ՃՐՏԳՏ. ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ
Ապրիլ 2025-ին այցելեցի Հայաստան:
Պէյրութէն ուղղուեցայ Երեւան` հետս տանելով անսահման արժէք ներկայացնող ժառանգութիւն մը. Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած, 1725-ին տպագրուած եւ լուսահոգի մեծ-մեծ մօրս` Սիրուն Վարժապետեան- Աղամանուկեանի ձեռամբ ինծի յանձնուած հմայիլ մը:
Ան մասունք մըն է` նախնիներս ներկայացնող, դարաւոր Կիլիկիա հայրենիքէն փրկուած բեկոր մը, որ շնորհիւ Տիրուհի Մահսէրէճեան-Վարժապետեանին (մեծ մօրս մեծ մայրը) Այնթապէն հասաւ Լիբանան` Շիմլանի որբանոց, ապա տեղափոխուեցաւ Եգիպտոս` Աղեքսանդրիա, վերադարձաւ Լիբանան` Պէյրութ, Էշրեֆիէ, եւ վերջապէս իմ ձեռամբ հասաւ Հայաստան` Երեւան, ապա կրկին վերադարձաւ Լիբանան:
Այս նոյն հմայիլը Տիրուհիին տրուած էր իր մեծ մօր կողմէ` իբրեւ պահապան մասունք մը` չարէն պաշտպանուելու համար, եւ այդպէս ալ ուղեկցեցաւ անոր իր կեանքի ամէնէն դժուար փուլերուն:
Մասունք մը, որ ճողոպրած է ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութենէն, այլ նաեւ Լիբանանի բոլոր պատերազմներէն: Տարիներ շարունակ զայն պահեցի մեծ ակնածանքով եւ խնամքով` միշտ երազելով օր մը զայն վերականգնել:
Եւ ահա, շնորհիւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին, անոր տնօրէնութեան ազնիւ որոշումին եւ մասնագիտական անձնակազմի նուիրեալ ու մանրակրկիտ աշխատանքին, Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին եւ հմայիլի տպագրութեան 300-ամեակին առիթով երազս իրականութիւն դարձաւ:
Ազգային գերագոյն մակարդակի քայլ մը, որուն համար կը մնամ երախտապարտ եւ շնորհակալ:
Այսօր հմայիլը վերականգնուած է:
Ան պատրաստ է շարունակելու իր գոյութիւնը` իբրեւ կենդանի վկայութիւն մեր պատմութեան եւ մեր գերդաստանի յիշողութեան:
Ան պատրաստ է շարունակելու իր ճամբան դէպի մեզ յաջորդող սերունդները` իր մէջ ամփոփուած հոգեշունչ գրաբար աղօթքներով օրհնելով մեզ եւ գալիք սերունդները:
Այս հմայիլի վերականգնումը կը գերազանցէ պարզ պահպանութեան սահմանները: Ան կը դառնայ կենդանի պատասխան մը մշակութային բնաջնջման այն փորձերուն, որոնք մաս կազմեցին Հայոց ցեղասպանութեան:
Այս մասունքը, որ ժամանակին անցած է տեղահանութեան, կորուստի եւ գոյատեւման ճամբով, կը մարմնաւորէ ժողովուրդ մը, որ մերժեց անհետանալ: Անոր գոյատեւումը եւ այսօրուան վերածնունդը կը վկայեն, որ նոյնիսկ համակարգուած ոչնչացման պայմաններու տակ, յիշողութիւնը, հաւատքը եւ մշակութային ինքնութիւնը կը շարունակեն գոյատեւել եւ փոխանցուիլ սերունդէ-սերունդ:
Անոր վերականգնումը լուռ, բայց խորիմաստ յաղթանակ մըն է` ապացոյց, որ կարելի է պայքարիլ պարտադրուած իրավիճակներու դէմ եւ զանոնք յաղթահարել նոյնիսկ դար մը ետք: Այսպիսի ժառանգութեան պահպանումը այլեւս միայն անցեալին նկատմամբ յարգանքի արտայայտութիւն չէ, այլ նաեւ գիտակցուած եւ բարոյական պարտաւորութիւն մը` ուղղուած ապագային:
Հաւանաբար Տիրուհին չէր պատկերացներ, որ օր մը իր պահպանած այս հմայիլը պիտի վերականգնուի Հայաստանի մէջ` իր թոռնիկին թոռան նախաձեռնութեամբ: Սակայն ան իր բաժինը կատարեց` զայն պահելով, պահպանելով եւ փոխանցելով` ապահովելով անոր շարունակականութիւնը: Այսպէս, նպատակ մը, որ սկսած էր անոր ժամանակին, եւ որ պիտի շարունակուէր անոր բացակայութեան, այսօր իր լրումին հասած է` հաստատելով, որ ժառանգութեան իսկական ուժը կը կայանայ սերունդներու միջեւ անխզելի կապին մէջ:
Առաջ Աստուած` այս երթը պիտի շարունակուի:
Այսպէս, իւրաքանչիւր վերականգնուած մասունք կը դառնայ կամուրջ մը` անցեալէն դէպի գալիք սերունդները` պահպանելով պատմական ճշմարտութիւնը, ազգային յիշողութիւնը եւ մեր ինքնութեան անխզելի շարունակականութիւնը:
Հմայիլը դարձաւ ոչ միայն անցեալի վկայութիւն, այլ նաեւ ապագայի սահմանում. ժողովուրդ մը չի վերապրիր միայն պատմութիւնը յիշելով, այլեւ` զայն պահպանելու պատասխանատուութիւնը կրելով: