Հարցեր` առանց ներքաղաքական անցարգելներու:
Ազգային իտէալներով առաջնորդուող իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ համահայկական օրակարգի ձեւաւորման համար հարկ է ունենայ յստակ պատասխան հետեւեալ հիմնախնդիրներուն.
Ա.- Արդեօք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ իբրեւ կրծքանշան բաշխուող «Իրական Հայաստան»-ի քարտէսը կ՛իմաստաւորէ՞ իր հաւատամքն ու գոյութիւնը:
Բ.- Արցախահայութեան վերադարձի համամարդկային ու տարրական իրաւունքը եւ Արցախի ապագայ ճակատագիրը արդեօք կը շարունակէ՞ մաս կազմել իր գործունէութեան ու երթին:
Գ.- Հայ դատի միջազգային ճանաչումը եւ Թուրքիայէն մեր հողային պահանջատիրութիւնը արդեօք իր ռազմավարութեան մաս կազմող հիմնական օղա՞կ է:
Դ.- Սփիւռքի քաղաքական նշանակութիւնն ու դերակատարութիւնը եւ անոր ներուժի լիիրաւ օգտագործման անհրաժեշտութիւնը արդեօք կը շարունակէ՞ իր առաջադրանքներուն մէջ պահել այժմէականութիւնն ու հրատապութիւնը:
Ե.- Հայ եկեղեցուոյ ազգային դիմագիծը եւ պատմական դերակատարութիւնն ու անոր տիրական ներակայութիւնը հայ կեանքի հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման առաքելութեան մէջ իր հայեցակէտով` արդեօք կը պահէ՞ կենսական յոյժ կարեւորութիւնը:
Զ.- Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիքներու վերստեղծումը եւ հայոց բանակի ուժեղացումը օրակարգային առաջնահերթ խնդի՞ր է իրեն համար, թէ՞ ոչ:
Է.- Հայկական դիւանագիտութեան վերակազմակերպումը եւ միջազգային դիւանագիտութեան քարտէսի վրայ Հայաստանի արժանապատիւ տեղը ունենալու հանգամանքը արդեօք կը շարունակէ՞ մնալ իրեն համար հիմնախնդիր, թէ՞ ոչ:
Համահայկական օրակարգի ձեւաւորման համար անհրաժեշտ են այս խնդիրներու բարձրաձայնումը եւ պատասխաններու բիւրեղացումը: Անշուշտ հարկ է որ այս բոլորը կատարուին հեռու` ինքնախաբէութեան եւ «գործնապաշտութեան» մոլորեցնող յանկերգային լոզունգներէ: Այս ռազմավարական օրակարգերէն խուսափումը բոլոր տեսակի քննարկումները կը դարձնէ ինքնանպատակ եւ տեղատուութեան ու նաե՛ւ նահանջի կը մատնէ հայութեան համազգային երթը:
Անհրաժեշտ է, որ կամք, վճռակամութիւն եւ տեսլական պահանջող ազգային նկարագրի կերտուածքը դառնայ սնուցիչը համահայկական մեր նորօրեայ օրակարգի ձեւաւորման:
