Յայտարարութիւններ (28 Մարտ 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Աբօ եւ Սապին Վէքիլեան եւ զաւակները` Կալին, Ալիք եւ Արամ
Տիկին Թալին Վէքիլեան եւ դուստրը` Կասիա
Տիկին Արշալոյս Վէքիլեան եւ դստերք` Շուշիկ եւ Նելլի
Տիար Թադէոս Արսլանեան
Տիկին Սոնիկ Սարգիսեան եւ դուստրը` Փաթիլ
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Քիմ Սարգիսեան
Վէքիլեան եւ Արսլանեան ընտանիքներ
Խանճեան եւ Սարգիսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, հօրաքրոջ, խնամիին եւ հարազատին`

ՄԱՆՈՒՇԱԿ ՎԷՔԻԼԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 25 մարտ 2026-ին, Փարիզի մէջ, Ֆրանսա:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի երկուշաբթի, 30 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Ալֆորվիլի Հայ առաքելական Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ – Rue 4Komitas 94140 Alfortville:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի հանգուցեալի յիշատակին նուիրատուութիւնները կատարել ՀՄԸՄ-Ֆրանսին կամ Համազգայինին` հետեւեալ տուեալներով.

ASC Homenetmen France FR76 1820 6003 9665 1098 1032 531 – Ի յիշատակ Մանուշակ Վէքիլեանին:

Համազգայինի Ճեմարանի սաներու ֆոնտին – Լիբանան: +9614712602/ +9613102942 – FR76 3000 4005 8500 0102 2142 359

————————————–

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ`
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 29 մարտ 2026-ին, մեր Տիրոջ Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնին` Ծաղկազարդի առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏին

Պիտի պատարագէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Տեսուչ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի

Սկիզբ ժամերգութեան`         ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի`         ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր`           ժամը 11:00-ին

Սուրբ պատարագի ընթացքին պիտի կազմուի մանուկներու թափօր, որուն աւարտին մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն, պատանիներուն եւ յատկապէս երիտասարդ ծնողներուն իր հայրապետական խօսքը պիտի ուղղէ վեհափառ հայրապետը:

Ապա, աւանդութեան համաձայն եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, վեհափառ հայրապետը պիտի ընդունի մանուկները եւ իր օրհնութիւնն ու նուէրը տայ անոնց:

ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի հոգեպարար արարողութիւնը, որուն պիտի նախագահէ վեհափառ հայրապետը, իսկ պիտի հանդիսապետէ ու յաւուր պատշաճի քարոզէ Շահան արք. Սարգիսեան:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մասնաւորաբար երիտասարդ ընտանիքներուն, ներկայ գտնուելու ու մասնակցելու սուրբ պատարագին եւ մանուկներու թափօրին, ինչպէս նաեւ երեկոյեան տեղի ունենալիք Դռնբացէքի արարողութեան:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

————————————–

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ծաղկազարդի տօնին առիթով կիրակի, 29 մարտ 2026-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 12:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու Ս. եւ անմահ պատարագին եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

Արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

————————————–

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ`
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

 

Կիրակի, 29 մարտ 2026-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԲՂՅ. ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆ

Ժամերգութիւն`    ժամը 9:00-ին
Ս. եւ անմահ պատարագ`     ժամը 10:00-ին
Աւարտին` մանուկներու թափօր
Դռնբացէքի արարողութիւն`     ժամը 5:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան Ս. եւ անմահ պատարագին եւ յետմիջօրէի ԴՌՆԲԱՑԷՔի արարողութեան, հաղորդուելու Քրիստոսի Գալստեան խորհուրդով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

Leave a Comment