Տեղահանուածներն Ալ Մարդ Են Ի Վերջոյ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Տեղահանութիւնը նոր տագնապ մը չէ. պատմութեան ընթացքին զանազան պատճառներով միշտ եղած են իրենց տուներն ու երկիրները լքած մարդիկ: Այսօր սակայն գաղթականութեան համաշխարհային ճգնաժամ է իր բոլոր ցաւերով, որոնք մեր ազգին համար նորութիւն չեն: Նախքան Միջին Արեւելքի վերջին պատերազմը` «Concern Worldwide» կայքը հրապարակած է այս բնաբանով յօդուած մը` շեշտադրելով հոգեբանական կողմը: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

Ն.

Աշխարհի  Զանազան  Երկիրներու Մէջ
Տեղահանուածներու Առջեւ Դրուած Խնդիրները

«Մենք պարզապէս կը փորձէինք փրկուիլ մահէն»,  կ՛ըսէ Ֆաթիման` հինգ երեխաներու սուտանցի մայր, խօսելով Չատի գաղթակայանէն: Այս բառերը կ՛ամփոփեն փորձառութիւնը տասնեակ միլիոնաւոր գաղթականներու, որոնք կ՛ապրին տեղահանուած վիճակի մէջ: Հակամարտութեան գօտիէն դուրս գալը կրնայ վտանգաւոր ճամբորդութիւն ըլլալ եւ մարդուն արժել ամէն բան: Բայց եւ այնպէս, անոնք ստիպուած կ՛ըլլան գործ ունենալ վարչարարական գործընթացներու հետ (երբեմն` առանց իրենց բոլոր փաստաթուղթերը կարգի բերելու, եթէ ստիպուած ըլլան արագ հեռանալ), սպասել ապաստանի վերաբերեալ որոշումներու կայացման եւ ապրիլ ինչպէս իրենց տեղահանուածութեան, այնպէս ալ հայրենիքի մէջ ստեղծուած կացութեան անորոշութեան մէջ:

Այլ խօսքով, մարտահրաւէրները չեն աւարտիր անձին ապաստան տրամադրելէն ետք: Կարդացէ՛ք գաղթականներու առջեւ այսօր դրուած  ամէնէն տարածուած խնդիրներու եւ անոնց` մեր կողմէ ձեռնարկուող քայլերու մասին:

Ապրուստ շահիլը

Գաղթականները յաճախ ստիպուած կ՛ըլլան ձգել գրեթէ ամէն բան` վտանգաւոր իրավիճակէն դուրս գալու համար, այն, ինչ անոնք կարենան իրենց հետ տանիլ, կրնայ օգտագործուիլ զանոնք դուրս բերելու համար: Ինչպէս ըսաւ Ֆաթիման, սովորաբար Սուտանի մէջ գտնուող իր հայրենի գիւղէն Չատ ճամբորդութիւնը անձի մը համար կ՛արժէ առաւելագոյնը 4000 սուտանեան փաունտ (մօտաւորապէս վեց եւրօ): Երբ ան եւ ընտանիքը կը փախչէին Սուտանի մէջ տիրող ներկայիս հակամարտութիւններէն դէպի Չատի արեւելքը գտնուող գաղթակայան, այդ մէկ անձի համար արժած է 62500 սուտանեան փաունտ (95 եւրօ): Կարգ մը տարհանուածներ  հասած են ընդունող աւան, որ արդէն պարտքերու մէջ է:

Հակառակ անոր որ վերջին հինգ տարիներու ընթացքին յառաջընթաց արձանագրուած է, սակայն գաղթականներու համար տնտեսական ներառումը տակաւին սահմանափակ է, ինչ որ կը դժուարացնէ անոնց կեանքը վերականգնելը եւ իրենց ընդունող աւանին ներդրում ունենալը: Գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատարը կը տեղեկացնէ, որ  գաղթականներուն 75 առ հարիւրը կ՛ապրի աղքատութեան մէջ, ու թէեւ անոնց 70 առ հարիւրը օրինական իրաւունք ունի մասնակի կամ ամբողջութեամբ աշխատելու, բայց միայն 50 առ հարիւրը գործնականին մէջ պաշտօնական աշխատանք կ՛ունենայ: Անոնց համար կրնան նաեւ սահմանափակ ըլլալ տնտեսական ծառայութիւնները, ներառեալ` արդար վարկերը, ընկերային ապահովագրութիւնը եւ գործազրկութեան նպաստը:

Յարմար եւ մատչելի բնակարան գտնելը

Գաղթականներու հարցերով ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը (UNHCR) կը հաղորդէ, որ գաղթականներուն միայն 22 առ հարիւրը կ՛ապրի վրանային գաղթակայաններու մէջ, իսկ մնացեալ 78 առ հարիւրը` քաղաքներու, բնակարաններու մէջ: Սակայն երկու պարագային ալ անվտանգ եւ մատչելի բնակարան գտնելը կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ: Կարգ մը գաղթակայաններ, ինչպիսիք են Պանկլատեշի Քոքս Պազար քաղաքին մէջ գտնուող ռոհինկիա գաղթականներու համար նախատեսուածները, սահմանափակումներ ունին ապաստարաններ կառուցելու համար գործածուող նիւթերու վերաբերեալ, որուն պատճառով բազմաթիւ ընտանիքներ կ՛ապրին վրաններու մէջ, որոնք խոցելի են յատկապէս ջրհեղեղներու եւ հրդեհներու նկատմամբ:

Երբ Խալետ եւ Մարամ Սուրիայէն Լիբանան ժամանեցին 2013 թուականին, անոնք սկիզբը կ՛ապրէին Պեքայի մէջ, բայց կը պայքարէին ինչպէս բարձր վարձավճարներու, այնպէս ալ ընդունող շրջանին մէջ գաղթականներու նկատմամբ թշնամական տրամադրութիւններու դէմ: Անոնք 2021 թուականին տեղափոխուեցան Լեռնալիբանան: Ամրան անոնք կրնան անվճար ապրիլ վրանի մէջ: Ձմրան անոնք տուն կը վարձեն: Այդ աւելի լաւ է, քան վրանը, բայց անոնք չեն կրնար ձմեռը անցընել լեռնային դաժան կլիմայի պայմաններուն մէջ:

Խալետ աշխատած է ագարակապանի մը քով` իր վրանը տեղադրելու համար տարածքի դիմաց: Ձմրան ցուրտ ջերմաստիճանները ստիպած են անոր ընտանիքին քաղաքը տուն վարձել, բան մը, որ իրենց կարողութենէն վեր է:

Անվտանգ եւ առողջ մնալը

Ցաւալի հեգնանք է, որ անվտանգութիւնը գոյութեան հարց է տեղահանուածներուն համար, նոյնիսկ այն պարագային, երբ անոնք կրնան փախչիլ հայրենիքի մէջ հակամարտութենէն եւ հասնիլ «անվտանգութեան»: Ամէնէն շատ տեղահանուածներ ընդունողները  դրացի երկիրներն են, որոնք նոյնպէս կը բախին իրենց սեփական ճգնաժամերուն, ինչ որ կրնայ ոչ պաշտօնական բնակավայրերու մէջ ապրող տեղահանուածները դնել աւելի անհանգիստ վիճակի մէջ:

Մարամն ու Խալետը այս զգացած են Լիբանանի մէջ, ուր քանի մը տարուան տնտեսական ճգնաժամը յանգեցուցած է սուրիացի ապաստանածներու նկատմամբ ատելութեան աճի: Խալետ կը բացատրէ, որ երկրին մէջ գիներու յաւելեալ բարձրացումը բազմացուցած է գողութիւնները, որոնց համար ալ մեղադրած են սուրիացիները:

