
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՉՈՐՔ ՄԱՐԶՊԱՆԻ (ՏԷՕՐԹ ԵՈԼ) ննջեցեալներուն հոգիներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 19 ապրիլ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Սոյն արարողութեան պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ հոգեսուրճ պիտի մատուցուի:
ՉՈՐՔ ՄԱՐԶՊԱՆԻ (ՏԷՕՐԹ ԵՈԼ) ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՎԵՐԺԻՆ ՉԵՐՉԵԱՆ-ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի (խմբագիր ՓԹԻԹԻ) մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 19 ապրիլ 2026-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, հոգեսուրճ պիտի մատուցուի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԻՄԱՍՏՈՒՆԵԱՆ-ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 19 ապրիլ 2026-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: