Կարօտի Ցաւը Շատ Մեծ Է. (Քնար Չոլագեանի Յիշատակին Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Նանի՛, արդէն քառասուն օ՞ր…

Քառասուն օր է, որ ֆիզիքապէս մեզի հետ չես, առյաւէտ բաժնուած ես մեզմէ:

Անակնկալ էր, նանի՜, շա՜տ գէշ անակնկալ:

Բժշկական քննութիւններ ընելու համար գացիր հիւանդանոց եւ յաջորդ օրն իսկ մեր սրտերը արիւն լացին:

Կորուստդ ծանր է, կարօտի ցաւը` շատ մեծ:

Անթիւ յիշատակներ ունինք միասին, նանի՛: Մեր օրը կը սկսէր քու ղրկած «Բարի լոյս»-երովդ, բարի մաղթանքներովդ եւ աղօթքներովդ: Կէսօրին կը հեռաձայնէիր` ըսելով. «Հանդիպեցէք, սուրճ խմենք»: Իրիկունը անպայման ըսելիք կ՛ունենայիր, որ նորէն խօսիս մեզի հետ: Երբ տեսնուէինք, կը պատմէիր առօրեայէդ` սկսելով առաւօտեան աղօթքներովդ: Ամէն առաւօտ կ՛աղօթէիր բոլորիս համար, բայց յատուկ ձեւով` մեր տասնմէկէն մէկուն համար: Խնդրանքներդ շատ էին, բարի խնդրանքներ: Կը պատմէիր եկող օրերու ծրագիրներուդ մասին: Կեանքով լեցուն էիր, միշտ ընելիք ունէիր թէ՛ տան մէջ եւ թէ՛ դուրսը: Բծախնդիր, կոկիկ, հիւրասէր, պարտաճանաչ, ընկերային շրջանակ ունեցող եւ ծառայասէր նանիս: Ասոնց կողքին, միութիւնը շատ սիրող: Անթիլիասի ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի անդամուհի, ապա վարչական ընկերուհի` տարիներ շարունակ: Նուիրուած աշխատանքդ, ազնուութիւնդ եւ գործի հանդէպ պատասխանատու մօտեցումդ, որոնք օրինակ դարձան երիտասարդ սերունդին, մինչեւ այսօր կը վկայեն ընկերուհիներդ: Կը պատմէիր, թէ ինչպէ՛ս մեզ` թոռնիկներդ, աթոռակներու մէջ դրած` կը տանէիր հերթական ժողովներու, ձեռնարկներու, նոյնիսկ` եկեղեցական արարողութիւններու, որովհետեւ չէիր ուզեր բացակայիլ որեւէ ժողովէ, ընկերային հաւաքներէ եւ կամ աղօթքներէդ:

Նանի՛, կարօտցայ «Բարի լոյս»-դ, կարօտցայ ձայնդ, կարօտցայ խնդուքդ եւ շարժուձեւդ:

Կարօտցայ տուած պաչիկներդ, փաթթուկներդ եւ խօսքերդ` «Եկուր, կարմիր գոյն դիր եղունգներուս»:

Կարօտցած ենք քեզ շատ, անսահմանօրէն: Օր չ՛անցնիր, հաւատա՛, որ բացակայ ըլլաս մեր մտքէն:

Չեմ գիտեր, թէ այս պահուս ի՛նչ գործի վրայ ես հոն: Բայց վստահ եմ, որ քնքուշ ժպիտդ անպակաս է դէմքէդ, միշտ վայելուչ հագուածքով, ներկուած եղունգներով եւ յարդարուած մազով: Նաեւ վստահ եմ, որ հոն` վերը, կը շարունակես հսկել եւ աղօթել մեզի համար: Նանի՛, այսօր որո՞ւ համար կ՛աղօթես: Մեր տասնմէկէն որո՞ւ կարգն է այսօր:

Մեծ պահքի շրջանին հեռացար մեզմէ, նանի՛: Տարուան նախասիրած շրջանդ: Բացառաբար այս տարի առցանց հետեւեցանք եկեղեցական արարողութիւններուն եւ զգացինք քու ներկայութիւնդ մեր կողքին, ինչպէս որ ֆիզիքապէս միասին կ՛ըլլայինք անցեալին: Դժուար է խօսիլ քու մասիդ` ըսելով «անցեալին»: Եկեղեցի կը մտնէիր, կը յառաջանայիր` մոմ վառելու: Աշխուժօրէն կը մասնակցէիր պատարագի երգեցողութեան: Կը սպասէիր պատարագի աւարտին, որպէսզի ելլէիր դուրս: Այս բոլորը յիշեցինք, երբ կը հետեւէինք առցանց: Բայց եկեղեցիին մէջ քու տեղդ գրաւուած էր արդէն, նանի՛: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ուխտդ կատարեցինք այս տարի ալ, բայց այս անգամ` քու բացակայութեամբդ:

Բոլոր բարի յիշատակներդ պիտի շարունակենք ապրեցնել մեր կեանքին մէջ:

Կը ցաւիմ, որ ներկայ պիտի չըլլաս աւարտական հանդէսիս, որ շատ կը փափաքէի: Բայց վստահ եմ, որ պիտի հետեւիս քայլերուս եւ հետս պիտի ըլլաս, հրեշտա՛կս:

Միակ մխիթարանքս է, որ վերջին կիրակիդ բոլորս կողքիդ էինք, ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցանք իրարմէ:

Ցտեսութիւն, նանի՛, անհոգ եղիր, տէտէին շատ լաւ հոգ կը տանինք: Բարեւէ՛ պապուկին եւ մեծմամային:

Լոյս հոգւոյդ` աննմա՛ն նանիս:

Թոռնիկդ`
ՆԱՐՕՏ

Leave a Comment