Բազմաթիւ ապաստանածներու նման, անոնք նոյնպէս կը բախին առողջապահական ծառայութիւններէ օգտուելու դժուարութիւններու` թէ՛ դեղորայքի ձեռքբերման, թէ՛ անհրաժեշտութեան պարագային հիւանդանոց կամ բուժարան երթալու հնարաւորութեան կապուած: Լիբանանի մէջ գնաճի մակարդակի պատճառով Խալետ օր մը չկրցաւ դեղ գնել իր տղուն համար: «Ես կը վախնամ, որ կը հասնիմ այն կէտին, երբ ստիպուած կ՛ըլլամ մուրացկանութիւն ընել` երեխաներուս համար ապրելու գումար գտնելու», կ՛ըսէ ան:

Առողջապահութենէն բացի` շատ հեռաւոր եւ գիւղական շրջաններու մէջ խնդիր են նաեւ առողջապահական պայմանները: «Ամէնէն մեծ մարտահրաւէրը այստեղ այն է, որ մենք օճառ չունինք,- կ՛ըսէ Ֆաթիման` Չատի իր գաղթակայանի մասին: – Ջուրը նաեւ շատ հեռու է մեր բնակավայրէն, եւ մենք ստիպուած ենք վարձել մէկը, որ սայլակ ունի»:

Ճնշուածութիւն եւ շարունակական վախ

Խօսքը միայն ֆիզիքական առողջութեան մասին չէ: Հոգեկան առողջութիւնը նոյնպէս լուրջ խնդիր է անոնց համար: «Հիմնական մարտահրաւէրը այն է, որ մարդիկ դեռ չեն յարմարած այն հանգամանքներուն, որոնց կը բախին հիմա», բացատրեց հոգեբան Լիլիան` Զապորժիէ ապաստանածներուն մասին խօսելով: Հակառակ անոր որ շրջանը համեմատաբար աւելի անվտանգ էր ռազմաճակատին աւելի մօտ գտնուող քաղաքներէն, սակայն  կը շարունակուին օդային ռմբակոծումներն ու յարձակումները, որոնք մարդիկը կը սարսափեցնեն:

Նոյն խնդիրները կը վերաբերին ե՛ւ գաղթականներուն ե՛ւ ներքին տեղահանուած անձերու: «Այս հանդիպումները մեզի զգացնել տուին, որ մէկը հոգ կը տանի մեր մասին` զգացական մակարդակով: Այս յաճախ չի պատահիր մեր տղամարդկային հասարակութեան մէջ, ուր մեզ կ՛առաջնորդէ այն միտքը, որ մենք պէտք է մեքենաներ ըլլանք եւ ապահովենք մեր ընտանիքները», կ՛ըսէ Հասան` երեք երեխաներու հայր, որ մասնակցած է Լիբանան ապաստանած սուրիացի  տղամարդոց համար կազմակերպուած աջակցութեան խումբին:

Լեզուական եւ այլ մշակութային խոչընդոտներ

Նոյնիսկ դրացի երկիրներու մէջ ապաստանածները կրնան լեզուական հարցեր ունենալ: Պանկլատեշի հարաւը բնակող ռոհինկիա գաղթականներու շրջանին մէջ  տարածուած բարբառը չիտակոներէնն է (պենկալերէնի մաս մը), մինչ Ռաքհայն նահանգէն փախած հարիւր հազարաւորներ կը խօսին ռոհինկիա լեզուով: Բոլորը կը մտածէին, որ չիտտակոներէնը բաւական մօտ է ռոհինկիաներուն, որպէսզի հասկնալի ըլլայ, սակայն այդպէս չէ: Արդէն իսկ լարուած իրավիճակին աւելցած է նաեւ այն, որ անոնք ստիպուած են համարկուիլ բոլորովին օտար լեզուի եւ մշակոյթի:

Հասինան` ռոհինկիա ապագայ մայրը, կը խօսի նախածննդեան խորհրդատուի հետ Քոքս Պազարի մէջ

Շարունակական կրթութիւն

Սուտանի մէջ 20-ամեայ Նայլայի կեանքը կեդրոնացած էր իր կրթութեան շուրջը: Այժմ Չատի արեւելքը գտնուող գաղթակայանին  մէջ անոր կրտսեր եղբայրները կրնան յաճախել երեխաներու համար նախատեսուած տարածքներ` խաղալու եւ սորվելու, սակայն իր ուսումը դադրեցուած է: Այս այն բաներէն մէկն է, որ ան ամէնէն շատ կը կարօտնայ յատկապէս, քանի որ, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, գաղթակայաններուն մէջ «ընելիք շատ բան չկայ»:

Այս տարածուած խնդիր է, որուն հետ կը բախին երկրորդական դպրոցի կամ համալսարանի տարիքի գաղթականները: Շատեր երբեք չեն վերադառնար իրենց ուսումը աւարտելու համար: «Ես կորսնցուցած եմ կամքս երկու տարի բացակայելէ ետք»,  ըսաւ16-ամեայ սուրիացի մը:

Գաղթական ըլլալը կրնայ նաեւ բազմաթիւ երեխաներ ստիպել ստանձնելու դերեր եւ պարտականութիւններ, որոնք շատ աւելի ծանր են իրենց տարիքի համար: Շատերը ի վերջոյ կը ստանձնեն կրտսեր քոյրերու եւ եղբայրներու կամ զարմիկներու խնամակալի դերը, եթէ անոնք չեն գտնուիր իրենց ծնողներու կամ խնամակալի հետ: Միւսները ստիպուած կ՛ըլլան աշխատանք ստանձնել իրենց ընտանիքը պահելու համար, եթէ իրենց ծնողները չեն կարենար բաւարար գումար շահիլ: Նոյնիսկ անոնց համար, որոնք կը շարունակեն իրենց ուսումը ընդունող քաղաքին մէջ, դժուար կրնայ ըլլալ դասարանին մէջ համընթաց քալելը: Բազմաթիւ տեղահանուած երեխաներ չափազանց շատ սարսափներու ականատես եղած են, զորս չեն կրնար յաղթահարել աւանդական կրթական միջավայրին մէջ: Ոմանք նաեւ խտրականութեան կ՛ենթարկուին դասարանին մէջ:

Սուրիացի Այհամ  ցոյց կու տայ արաբերէն գրուած 4 թիւը, մինչ աշակերտը թիւեր կը հաշուէ Լիբանանի հիւսիսը գտնուող Աքքարի Մոհամարա քաղաքի վրանային բնակավայրին մէջ կայացող ոչ պաշտօնական կրթական ծրագրի ժամանակ:

Սիրելիներու տուն վերադառնալը

Տեղահանութեան ընթացքին սարսափ կամ ճնշուածութիւն ապրելու բազմաթիւ պատճառներէն մէկն այն է, որ անոնցմէ շատերը տակաւին ունին ընտանիք եւ սիրելիներ: Ոմանք նոյնիսկ կրնան վերադառնալ դուրս գալէն ետք:

Այս էր Ֆաթիմայի դէպքը Չատի մէջ, ան ինքզինքը ապահով կը զգայ ստացուող օգնութեան շնորհիւ, բայց ունի այլ խնդիրներ, որոնք զինք գիշերները անքուն կը պահեն: «Իմ հիմնական մտքերն ու մտահոգութիւնները հիմա զաւակներս են, որոնք Սուտան կը գտնուին,- կ՛ըսէ ան: – Ես դեռ լուր չեմ ստացած իմ երեք զաւակներէս, որոնք վերադարձած են»:

Նոյնիսկ ժամանակակից արհեստագիտութեան պայմաններուն մէջ հակամարտութեան կամ ճգնաժամային գօտիներու մէջ գտնուող սիրելիներու հետ կապ պահպանելը կրնայ դժուար ըլլալ: Ճգնաժամի ընթացքին ընկերներու եւ ընտանիքի անդամներու ապրումներու անորոշութիւնը միայն կը խորացնէ փրկուածի մեղքի ապրումը, որ տեղահանուածները կը զգան: Անոնք թերեւս տեղահանութեան մէջ այդքան ալ դիւրին ժամանակ չունենան, բայց նաեւ գիտեն, թէ որքա՛ն աւելի վատ կրնայ ըլլալ:

