սուր ծայրերը տաշելու» եւ կազմակերպական կեանքը վերածելու բնական պարունակով դաշնակցական կազմակերպական ընկերական մթնոլորտի: Ա՛յդ ձեւով միայն պիտի ապահովէր կազմակերպական հզօրանքը, որ միա՛կ երաշխիքն էր ներգործօն, արդիւնաւէտ, առողջ կազմակերպական կեանքի յարատեւութեան: Այս մէկն ալ պէտք է յիշենք, որ եղած տարակարծութիւնները ո՛չ մէկ ձեւով աղերս ունէին գաղափարական անհամաձայնութիւններու` ըլլայ ձեւով կամ խորքով դրսեւորուող տրտունջներուն հետ: Յամեցող ամբողջ խնդիրը սահմանափակուած էր ղեկավարման եւ ազգային կեանքի մէջ մարդուժի շահարկման մօտեցումներով: Բոլոր խնդիրներուն ոսկի միջինը գտնելու համար Զէյթլեան պիտի ունկնդրէր տարատեսակ համոզումներով շարք մը ընկերներ, ապա իր գոյացուցած համոզումներով պիտի առաջադրէր լուծումներ: Այսպէս, մէկ առ մէկ անհատ ընկերներու հետ հանդիպումներ տեղի ունեցան: Բնականաբար չէի մասնակցեր այդ հանդիպումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենային պանդոկի ճաշասրահին մէջ: Հեռուէն, մէկ երեւոյթ աչքէս չէր վրիպեր` ընկեր Զէյթլեանի ծայր աստիճան համբերատար ու խոհական ունկնդրութիւնը ընկերներու տեսակէտներուն եւ իր նոթերու արձանագրումը, ինչպէս վարժ էր, իր Gitanes ծխախոտի տուփին վրայ: Իսկ եթէ ծխախոտը հատնէր, տուփը կը հանէր եւ նոր տուփին կեղեւը թափելով, արձանագրութիւններով սպառած տուփին կեղեւը կը սահեցնէր նոր ծխախոտի լիցքին վրայ:

Իրեն համար հասկնալի էր ու ընդունելի, որ միատարր հասկացողութիւն կարելի չէ ապահովել բոլոր խնդիրներուն մէջ: Նախասիրութիւններ եւ անհատական ճաշակ անպայման կը զարդարեն պատասխանատու ընկերոջ մը մօտեցումները եւ  առաջադրանքները, որովհետեւ Զէյթլեանի համոզումով` «Հոն, ուր հակադիր գաղափարներ ու հակամարտ շարժումներ չկան, ուր հինը եւ նորը զիրար կը կրկնեն կամ զիրար կը կապկեն, հոն կեանքը կը լճանայ, մարդկային միտքը կ՛ամլանայ, եւ ընկերութիւնը, ազգը կամ պետութիւնը` իբրեւ ապառողջ օրկանիզմ, ուշ կամ կանուխ կը մահանայ»:

«Զուր ըսուած չէ, որ ճշմարտութեան շողը գաղափարներու բախումէն կը փայլատակէ»: Այս մթնոլորտներու ներքեւ հասանք ժողովի գումարման օրուան:

Ինչպէս միշտ, ժողովը իր ընթացթով  դաշնակցական էր իր բոլոր ստորոգելիներով: Կարգ մը ընկերներու ելոյթները շատ խիստ ձեւով քննարկման նիւթ դարձուցին շրջանաւարտ նշանակեալ մարմինը եւ յատկապէս Բիւրոյի լիազօրին կարգ մը տնօրինումները: Ընկ. Սարգիս Ղազարեանի դէմքը զննելով` այլայլած տեսայ զինք: Դադարի մը ընթացքին իր դժգոհանքը յայտնեց` ըսելով, որ Բիւրոն պէտք է կասեցնէր քննադատութիւնները, քանի որ միայն դաշնակցական Ընդհանուր ժողովով կարելի էր քննել այդ հարցերը, որովհետեւ ինք գործած էր Բիւրոյի անունով, եւ իր համոզումով, նման պարագաներու, միա՛յն համարատու պէտք է ըլլայ Դաշնակցութեան գերագոյն հաշուետուութեան ժողովին առաջ, քառամեայ գերագոյն ընդհանուր ժողովին` որպէս Բիւրոյի շրջագիծին մէջ ինկած գործունէութեան մասնակիցի:

Ինծի համար բացորոշ ճշմարտութիւն էր, որ ժողովրդավարական հաւատամքով առաջնորդուող քաղաքական կուսակցութիւնները իրենց աշխատանքի ընթացքին յատուկ կարեւորութիւն կու տան նոյնի՛սկ ինքնաքննադատութեան` որպէս ներքին հաշուետուութեան մեքենականութեան, վերահսկողութեան մօտեցումի, որ կ՛ապահովէ հանրային գործունէութեան արատաւորութենէ հեռու գործելաոճ` թեթեւցնելով ձախողութիւններն ու բացթողումները եւ նպաստելով յաջողակ ու ապահով երթը տուեալ կուսակցութեան քաղաքական կեանքին: Հետեւաբար տրամաբանութեանս շատ ալ դրական չէր ընկ. Սարգիս Ղազարեանի անձկութիւնը` քննադատական ելոյթներու նկատմամբ:

Ճիշդ այդ մէկուն համար ճշմարիտ ղեկավարութիւնը ընդդիմախօս արդարացի ձայներուն անսալով` կ՛արարէ ու իրեն վստահուած պատասխանատուութեան տիրութիւն կ՛ընէ: Վերջապէս, հաւաքականութեան մը գործունէութիւնը` առանց իրաւացի քննադատութեան, կարելի չէ պատկերացնել: Առանց այս գործօնին` կազմակերպութիւն մը կը վերածուի շնչող մարմինի, անշնչացած հոգիի պարունակով:

Ի տես այս մթնոլորտին` ընկեր Զէյթլեան կարեւորեց ընկերներու արտայայտութեան արդարացիութիւնը, հաշուի առնելով, որ արծարծուած հարցերը շրջանային խնդիրներ էին, եւ իրենց քննարկման արդար տեղը այս ժողովն էր: Հաստատելով, որ Բիւրոն ալ, իր կարգին, հաւաքաբար պատասխանատու է Ընդհանուր ժողովին առջեւ ամէն մէկ քայլի համար, որ կ՛առնչուի տրուած որոշումներու էութեան: Ան իր ժողովականի ելոյթներով հարազատօրէն թարգմանը հանդիսացաւ իր խմբագրականներով արտայայտած կարգ մը մտածումներուն` կապուած «քննադատութիւն» հասկացողութեան հետ,  երբ կ՛ըսէր. «Քննադատութեան նպատակը ճշմարտութեան եւ արդարութեան որոնումն է, թերիներն ու թերացումները, սխալներն ու թիւրիմացութիւնները սրբագրելու կը միտի,  մթնոլորտի պայծառացման կը ձգտի եւ հանրային շահը ունի իբրեւ առանցք ու զսպանակ»:

«Ահա թէ ինչո՛ւ քննադատել ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի կը նշանակէ յաղթահարել մեր եսը: Կը նշանակէ` անանձնանալ, փարատել մեր ենթակայական ախտաժէտ տրամադրութիւնները, պայծառանալ օրուան լոյսին պէս եւ ցրուել մարդոց հոգիներուն ու մտքերուն մէջ թանձրացող խաւարը` հանրային կեանքի, մտաւորական աշխարհի բոլոր դէպքերուն, դէմքերուն, երեւոյթներուն ու իրադարձութեանց շուրջ»:

Աւելցնենք հետեւեալ տրամադրութիւնը, որ կը պայմանաւորէ քննադատութիւնը հետեւեալ տարազին տակ. «Չափէն աւելի պատասխանատու գործ է քննադատութիւնը, որ պէտք է տեղի ունենայ` շինարար ոգիով, դրական մտահոգութիւններէ մեկնելով եւ մտաւորական ամբողջ պարկեշտութեամբ»:

Այսպէս, Սարգիս Զէյթլեան խորիմաց փիլիսոփայական տարազ տալով քննադատութեան` ընդգծուած կերպով կը բացայայտէր անոր առանցքային նշանակութիւնն ու կը պնդէր անոր օրինականութեան եւ անտեղիտալի հանգամանքի կարեւորութիւնը: Սակայն ընկեր Ղազարեան` չդիմանալով մատնուած այս դառն իրավիճակին, ֆիզիքապէս շատ անհանգիստ զգալով, հարկադրաբար քաշուեցաւ ժողովէն եւ ուղղուեցաւ տուն:

Օրուան նիստի աւարտին ընկեր Զէյթլեան կամացուկ մը ականջիս փսփսաց.

