Պարզ, Բայց Գօտեպնդիչ Երեւոյթ (Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առիթով)

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Կ՛ապրինք ոչ նախանձելի եւ մտահոգիչ պայմաններու մէջ: Լիբանանի ապահովական կացութիւնը տակաւին չէ կրցած գտնել կայունացման ուղին, եւ օրէ օր քաղաքացիին մտահոգութիւնները կը բազմանան: Բնականաբար այս կացութենէն անմասն չեն մնար նաեւ լիբանանահայ անհատը եւ կառոյցները: Սակայն այս ընդհանուր մռայլ ու մշուշապատ իրադարձութեանց մէջ երբեմն կան պահեր, որոնք իրենց ստեղծած մթնոլորտով եւ նախաձեռնութեան որակով հաւաքական կեանքին մէջ վերանորոգ խանդավառութիւն եւ յուսադրիչ մթնոլորտ կը ստեղծեն ու կը յաջողին նաեւ շնորհիւ ճիշդ ուղուածութեան եւ ցուցաբերուած կազմակերպչական լրջութեան, մեր կեանքին մէջ դրական մտածումի ովասիս մը յառաջացնել:

Այս խանդավառ պահերէն մէկը ապրեցանք, երբ կիրակի, 19 ապրիլին ներկայ գտնուեցանք Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով տեղի ունեցած պատարագին եւ հաւաքին:

Թերեւս շատերու համար զարմանալի թուի, թէ անուանակոչութեան մը առիթով, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի, ինչո՞ւ գրել այս ակնարկը, ու նաեւ շատեր կրնան մտածել, թէ ի՛նչ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ նման եկեղեցական ընթացիկ ու ամէն տարի կրկնուող եկեղեցական նախաձեռնութիւններ մեր կեանքին մէջ: Բայց եթէ մեր հաւաքական կեանքի աշխուժացման պրիսմակէն մօտենանք այս երեւոյթին, շատ մը ուսանելի պատգամներու ականատես ու ականջալուր պիտի դառնանք անպայման:

Առաջին հերթին պէտք է նշել, որ թէեւ Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցին ժողովրդային եւ աշխարհագրականօրէն ամենամեծ եկեղեցական ծուխն է, սակայն իր կառոյցի դիրքով կը դժուարացնէ հաւատացեալներու  շաբաթական դրութեամբ յաճախումը: Օրին,  տարիներ առաջ, թաղականութիւնը ստեղծած էր տարբեր շրջաններէ ժողովուրդին փոխադրութիւնը դիւրացնող կարելիութիւններ, որոնց մասին հաւանաբար դարձեալ պէտք է մտածել: Այս դժուարութիւնը դիմագրաւելով հանդերձ, ազգային- եկեղեցական կեանքը բնականոն կ՛ընթանայ եւ եկեղեցւոյ հեգեւոր հովիւն ու թաղականութիւնը իրենց կարելին ի գործ կը դնեն ծխական առաքելութիւնը շարունակելու եւ ընդարձակելու ուղութեամբ:

Կիրակի օրուան պատարագին ներկայ գտնուող հոծ բազմութիւնը արդարօրէն վկայեց`

Ա.- Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը` հոգեւոր հովիւ, թաղականութիւն, տիկնանց յանձնախումբ եւ դպրաց դաս, առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութեամբ, իրենց աշխատանքը կը կատարեն պատասխանատուութեամբ ու խանդավառութեամբ: Ակներեւ էր թաղականութեան ցուցաբերած լրջութիւնը այս օրուան կազմակերպման առումով:

Բ.- Այս անուանակոչութեան առիթով յստակ դարձաւ բոլորին, թէ տարուան ընթացքին բարեզարդման եւ իր կրօնական ու ազգային առաքելութիւնը արմատացնելու ուղութեամբ եկեղեցին ի՛նչ նախաձեռնութիւններու դիմած է: Նոր սրբանկարներու եւ խաչերու տեղադրումը յաւելեալ իմաստաւորում մը տուաւ եկեղեցական արարողութեան:

Գ.- Գնահատանքի եւ ծափահարութեան արժանի է մանաւանդ համալսարանական երիտասարդ ու խոստմնալից տղոց խանդավառ մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ դպրաց դասին ու կառչածութիւնը` եկեղեցւոյ: Պատարագի երգեցողութեան եւ խորհրդակատարութիւններուն անոնց ներկայութիւնը երիտասարդական համակող շունչով լեցուցած էր եկեղեցին: Աւելի՛ն. առանց համեստութիւն վիրաւորելու, իբրեւ դաստիարակիչ եւ ուսանելի երեւոյթ` կ՛արժէ անպայման անդրադառնալ հոգեւոր հովիւին երեք զաւակներուն օրինակելի մասնակցութեան` դպրաց դասի այդ երիտասարդներու խումբին:

Դ.- Ուրախանալի էր ներկայութիւնը շրջանի ազգային, քաղաքական, միութենական, կրթական ու բարեսիրական կառոյցներու պատասխանատուներուն եւ  ներկայացուցիչներուն: Անշուշտ այստեղ տակաւին կարելի է աւելին ակնկալել, որովհետեւ նոյնանման հաւաքներու համայնքի պատասխանատուներու ներկայութիւնը հարկ է որ օրինակ դառնայ բոլորին:

Ե.- Եկեղեցւոյ բարերարներուն եւ նուիրատուներուն ու անոնց ննջեցեալներուն հանդէպ թաղականութեան ցուցաբերած յարգանքի ու երախտագիտութեան մօտեցումը, իր կարգին, պատգամող էր ու խրախուսիչ:

Զ.- Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուած մտերմիկ ժողովրդային հաւաքն ու այս առիթով առաջնորդ սրբազան հօր եւ հոգեւոր հովիւին փոխանցած ոգեւորող ու գնահատանքի խօսքերը իւրաքանչիւր հաւատացեալի մտքին ու հոգիին մէջ եկեղեցւոյ ծառայութեան նոր խայծ մը դրին անտարակոյս:

Սրբազան հայրը մեր ժամանակակից մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար կենսական նկատեց այսպիսի հաւաքներով իրարմով գօտեպնդուելու երեւոյթը եւ շեշտեց նման հաւաքներու բազմապատկումը մեր կեանքին մէջ: Ան բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ դպրաց դասի տղոց ճիգն ու աշխատանքը: Հոգեւոր հովիւը, անցնող տարեշրջանին եկեղեցւոյ հանդէպ բոլոր ծառայութիւնները եւ զօրակցութիւնները լուսարձակի տակ բերելով, քաջալեր հանդիսացաւ ծխայիններուն շարունակելու իրենց աստուածահաճոյ ծառայութիւնը:

Բնականաբար մեր ակնկալութիւնները միշտ ալ աւելին են եկեղեցիէն, սակայն դրական նախաձեռնութիւնները լուսարձակի տակ առնելով` աւելի օրինաչափ կը դառնայ կազմակերպ ու արդիւնաւէտ աշխատանքի ակնկալութիւնն ու շեշտադրումը: Խօսքը գործով կենսաւորող եւ այդ գործին ճիշդ հունաւորում, բովանդակութիւն եւ նկարագիր տուող դերակատարութեամբ ու պատասխանատուութեամբ միայն կը յաջողինք հաւաքական մեր կեանքը պահել շարժման մէջ ու մեր կառոյցներու առաքելութիւնը երաշխաւորել եւ կենսաւորել:

Վա՛րձքը կատար բոլորին:

 

 

 

Leave a Comment