ԿՈՉ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ ի յարգանս մեր բիւրաւոր նահատակներուն ու գործնականօրէն արտայայտելու համար հայութեան միասնակամութիւնը,
Ուրբաթ, ապրիլ 24, 2026-ին
Լիբանանի տարածքին փակ պահուին հայկական բոլոր հաստատութիւններն ու վաճառատուները, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ մասնակցութիւն բերել մեր եկեղեցիներուն մէջ կատարուող արարողութեանց եւ մեր կառոյցներուն կազմակերպած ոգեկոչական ելոյթներուն:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
————————————–
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 111-ԱՄԵԱԿ
ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ
Մասնակցութեամբ`
Լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներուն
– Պատգամախօս` ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ
(Հայ Աւետարանական քոլեճի պատուակալ տնօրէն)
. Գեղարուեստական յայտագիր
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