– Ժա՛ն, կարծես չափէն աւելի ծանրացայ իր վրայ, չպատկերացուցի իր ֆիզիքական տկարութիւնը, որ այսքա՜ն կրնար փխրուն ըլլալ: Ճանը՜մ, մարդը կքեցաւ: Քիչ մը հանգիստ ընենք, երեկոյեան իր տունը հիւանդտեսի երթանք:

Գիշերը ընկեր Զէյթլեան ո՜ւֆ, թո՜ւֆ ընելով, քալելով բարձրացաւ 6-րդ յարկ` թակելով ընկեր Ղազարեանի բնակարանի դուռը: Ընկ. Ղազարեան, հակառակ երեսին վրայ գծագրուած յոգնածութեան զգալի նշաններուն, շատ սիրալիր, գրկախառն ընդունեց մեզ: Խօսելով առողջութեան մասին եւ բժիշկներու խորհուրդները ներկայացնելով` պարզեց իր ֆիզիքական իրավիճակը: Ապա բաւական ջերմ զրուցեցինք օրուան ազգային ընդհանրական հրատապ հարցերու մասին` կատարելով որոշ արժեւորումներ ու գնահատականներ: Ընկեր Զէյթլեան, պահ մը լռութենէ ետք, իր թաւ ու պատկառելի ձայնով հանգամանաւոր շեշտադրումով հետեւեալը ըսաւ.

– Սարգի՛ս, քա՛ւ լիցի, չեմ եկած քեզի բացատրելու, թէ ի՛նչ է Դաշնակցութիւնը: Մէկ բան կը փափաքիմ, աւելի՛ն, կը պահանջեմ, որ վաղը ներկայ ըլլաս նիստին, եւ թող որ նշանակեալ ԿԿ-ի ներկայացուցիչը իր բացատրութիւնները ներկայացնէ, դուն մտիկ ըրէ եւ թոյլ տուր ինծի, որ յարմար ձեւով եզրակացնեմ եւ համադրեմ կարծիքները` յանուն Բիւրոյի: Հիմա քեզի հանգիստ ձգենք, ի քաղցր տեսութիւն, սիրելի՛ ընկեր,- ըսելով, սիրալիր հայեացքով բաժնուեցանք:

Նոյն վայրկեաններուն մտքիս մէջ կը տողանցէին Դաշնակցութեան նկարագիրը բնորոշող հետեւեալ բառերը.

«Դաշնակցութիւնը դաժան է նախ ինք իրեն, ապա նաեւ ուրիշներուն հանդէպ: Իր դաժանութիւնը կը պարտի իր նկարագրին, ինչպէս որ իր նկարագիրը կը պարտի իր դաժանութեան»:

Պէտք է ընդունինք, որ ընկեր Ղազարեանի ղեկավարութեան օրերուն ան նուիրականացուց անկախ, ուրոյն որոշումի առանցքային կարեւորութիւնը: Դաշնակցական խիզախութեամբ դիմակայեց սադրանքները: Երբ չարամիտներ իրեն կը յայտնէին, թէ գաղտնի սպասարկութիւնը զինք ձերբակալելու ելած է, ինք այդպէս ըսողներուն հիւմըրով կը պատասխանէր, թէ` «Գործերնին դիւրացուցէ՛ք եւ տանս ու գործատեղիի հասցէս տուէ՛ք, մի՛ քաշուիք»:

Ինծի համար յիշատակելի է նաեւ Սուրիոյ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր կեցուածքը, իր անզիջող, հեղինակաւոր եւ անդրդուելի մօտեցումը, անշեղօրէն կառչած մնալով ու պաշտպանելով «Դաշնակցական որոշումի արեւելումը», անտեղիտալի մնալով, ՄԵՐ հայ թեկնածուն ներկայացնելով որպէս ժողովրդային ստուար զանգուածներու միակ նախընտրութիւնը, հակառակ պետական գրասենեակներու շարունակական յորդորներուն, որոնք իրենց «փափաքը» կը յայտնէին` այլ հայ թեկնածու մը որդեգրելու որպէս հայ երեսփոխան:

Արդար ըլլալու համար նաեւ աչքաթող չենք կրնար ընել իր նահապետի դերակատարութիւնը, խթանիչ բաժինը` կեանքի կոչելու «Արամ Մանուկեան ժողովրդային տան» հիմնարկէքի նախաձեռնութիւնը:

Այսպէս, յաջորդ առաւօտ ընկ. Ղազարեան իր աթոռը գրաւած էր ժողովի սրահին մէջ եւ դաշնակցականի պարկեշտութեամբ, բարձր տրամադրութիւններու գումարումով ու իր  փորձառութեամբ ճիգ չխնայեց ժողովը հասցնելու դրական աւարտի` ընտրելով համադրական ցանկով Կեդրոնական կոմիտէ: Գերազանց յաջող սպիտակ ծուխի եզրափակիչ պատկերը թագադրուեցաւ ընկերական խրախճանքով, ուր կը տիրէր «Մէկը բոլորին ու բոլորը մէկին համար» առաջնորդող խօսոյթը. ընկերները բոլորուելով համայնական նպատակներու շուրջ, վերանորոգ խոստումով, իւրաքանչիւրը պատրաստ իր լուման անսակարկ ներդնելու դաշնակցական քուրային մէջ, բաժնուեցան եռօրեայ հեւքոտ ժողովէն` լաւապէս իւրացնելով Սարգիս Զէյթլեանի հետեւեալ հաստատումը.

«Դաշնակցութիւնը ուխտակիրներու անհատնում թափօր մըն է, նուիրեալներու ամրակուռ բանակ մը, այն հրաբոյր հնոցը, ուր հայ միտքը կը թրծուի, հայ հոգին կը ջրդեղուի…»:

Իր կարգին, ընկեր Զէյթլեան չէր կրնար թաքցնել իր բերկրալի զգացումները` ի տես այս ցանկալի աւարտին: Վերջապէս, իր շաբթուան մը վրայ երկարող համադրական ճիգերը յումպէտս չցնդեցան: Այս աւարտական պատկերը կրկին եկաւ երաշխաւորելու, որ Սուրիոյ շրջանը արժանի էր դաշնակցական աւանդութեանց եւ բարքերու առաջատար ախոյեանը հանդիսանալու մրցանակին:

Յաջորդ օրը պարտականութեանս շրջագիծին մէջ կ՛իյնար իրեն ընկերակցիլ մինչեւ Պէյրութ: Երբ Պուրճ Համուտի մատոյցներուն մօտեցանք, խօսքը ուղղելով ինծի` յարեց.

– Ժա՛ն, շաբթուան մը տեւողութեամբ վայելեցի հիւրընկալ ընկերական հաւատարմութեանդ ջերմութիւնը: Հիմա դուն իմ շրջանին մէջ ես եւ պիտի հիւրընկալուիս ՄԵՐ անուշավաճառի համադամ ՔԸՆԱՖԷ-ով: Բարձրանալով  «Փանոս»-ին խանութին երկրորդ յարկը` համով-հոտով ճաշակեցինք անուշ պատառը, որմէ ետք եզրափակեց ըսելիքները.

– Հիմա մի՛ մտահոգուիր, այլեւս տունս եմ…

Սուղ ԱՄԱՆԱԹ-ը յանձնելու բերկրանքը ապրելով, հանգի՜ստ, խորունկ շունչ մը քաշելով` ուղղուեցայ կարաժ` նոյն օրն իսկ Հալէպ վերադարձի դասաւորումները ապահովելով:

Այս յօդուածիս վերջին տողերը կ՛արձանագրեմ, երբ կ՛աւարտի 41-րդ տարելիցը ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի քստմնելի, անյայտ կորուստին, առեւանգման սահմռկեցուցիչ արարքին: Տակաւին ուժգնօրէն կ՛արձագանգէ անկորնչելի Գաղափարի Մարտիկին` Ս. Կալեանի պատգամները մեր հոգիներուն մէջ` որովհետեւ իր ոդիսականը կը շարունակէ ապրիլ մեր գաղափարական անդաստանին մէջ` հանապազօրեայ նոր լիցքով մատակարարելով մեր պայքարի երթը:

28 մարտ 2026
Թորոնթօ

(Շար. 3 եւ վերջ)

Մտորումներուս Դեգերումներով. Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին

 

Leave a Comment