Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս յայտարարեց. «Կը կարծեմ, որ տեղի ունեցածին պատճառը իսկական սխալ հասկացողութիւն մըն է, որովհետեւ իրանցիները կարծեցին, թէ զինադադարը Լիբանանը կը ներառէ, սակայն այդպէս չէր, եւ մենք երբեք այդ խոստումը չտուինք»:
«Իսրայէլացիները Լիբանանի մէջ ինքնազսպում առաջարկեցին», նշեց ան:
«Իսրայէլացիները կը փորձեն Իրանի վերաբերեալ բանակցութիւններուն մէջ մեր յաջողութեան պայմանները պատրաստել, եւ իրանցիները պէտք է յաջորդ քայլը առնեն, այլապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առջեւ պատերազմին վերադառնալու ընտրանքներ գոյութիւն ունին», յայտնեց Վանս:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ Սպիտակ տան այն պնդումը, որ Լիբանանը զինադադարին մաս չի կազմեր, համաձայնութենէն հրաժարելու վառ օրինակ է: