Միացեալ Նահանգներ տակաւին իրենց համաձայնութիւնը չաւարտած Իրանի հետ արդէն անցած են Լիբանան-Իսրայէլ ուղիղ բանակցութիւններ կազմակերպելու, Իսրայէլի եւ Լիբանանի առաջին դէմքերուն միջեւ հեռաձայնային կապեր ստեղծելու տենդագին աշխատանքին: Մինչ, լիբանանեան ուղղութեամբ հրադադար հաստատելու երկկողմանի յայտարարութիւններ կը հնչեն: Լիբանանեան կողմէն կը թուի աճապարանք` զէնքի մենաշնորհման ընթացակարգը փուլային իրականացնելու ուղղութեամբ:
Պէտք է յիշել, որ նախորդ հրադադարը եւս այդ փուլային ընթացակարգին կ՛առաջնորդէր Լիբանանը, դիմացը սակայն իսրայէլեան ուժերու հեռացումի արդար ակնկալումով: Տակաւ՛ին. ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը երկկողմանի յանձնառութիւններ եւ պարտաւորութիւններ կ՛ենթադրէ, մինչ գետնի վրայ այդ բոլորը միակողմանի կ՛աշխատէին: Իսրայէլը կը շարունակէր իր յարձակողապաշտութիւնը Լիբանանի դէմ:
Հիմա շրջանառութեան մէջ կը դրուին գօտիներու եւ ենթագօտիներու աշխարհագրական սահմանումներ: Բոլորէն յստակ կը դառնայ, որ Իսրայէլը նախ կ՛առաջադրէ բնակչութեան վերադարձի բացառումը: Ըստ էութեան ոչ միայն Հըզպալլայի դիրքերը կամ լիբանանեան բանակի տեղակայումը սպառնալիք են Իսրայէլի համար, այլ նաեւ անզէն բնակչութիւնը: Տարածքներու հարթ-հաւասարեցումը տակաւին բաւարար չէ Իսրայէլի համար` իր կողմէ նկատուած սպառնալիքի չէզոքացման համար:
Հարաւի ժողովուրդը փաստած է, որ նոյնիսկ աւերակ դարձած իր բնակավայրերը վերադառնալու կամք կը դրսեւորէ եւ զինադուլի առաջին օրն իսկ կը փութայ հասնիլ իր բնօրրանը: Ահա, այս իրականութիւնն է, որ Իսրայէլ իր անվտանգութեան դէմ լրջագոյն սպառնալիք կը նկատէ եւ միջազգային համաձայնութիւն կ՛ուզէ ամրագրել այդ տարածքներու ամայեցումին:
Լիբանանի հարաւի ժողովուրդը ժողովրդագրական պատկերի վերականգնումով կը պայքարի իր բնօրրանը աւերած Իսրայէլի դէմ, եւ մարդկային գործօնը այս պարագային հիմնական զէնք է տեղւոյն բնակչութեան համար: Վերադարձի ոչ միայն միջազգային իրաւունքը այս ձեւով կ՛ոտնահարուի, այլ նաեւ սեփական հայրենիքի որեւէ տարածք բնակեցնելու թէ՛ պետական, թէ՛ քաղաքացիական սահմանադրական իրաւունքները:
Մարդկային գործօնը, ժողովրդագրական պատկերի վերականգնումի հաւաքական կամքը ո՛չ ռազմական արդիւնաբերութիւն է, ո՛չ արտաքին սպառազինութիւն, ո՛չ ալ ռազմական նորարար գործիքներու իւրացումով պատերազմին յաղթելու կարելիութիւն: Հողին կառչած մնալու ազգային-համայնքային հաւաքական գիտակցութիւնն է, որուն դէմ միայն բռնատեղահանումով կրնայ պատերազմիլ այս պարագային անվտանգութեան գօտի եւ հիմա ալ ենթագօտիներ ձեւաւորելու պահանջներով բանակցութիւններուն ներկայացող Իսրայէլը:
Պաշտօնական Պէյրութը քանի մը ելակէտային սկզբունք պէտք է արծարծէ թելադրուած բանակցային գործընթացին.
Ա.- Պատերազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցում:
Բ.- Երաշխիքներ նախորդին նման հրադադարը չխախտելու եւ վերստին պատերազմ չսանձազերծելու:
Գ.- Իսրայէլեան ուժերու հեռացում լիբանանեան գերիշխան տարածքներէ:
Դ.- Բռնատեղահանուած ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրականացում:
Կարելի է պատկերացնել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան Թել Աւիւի պայմանները: Այդուհանդերձ, այս բոլորին մէջ լիբանանեան կողմին հզօրագոյն զէնքը ժողովուրդի վերադառնալու կամքն է, նոյնիսկ վրանաբնակ գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ ապրելու պատկերացումով: Ինչ որ կը թուի, որ հիմնական սպառնալիք է հակառակորդ կողմին համար:
«Ա.»