Հաւատքի Վկայութիւն Մը. Աստուած Այսօր Ալ Հրաշք Կը Գործէ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ.ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Պասրայի Ս. Կարապետի աջը

Քանի մը օր առաջ, համակարգիչիս հին թղթածրարները կարգաւորած պահուս, գտայ 1993-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, Մեսրոպ արք. Աշճեանի «Կեանքի եւ հաւատքի էջեր» հատորէն կատարած ընդգծումներուս գրութ-իւնը, ուր ուշադրութիւնս գրաւեց «Ս. Կարապետի աջը Պասրայի մէջ» յուշագրութիւնը (էջ 419-425), որ նաեւ փորձառութիւններէս մին լուսարձակի տակ պիտի բերէ հոս:

Հոգելոյս աւագ միաբանակից եղբօրս յուշագրութենէն հատուածներ կը քաղեմ.

«… Անսահման եղաւ հրճուանքս, երբ, անցեալ յունուարին (1970 – Ն.), պատեհութիւնը ունեցայ ուխտի երթալու Ս. Կարապետի աջին, Իրաքի Պասրա քաղաքին մէջ: … Մտքիս մէջ շփոթ մը կար: Ի՞նչ աջ է սա: Պատմական տեղեկութիւնները շատ հարուստ են Ս. Կարապետի աջին եւ կամ ընդհանրապէս մասունքներուն մասին:… Բայց ուրկէ՞ այս աջը… Պասրայի մէջ: Կամ ո՞ր աջն է սա: Ուրկէ՞ բերուած է Պասրա: Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետէ՞ն, ուր, ըստ աւանդութեան, զետեղուեցաւ սուրբին մասունքը մեր Հաւատոյ Հօր կողմէ: … Օրինակ, Լուսաւորիչ հայրապետ, Կեսարիայէն իր դարձին, կը կործանէ իսանէի եւ Դեմետրի կուռքերը եւ հիմը կը դնէ նոր եկեղեցիի մը եւ հոն ալ կը թաղէ Ս. Կարապետի մասունքները. «Եւ այս էին զոր եդաք. զաջ թեկն մինչեւ զարմուկն, եւ զձախ ձեռն թիկամբն հանդերձ, եւ զոսկր բարձուց աջակողմեան, եւ այլ մանր ոսկերս ի մարմնոյ» (Զենոբ Գլակ, Պատմութիւն Տարօնոյ, Վենետիկ, 1889, էջ 8): … Արծաթեայ գեղակերտ աջ մըն է ան. բութամատն ու մատնեմատը իրարու միացած են հայկական ձեւով: Դաստակը արծաթի նուրբ գործ մըն է. բազուկին վրայ հետեւեալ արձանագրութիւնը կը կարդամ. «Շինեցաւ սուրբ աջս Յիրեցի Գրիգոր վարդապետին, յիշատակ է ի Սբկանից Սուրբ Կարապետին, թուին ՌՄԽ (1794)…»:

Հայր Մեսրոպ նաեւ կը յայտնէ, թէ Ս. Կարապետի աջին տէր-նահապետը` Նախոն, մահացած էր եւ հիմա տան անդրանիկը` Բագրատն էր աջին ծառան: Ան Վանի բարբառին քաղցրութեամբ կը պատմէր հրաշապատում դէպքեր.

«… Գաղթի եւ տարագրութեան ճամբուն պատահած արկածներ, որոնց մէջէն, սակայն, անվնաս դուրս եկած էր Ս. Կարապետի աջը, եւ, տառացիօրէն, ընդ հուր եւ ընդ ջուր անցնելէ յետոյ, հիմա կը հանգչէր Պասրայի մէջ, հայրենիքէն հեռու: … Բայց ո՞վ էր ինք, ո՞վ էր իր հայրը` Նախոն, որ երբեմն «վանից հայր» ալ կը կոչուի եղեր… Այս կոչումը` «վանից հայր», անծանօթ չէ մեզի: Տիտղոս մըն է, որ հին օրերուն կը տրուէր քահանաներուն, եւ կամ` ի չգոյէ ձեռնադրեալ պաշտօնէից` աշխարհական վանահայրերուն: Ճաշոցի մը մէջ, արդարեւ, կայ հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Ես` տէր Յովհաննէս քահանայ, որ եմ որդի տէր Վարդան քահանայի, որ էր վանից հայր Առբերդու վանից Սուրբ Աստուածածնի եւ Սուրբ Յովհաննէսի, եւ յետ մեռանելոյ հօրն իմոյ ժառանգեցի զհայրենի աթոռն իմ զամս երեսուն ի ՌՃԾԲ (1703) թուին նոր նորոգեցի զվանքս սրբատաշ քարամբ («Բիւզանդիոն», 1903, թիւ 2148)»:

Յուշագրութիւնը, «Բիւզանդիոն», 1903, թիւ 2199-էն առնելով, նաեւ տեղեկութիւններ կու տայ Սբկանից Սուրբ Կարապետ վանքին մասին, եւ հետեւեալ խորհրդածութեամբ կը փակուի.

