Ամէն տարի, երբ ապրիլը կը բացուի, տանս որոշ անկիւնները կը դառնան մրջիւններու սեփականութիւնը: Նախակարապետ հետախոյզները առաջինը կը յայտնուին խոհանոցին ու հիւրասենեակին մէջ. անոնք անշեղ նպատակասլացութեամբ կը քննեն ամէն մէկ ծալք ու անկիւն` սեղանը, հացի տուփը, մինչեւ իսկ աղբամանը… Ապա անոնց կը յաջորդեն բիւրաւոր ուրիշներ: Կը տիրապետեն հիւրասենեակին, կը չափչփեն յատակը` այն բազկաթոռին շուրջ, ուր նստած կը գրեմ, կ’աշխատիմ կամ պարզապէս սուրճ ու պատառ մը կարկանդակ կը վայելեմ: Անոնց ներկայութիւնը սկիզբը կը ջղագրգռէ զիս, եւ ահա պատերազմ կը յայտարարուի զաւթիչներուն եւ իմ միջեւ: Ես կը փորձեմ վերահաստատել տիրութեանս իրաւունքը այս պատերէն ներս, մինչ անոնք լուռ կը պահանջեն այն հողը, որ իրենց պատկանած է ժամանակներու սկիզբէն ի վեր:
Այս երկարատեւ գօտեմարտը շաբաթներ կը տեւէ: Կը դիմեմ տարբեր միջոցներու` ջուրի, դարչինի, սոտայի, բայց ի վերջոյ ես եմ, որ կը նահանջեմ: Մինչեւ որ կը հասնի մայիսը, եւ անոնք յաղթական ու խաղաղ կը լքեն յարկս:
Մինչեւ` յաջորդ ապրիլ:
Ամէն տարի այս պայքարը յուշերուս մէջ կը վերակենդանացնէ մեծ մեծ մայրս ու իր պատմութիւնը` տունը պաշարած մրջիւններուն մասին:
Ահաւոր ժամանակներ էին. դուրսը Հայոց ցեղասպանութիւնը կը մոլեգնէր իր ամբողջ սարսափով: Ամուսինը ռազմաճակատն էր` ամիսներով անլուր: Սիման` մեծ մեծ մայրս, միայնակ կը կրէր ընտանիքը պահելու, զաւակները կերակրելու եւ ագարակին ու անասուններուն տիրութիւն ընելու ծանր լուծը: Մարդիկ ապշած էին իր տոկունութեամբ: Սիման լուռ էր, ան բառերը կը տնտեսէր այնպէս, ինչպէս ալիւրի վերջին փոշին` զանոնք վերածելով խնայուած պաշարի: Իրեն համար ամէն մէկ աւելորդ հնչիւն ու շատախօսութիւն կենսուժի կորուստ էր. կը հաւատար, որ անհարկի ամէն բառ կրնայ տան ջերմութիւնը գողնալ, այն տաքութիւնը, որ պէտք էր զաւակները ողջ պահելու համար: Անոր լռութիւնը աղօթքի տեսակ մըն էր` ուղղուած աստուածայինին, բայց ոչ թէ խնդրող, այլ` լսող աղօթք:
Տարիներ ետք միայն ան իր աղջկան կը վստահէր իր գաղտնիքը. մրջիւններն էին իր փրկութիւնը:
Սիման իր աչքերը չէր յառած հորիզոնին` սպասելով վերադարձող ձիերու փոշիին. ան իր հայեացքը սեւեռած էր շեմին ու հողին: Ան մշակած էր «երկրորդ տեսողութիւն» մը` հայեացք, որ կը շրջանցէր մարդկային մեծ ողբերգութիւնները եւ կը կեդրոնանար հողի փոքրիկ ու տենդագին աշխատանքին վրայ:
Այդ օրերուն ան կը վստահի մրջիւններուն, ինչպէս կը վստահէր բնութեան անփոփոխ օրէնքներուն: Ան հասկցած էր, որ այս աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի գաղտնի համակեցութիւն մը` սիմբիոզ մը, ուր նոյնիսկ ամենափոքր արարածը կրնայ դառնալ Աստուծոյ ձեռքը:
Երբ անօթութիւնը դուռը կը բախէր, եւ ալիւրի վերջին պարկը դատարկուելու վրայ էր, ան նկատած էր մրջիւններու երամը, որոնք կը խուժէին վերջին բուռ մը ալիւրին վրայ: Բայց Սիման չէր հալածած զանոնք. անոնց մէջ տեսած էր իր նման պանդուխտներու բանակ մը:
Յաջորդ առտու տեսած էր սքանչելին. ալիւրը ոչ միայն չէր պակսած, այլ պարկը կրկին լեցուն էր: Այսպէս, ամէն օր ան կ’առնէր իրենց հացին բաժինը, կը բաժնեկցէր մրջիւններուն հետ, եւ անոնք իրենց հերթին կ’օրհնէին պարկը: Ան պարկին մէջ կը խոթէր իր ձեռքը` առանց ներս նայելու, առանց չափելու, վախնալով, որ եթէ փորձէր հաշուել հրաշքը, այն կրնար անհետանալ սովալլուկ օդին մէջ:
Ամիսներ շարունակ Սիման ապրեցաւ մրջիւններուն հետ կատարեալ համակեցութեամբ… ան եւ մրջիւնները միասնաբար փրկեցին իր զաւակները սովամահութենէ: Մինչ մարդիկ զիրար կը բնաջնջէին, ան ուխտ կնքեց հողի ու անոր զաւակներուն հետ` հաւատալով, որ երբ բաժնեկցիս ունեցածդ բնութեան հետ, բնութիւնը երբեք քեզ առանձին չի լքեր սովի ու մահուան դիմաց:
Այսօր, չեմ գիտեր, ասիկա սուրբ առասպե՞լ մըն է, թէ՞ պատմութիւնը կնոջ մը, որ գիտցաւ իմաստութեամբ տնտեսել իր ունեցածը` վերապրելով ջարդն ու սովը:
Ուստի, ամէն ապրիլ, երբ մրջիւնները կը ներխուժեն տունս, կը վարանիմ… վար կը դնեմ պատերազմի կացինը եւ թոյլ կու տամ, որ անոնք ստանան իրենց արդար բաժինը:
Կը հաւատամ, որ կեանքս իրենց կը պարտիմ. ընտանիքիս իւրաքանչիւր անդամի կեանքը, որ վերապրեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կրցաւ շարունակել կեանքի թելը, կը պարտիմ այդ փոքրիկ, լուռ փրկիչներուն: Մրջիւններուն:
Ապրիլ 2026
