Պըրրի Դատական Իշխանութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Կրօնական Ու Ազգային Խորհրդանիշերուն Նկատմամբ Վիրաւորանքի Եւ Յարձակումի Հարցով Անմիջապէս Գործի Լծուելու

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց «կրօնական ու ազգային խորհրդանիշերուն նկատմամբ վիրաւորանքն ու յարձակումը, որեւէ կողմէ որ ալ ըլլայ, որեւէ միջոցով ալ ըլլայ, ըլլայ այդ լրատուամիջոցներու մէջ կամ համացանցի վրայ»:

Պըրրի բոլոր լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` գիտակցելու վտանգին ներքաշուելու սադրանքին մէջ, «որուն մասին միշտ երազած ու աշխատանք տարած է լիբանանցիներուն` քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն հասարակաց թշնամին»:

«Չափազանց զգուշ եղէք այս սադրանքը հրահրելէն. թող Աստուած անիծէ անոնք, որոնք զայն կը հրահրեն: Ազգային պատասխանատուութիւնը բոլորին կը ստիպէ աշխատանք տանիլ զայն մարելու, եւ ոչ թէ անոր կրակը բորբոքելու ուղղութեամբ: Դատական իշխանութիւնները կոչուած են անյապաղ գործելու` պատասխանատուութեան ենթարկելու անոնք, որոնք կը վիրաւորեն եւ կը նսեմացնեն երկրի եւ երկինքի պատգամներու սրբութիւնն ու արժանապատուութիւնը», ըսաւ Պըրրի:

«Այս պահուս բոլորը կոչուած են գիտակցելու, որ զԱստուած սիրելն ու մարդը ատելը չեն միատեղուիր», աւելցուց խորհրդարանի նախագահը:

 

Leave a Comment