Հաշմանդամ ըլլալը

Աշխարհի քանի մը միլիոն տեղահանուած մարդիկ հաշմանդամ են, սակայն յաճախ անտեսանելի կը մնան քար ու քանդ եղած շրջաններու մէջ: Տեղահանուածներու մէջ ապրիլը յաճախ մարտահրաւէրներ կը յառաջացնէ այն մարդոց համար, որոնք յաւելեալ յարմարութիւններու կարիք ունին: Անոնք կ՛ենթարկուին շահագործման, բռնութեան եւ խտրականութեան աւելի մեծ վտանգի:

Սեղանին  ուտելիք  բերելը

Տեղահանուածներու համաշխարհային ճգնաժամը նոյնպէս սովի ճգնաժամ է: Մարդասիրական օգնութիւնը նախատեսուած չէ մարդոց երկարատեւ աջակցելու համար: Տեղահանուածները օգնութիւն կը ստանան միայն իրենց ամէնէն հիմնական կարիքները բաւարարելու համար, յաճախ` այն յոյսով եւ սպասումով, որ շուտով կը կարողանան վերադառնալ իրենց ծագման վայրերը: Սակայն այդ այլեւս այդպէս չէ մեծամասնութեան համար:

«Ես կը ցաւիմ եւ կը տխրիմ` տեսնելով, որ իմ երեխաներէս մէկը կ՛ուզէ ուտել, բայց ես չեմ կարողանար միս գնել,- կ՛ըսէ Խալետ: – Մենք նախապէս կը կարողանայինք ուտելիք գնել եւ աւելի ուշ վճարել, երբ օգնութիւն կը ստանայինք, սակայն խանութները այլեւս չեն ընդունիր այդ, քանի որ գիները կը փոխուին տնտեսութեան պատճառով»:

Խալետ իր ընտանիքի ժամանակաւոր տան խոհանոցին մէջ` Լեռնալիբանան:

Կեանք ստեղծելը

Այս բոլոր անհատական խնդիրները միասին կը կազմեն աւելի մեծ գոյաբանական խնդիր. տեղահանուածներուն մեծ մասը կը լքէ տուները, քանի որ այդ կեանքի եւ մահուան հարց է: Բայց ինչպէ՞ս կառուցել կեանք` այդքան դժուար հանգամանքներու մէջ:

«Անկախ պայմաններէն` Սուրիան գեղեցիկ է, – կ՛ըսէ Խալետին կինը` Մարամ: – Մեր երկիրն է, եւ մենք ժամանակին կը կարողանայինք ազատ տեղաշարժիլ»: Թէեւ անոնց համար վտանգաւոր է  վերադառնալ, սակայն անոնք կը դժուարանան Լիբանանի մէջ ապրելու միջոց գտնել սահմանափակ կարելիութիւններու պայմաններու մէջ` հակառակ Խալետի աշխատելու ուժեղ ցանկութեան: «Ես կարիք չունիմ հարուստ կամ քաղաքի ընտրանի անդամ ըլլալու,- կ՛աւելցնէ Մարամ: – Ես պարզապէս կ՛ուզեմ հոգալ մեր հիմնական կարիքները, իսկ մեր երեխաները արժանապատուութիւն ունենան»:

Չատի մէջ նախկին համալսարանի ուսանողուհի Նայլան կարողացած է կամաւոր աշխատանք գտնել մայրական եւ մանկական առողջութեան բուժարաններուն մէջ, որոնք կը սպասարկեն շրջանի սուտանցի տեղահանուածներուն: Այդուհանդերձ, ան նոյնպէս կը կիսէ Խալետի եւ Մարամի զգացումները: «Ինծի համար դիւրին չէ կեանքս այստեղ անցընել,- կ՛ըսէ ան: – Ես յոյս ունիմ, որ Սուտանի մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի: Եթէ կացութիւնը կայուն ըլլայ, յոյս ունիմ, որ մենք կը կարողանանք վերադառնալ, քանի որ մենք չենք կրնար շարունակել ապրիլ այստեղ»:

Leave a Comment