Սալամ Կոչ Կ՛ուղղէ Գիտակից Ըլլալու Եւ Մերժելու Ատելութեան Հռետորաբանութիւնը` Երկիրը Սադրանքի Մթնոլորտին Մէջ Չներքաշելու Համար

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ նշեց. «Քաղաքական տարակարծութիւնը որքան ալ խոր ըլլայ, խօսքի ազատութեան կառչելովս հանդերձ, զգուշացուցի անձնական վիրաւորանք պարունակող որեւէ արտայայտութենէ, բռնածաղրէ եւ դաւաճանութեան պիտակաւորումէն, որոնք բոլորն ալ դատապարտելի են եւ կը ծառայեն լարուածութեան ստեղծման եւ նեղմտութեան հրահրման»:

«Հայրենակից եղբայրներուս ու քոյրերուս կոչ կ՛ուղղեմ` առաւելագոյն աստիճանի գիտակից ըլլալու եւ մերժելու ատելութեան հռետորաբանութիւնը` երկիրը չներքաշելու համար սադրանքի մթնոլորտին մէջ, որուն հետեւանքները ծանր են», շեշտեց վարչապետը:

 

Leave a Comment