«Կը սիրէի յուսալ, որ Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի մասունքն ըլլար այդ, Ս. Լուսաւորիչ հայրապետի ձեռքը դպած ըլլար անոր: Գուցէ եւ է: Կարեւորը հաւատքն է, որ մեր ժողովուրդը պահած է անխախտ եւ անարատ:

Այս հաւատքին արձագանգն է, որ դարերու խորքերէն բարձրանալով եւ սա պահուն հոգիիս մէջ վերակենդանանալով` կը գեղեցկացնէ, կը վեհացնէ խորհուրդը աջին, որուն հովանին այնքա՜ն քաղցրութեամբ հոգեկան հրճուանք է տուած իմ ժողովուրդին:

Հայու հոգիին մէջէն երգող հայ շարականագիր բանաստեղծը խորազգած բառերով այսպէս կը բնորոշէ այդ անքակտելի կապը` ընդմէջ հայ ժողովուրդին եւ Ս. Կարապետի աջին.

«Ի ձեռն առեալ Լուսաւորչին
Զնշխար Սրբոյ Կարապետին,
Շուրջ պարսպեալ զկողմ աշխարհին,
Շնորհօք Աջոյն զԲանն օծողին.
Աստ թշնամիք մի՛ զօրասցին,
Մի՛ հերձուածոց աղանդ բուսցին.
Յերկնից գայր ձայն աստուածային`
Թէ հայցուածք քո կատարեսցին»:
Աշխարհաբարի կը վերածեմ Ս. Կարապետին` Յովհաննէս Մկրտիչին ձօնուած շարականը.
«Ձեռքը առաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ
Ս. Կարապետին մասունքը,
Եւ օրհնելով` աշխարհի չորս կողմը պարսպեց
Բան Աստուծոյ Մկրտիչին շնորհաբաշխ Աջով,
Որպէսզի հոս թշնամիներ զօրութիւն չունենան
Եւ հերձուած սփռող աղանդներ չբուսնին.
Երկինքէն աստուածային ձայնը հնչեց`
Քու խնդրանքդներդ կատարուեցան»:

***

Նիւ Ճըրզիի հովւութեանս տարիներուն գրախօսած էի Մեսրոպ արք. Աշճեանի 1993-ին լոյս ընծայած «Կեանքի եւ հաւատքի էջեր» ու «Հանդիպումներ» հատորները: Եւ ահա անոնց յիշատակին եւ յատկապէս «Ս. Կարապետի աջը Պասրայի մէջ» յուշագրութեան վերայցելութիւնը այսօր զիս եւս` երկու տարուան աբեղայ հայր Նարեկը, հայր Մեսրոպէն տասներեք տարի յետոյ, 1983-ին, Պասրա կը տանի:

Հոն եմ Աւագ շաբաթի եւ Սուրբ Զատիկի առիթով. որովհետեւ այդ տարիներուն Ս. Էջմիածինի հովանիին տակ գտնուող Իրաքի թեմը բաւարար հոգեւորական չունէր եւ առաջնորդը` Աւագ սրբազան խնդրամատոյց կ՛ըլլար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին` Սուրբ Ծնունդի ու Սուրբ Յարութեան տօներուն միաբան ուղարկելու Իրաք:

Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցելէ ետք, հազիւ եկեղեցւոյ աւանդատունը մտած եմ, եւ ահա երիտասարդ զոյգ մը կը մօտենայ ու կը խնդրէ. «Հա՛յր սուրբ, մենք ութ տարիէ պսակուած ենք, սակայն մինչեւ հիմա երեխայ չունեցանք. կրնա՞ք մեզ Ս. Կարապետին աջով օրհնել»: Կը հետաքրքրուիմ եւ կ՛իմանամ, որ խորանի ձախ խորհրդանոցին մէջ պահ դրուած է Ս. Կարապետի հրաշագործ աջը: Կ՛առնեմ սուրբ աջը եւ կ՛օրհնեմ զոյգը:

Առաքելութիւնս աւարտելէ ետք, քանի մը օր օծակից եղբօրս` հայր Գեղամին հետ Պաղտատ կը մնանք եւ ապա Անթիլիաս կը վերադառնանք:

1985-ին Աւագ սրբազան Անթիլիաս եկած է: Կ՛ողջագուրուինք, կը զրուցենք, Իրաք այցելութենէս յուշեր կը պատմեմ: Ան կ՛ըսէ ինծի. «Պասրայէն շա՜տ-շա՛տ բարեւներ եւ երախտագիտական զգացումներ բերած եմ քեզի», ու կը թուէ Ս. Կարապետի աջով օրհնուած երիտասարդ զոյգին անունը, որ դժբախտաբար մոռցած եմ հիմա: «Անուշիկ տղայ մը ունեցան, անունը Յովհաննէս-Կարապետ դրին, Կարոն ես մկրտեցի»: Այս աւետիսէն հրճուած` «Փա՜ռք զօրութեանդ, Ս. Կարապետ: Շնորհակալութի՜ւն, Տէր Աստուած, որ անարժան ծառադ գործածեցիր հրաշքդ ցոյց տալու համար» կ՛աղօթեմ միտքէս, եւ մեր խօսակցութիւնը կը շարունակենք այս հրաշապատումին օրհնեալ մշուշին մէջ:

Ս. Փայիսիոս

16-20 մարտ 2026 Թեսաղոնիկէ գացի միջեկեղեցական ժողովի մը մասնակցելու: Հինգշաբթի, 19 մարտ, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւին ու միաբանակից եղբօրս` հայր Եղիային եւ Կարօ սարկաւագին հետ այցելեցի Սուրոթի գիւղը, ուր թաղուած է Ս. Փայիսիոս (1924-1994), եւ ուր կը գտնուի Ս. Արսէնիոսի (1840-1924) աջը: Ահաւասիկ` երկու ժամանակակից սուր-բեր, որոնց միջոցով Աստուած այսօր եւս հրաշքներ կը գործէ:

Ս. Փայիսիոս (Saint Paisios of Mount Athos) յոյն ուղղափառ ճգնաւոր վանական մըն է, ծնած` 25 յուլիս 1924-ին, Կապադովկիայի մէջ, Արսէնիոս Եզնեփիտիս աւազանի անունով: Ան սրբադասուած է 2015-ին: Իսկ Ս. Արսէնիոս Կապադովկիացի (St. Arsenios of Cappadocia) Արսէնիոս Եզնե-փիտիսը մկրտող յոյն ուղղափառ հրաշագործ քահանան է: Ան սրբադաս-ւած է 1986-ին: Կը բաւականանամ մէջբերելով Ս. Փայիսիոսի սիրոյ մասին ըսածներէն հետեւեալը. «Աստուած մեծապէս կը գնահատէ այն անձը, որ հակառակ իր կրած տառապանքին, տրտնջալու փոխարէն` իր նմաններուն համար կ՛աղօթէ»:

Կիրակի, 22 մարտ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի վիրապ տօնին առիթով, մեր Հոգիներու լուսաւորիչ հօր ու այս երկու սուրբերուն մասին խօսեցայ «Լուսաւորչի կանթեղ» համայնքին եւ Աստուծոյ շնորհքներու լոյսին ճառագայթումն ու սրբութեան ցօղին հեղումը ապրեցանք: Ես հոս աւելին պիտի չըսեմ. այլ միայն պիտի յանձնարարեմ, որ համացանցի միջոցով կարդաք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի (St. Gregory the Illuminator), Ս. Յովհաննէս Կարապետ Մկրտիչի (St. John the Baptist) եւ Ս. Փայիսիոսի ու  Ս. Արսէնիոսի մասին, որպէսզի դուք եւս վկայէք, որ Աստուած այսօր ալ հրաշք կը գործէ իր սուրբերուն ու սրբուհիներուն բարեխօսութեամբ եւ Ս. Հոգիին ներգործութեամբ ձգտեալ Հօր որդեգրութեան ու Քրիստոսի աթոռակցութեան կը հրաւիրէ մեզ` ունկնդիր առաքեալի պատուէրին. «Ուրեմն մենք ալ, որ այսքան բազմաթիւ վկաներով շրջապատուած ենք, վանե՛նք ամէն խոչնդոտ եւ մէկ կողմ ձգենք մեղքը, որ մեզ դիւրաւ կը պաշարէ, եւ համբերատարութեամբ պայքարինք մեզի ներկայացող փորձութիւններուն դէմ: Մեր աչքերը յառենք Յիսուսի, մեր հաւատքի հիմնադիրին ու կատա-րելագործողին, որ գիտնալով թէ ի՛նչ ուրախութիւն կը սպասէ իրեն, արհամարհեց ամօթը, յանձն առաւ խաչի վրայ մեռնիլ եւ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ» (Եբր 12.1-2):

Ուսանելի պատմութեամբ մը փակեմ այս վկայութիւնս: Հրաշագործութեան համբաւ վայելող քարոզիչ մը գիւղ մը կու գայ, ուր երկու տարիէ ի վեր անձրեւ չէր տեղացած: Գիւղացիներ անմիջապէս կը դիմեն իրեն, որ Աստուծմէ անձրեւ խնդրէ: Քարոզիչը դրական պատասխան կու տայ անոնց եւ կը հրաւիրէ զիրենք գիւղին հրապարակը հաւաքուիլ յաջորդ օր առաւօտեան ժամը տասին: Իսկապէս ալ մեծ ամբոխ մը կը խռնուի հրա-պարակը, եւ նախքան աղօթելը` քարոզիչը ուշի-ուշով գիւղացիներուն կը նայի եւ կը յանդիմանէ զիրենք` ըսելով. « խ»:

Մեսրոպ սրբազան եղբօրս հետ կ՛երկրորդեմ. «Կարեւորը հաւատքն է, որ մեր ժողովուրդը պահած է անխախտ եւ անարատ»:

Յիշատակ գլխատման
Սրբոյն Յովհաննու Մկրտչին

Անթիլիաս

Leave a Comment