Մտավախութիւնը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Համաարաբական երկիրներու կիներու խորհուրդի անդամ

Վերջերս ոչ պաշտօնական լրագրական աղբիւրներէ եւ անորոշ կեդրոններէ շշուկներ տարածուեցան այն մասին, որ հարուածներ կրնան տրուիլ նաեւ շրջանին մէջ ամերիկեան տարբեր հաստատութիւններու, որոնց կարգին նաեւ` կրթական կառոյցներու: Այդ կը նշանակէ, որ վտանգուած են նաեւ Լիբանանի մէջ գործող զոյգ ամերիկեան համալսարանները` 160 տարեկան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (AUB) եւ անոր կէս տարիքը ունեցող Լիբանանի ամերիկեան համալսարանը (LAU):

Ի՜նչ ոճիր մարդկութեան հանդէպ եւ յայտնապէս` Լիբանանի հանդէպ: Այս մտավախութիւնը, ճիշդ թէ սխալ, ինքնաբերաբար կ՛ազդէ մեր հոգիներուն եւ տրամադրութեան վրայ: Նոյնիսկ եթէ ստոյգ լուրեր չեն, ինքնաբերաբեր իր անորոշութեամբ եւ ստեղծած ժխտական մթնոլորտով բոլորս կը մատնէ անհանգստութեան:

Լիբանանեան վերջին դարու պատմութիւնը հարուստ է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի եւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի ջամբած օգտաշատ գիտութեամբ եւ լիբանանեան գիտական կեանքին մէջ անոնց ունեցած խորունկ դերակատարութեամբ: Հոնկէ անցած են մեծաթիւ սերունդներ` կերտելով համաշխարհային յաջողութիւններ, անոնց կարգին են մեր հայ ազգի զաւակներէն շատեր` բժիշկներ, ճարտարապետներ, վաճառականներ, դեղագործներ, հիւանդապահուհիներ եւ քաղաքագէտներ, որոնք այսօր կարեւոր եւ ղեկավար դիրքերու վրայ են: Այս բոլոր անձերը իրենց յաջողութիւններով օգնած են եւ տակաւին կը շարունակեն օգնել համայն մարդկութեան` կերտելով յաջող հիմնարկներ, հաստատութիւններ եւ կատարելով կարեւորագոյն գիւտեր:

Արդեօք ներելի՞ է այսքան անարդարութիւն, եթէ նոյնիսկ իրականութիւն չէ, կամ սպառնալիքի մտավախութիւններ են: Այս հաստատութիւնները ծառայած են մարդկութեան բարձրագոյն ուսումին, ուր ընդունուած են տարբեր կրօններէ, դաւանանքներէ, ազգութիւններէ անհատներ:

Տնօրէնութիւնը կոչ կ՛ուղղէ, որ այս հաստատութիւնները չվերածուին թիրախներու, չենթարկուին պատերազմական հարուածներու, որովհետեւ մինչեւ թուականս անոնք իրենց դռները չեն փակած բնաւ, որովհետեւ նման պարագայի արձանագրուած վնասը ոչ միայն կառոյցին շէնքերուն պիտի ըլլայ, այլ նաեւ` մարդուժի, գիտութեան, աշակերտական մտային պաշարին եւ պայծառ ապագայի տեսլականին: Նման քայլով մը նոր գիտութիւնները եւ ծրագիրները, ուսումնասիրութիւններ, հետազօտական աշխատանքներ պիտի պակսին եւ անհետանան:

Ճգնաժամային օրերու մտավախութիւնը իրականութենէ աւելի արագ կը գործէ: Ազգերու պատմութեան համաձայն, ուսում եւ մշակոյթ նոյն ձեւով չեն գործեր վայրագութեան եւ պատերազմի արհաւիրքին դիմաց, որովհետեւ դաստիարակութիւնն ու համալսարանական յաջողութիւնները կ՛անտեսուին, կը կորսուին, երբ վայրագութիւնը կը դառնայ ուժ եւ ենթադրեալ յաղթանակ: Օրինակները շատ են, սկսելով մեր հայրենիքէն` Արցախէն, որուն յանձնումով եւ արցախցիներու պարտադիր բռնագաղթով մեր պատմութեան էջերէն կը սրբուին կրօնական, եկեղեցական կարեւոր կոթողներ, մշակութային կեդրոններ, ուր հայութեան դարերու պատմութիւնը կերտուած է այդ քարերուն վրայ: Ինչո՞ւ այս բոլորը: Արդեօք թշնամիին յաղթանակին մէջ բաժի՞նն է  քանդումը դարերու պատմութիւններուն: Յիշենք դարձեալ Լիբանանի հարաւը, ուր մարդկային ահաւոր վնասներու կողքին, կը կործանին նաեւ Սուրի, Սայտայի եւ շրջակայքի մէջ գտնուող պատմական արժէքները, որոնք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ գնահատուած եւ արժեւորուած են: Այդ արժէքները, որոնք պեղումներու ընթացքին մեզի ներկայացուցած են փիւնիկեան, հռոմէական եւ տարբեր պատմութիւններ` իրենց մզկիթներով, եկեղեցիներով եւ պատմական ու կրօնական արժանավայել վայրերով:

Շատ են օրինակները. 2001 թուականին Թալիպանը կործանեց Պամիան Պուտտաները, որոնք դարերէ ի վեր գոյութիւն ունէին, եւ այլն:

Ո՞վ է մեղաւորը, ո՞վ է յանցագործը, ո՞վ է յաղթականը:

Այս քանդումները կ՛ոչնչացնեն մեր պատմութեան փաստերը եւ յիշատակները: Անշուշտ ասոնց կողքին կ՛ոչնչացնեն մարդկային արժէքները: Մարդիկ, ազգի զաւակները, որոնք նախընտրած են իրենց հայրենիքը, հողը պահել` իրենց տուներուն կառչած մնալով:

Այս բոլոր մտավախութիւններուն մէջ, մեր միակ ուժն է կառչիլը մեր երկրին, տոկալ եւ դիմանալ` պահելով մեր հայրենիք Լիբանանը, արժեւորելով մեր ժողովուրդի խրոխտ կեցուածքը եւ բարձր գնահատելով մեր ունեցած մտային, ուսումնական կեդրոնները, որոնք մեզի միայն ուսում չեն տուած, այլ նաեւ կազմաւորած են խելացի քաղաքացիներ, ազգին եւ երկրին պատիւ բերող անձնաւորութիւններ:

Պէյրութի ամերիկեան եւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանները իրենց գոյութեան եւ գործունէութեան ողջ ընթացքին եղած են լոյսի եւ յոյսի փարոսներ, ունեցած են իրենց բարձր առաքելութիւնը` պատրաստելու լաւ եւ յաջող քաղաքացիներ, որոնք երկիրը քաջաբար կը ղեկավարեն բոլոր ճգնաժամերուն: Այս համալսարանները անցեալէն մինչեւ այսօր տոկացած են բոլոր դժուարութիւններուն, իրենց ճիգով եւ ջամբած գիտութեամբ հաշտութեան կեդրոններ դարձած են անցեալին եւ ներկային` կառավարական տարբեր հաստատութիւններու միջեւ:

Յոյսով ենք, որ մեր մտավախութիւնները շուտով կը փարատին, եւ դարձեալ Լիբանանն ու համալսարանները կ՛ապրին իրենց փառքի օրերը:

2 ապրիլ 2026

Leave a Comment