Շարքի այս թողարկումը նվիրված է Վահան Արծրունու «Կոմիտաս․ Տասը հայտնություն» ալբոմի ստեղծման պատմությանը և անցած ճանապարհին։
Վահան Արծրունու «Կոմիտաս. Տասը Յայտնութիւն» խտասալիկի հրատարակման առիթով Գրիգոր Փիտէճեան «ՀՈՐԻԶՈՆ», 18 օգոստոս 2003, Մոնթռեալ, Կանատա
«Տասը Յայտնութիւն» գործին մէջ կը նկատենք Նարեկացիի տաղային արուեստին եւ միջնադարեան հոգևոր երգարուեստին ազդեցութիւնները»։
«Արծրունիի բացառիկ երաժշտական տաղանդին շնորհիւ այս տասը բանաստեղծութիւնները, յայտնութիւնները կը ներկայանան մեզի խոհուն, շողշողուն, աշխոյժ, քնարական, խորհրդաւոր, յուզական, գունագեղ, կրօնաշունչ, եթերային և թափանցիկ երաժշտութեամբ մը։ Տասը յայտնութիւնները մեզի կը ներկայանան երգաշարային մեծ ծիրի մը մէջ առնուած փոքրալար համակարգի պատրանքով մը։
Բացատրեմ թէ ինչու։ «Փոքրալար համակարգ» բնութագրումը կուտան այս ծիրին՝ հիմնուելով գործերուն հիմնական տասը ձայնակայքերուն վրայ։ Բայց այնքան ալ պարզ չէ բացատրութիւնը Վահան Արծրունիի կողմէ ըմբռնուած եւ գործածուած ձայնաշարերու համակարգային հասկացողութեան, յատկապէս գործնականին մէջ, որ բոլորովին տարբեր եւ բարդ կիրառութիւն է։ Արտաքուստ փոքրալար թուացող հնչակարգերը միայն մէկ մասը՝ արտաքին մասը կը կազմեն, որով երաժիշտը կը կարողանայ ի գործ դնել անոնց ետին թաքնուած հայկական ձայնաշարերը։ Երևոյթ մը, զոր կը տեսնենք Կոմիտաս վարդապետի մօտ։ Երեւոյթ մը, որով Արծրունի կարողացած է կոմիտասեան «լոյս ու ոգի» դնել իր գործերուն մէջ: Այս երեւոյթը՝ երաժշտալեզուն, հետեւաբար Արծրունիի գործերուն տուած է հայկականութիւն, իսկ անոր ստեղծագործական յատուկ ոճն ու գիտելիքները շնորհած են գործերուն տոհմային և դասական նկարագիր։»
«Արծրունիի այս խտասալիկին երաժշտութիւնը կը հոսի դասական բանականութեան կարգաւորումներու հետ հայկական միջնադարեան ձայներու (mode), ժողովրդական մեղեղային եւ կշռութային հարուստ աւանդութիւններէն։»
«Վահան Արծրունի, երաժշտական իր տեսակին մէջ, այսպիսի ուղիի մը վրայ կը գտնուի այսօր։ Շնորհիւ իր ընտրած երաժշտական լեզուին ու ոճին, ստեղծագործական տաղանդին եւ կատարողական բարձր մակարդակին, իր երաժշտութիւնը՝ արծրունիական հայ երաժշտութիւնը, անցնելով ազգային սահմանները, գրաւած է նաեւ օտար ժողովուրդներու հետաքրքրութիւնները՝ այդու իսկ դարձնելով հայ երաժշտութիւնը անդամ համաշխարհային երաժշտական մշակոյթի մեծ ընտանիքին։ Անտարակոյս «Կոմիտաս. Տասը Յայտնութիւն»-ը արժէքաւոր գործ է և կոչուած է մնալու։ Հայ տան երաժշտադարանը անպայման պէտք է ունենայ այս խտասալիկը»։