Կլատիաթէօրներու Մարտադաշտերէն Մինչեւ Տրոններու Ու Հրթիռներու Աշխարհ. Նորօրեայ Բարբարոս Կայսրիկներն Ու Կայսրերը, Ծափող-Նկարող-Լափող Հաւաքականութիւնն Ու Չզիջող-Չյանձնուող Ժամանակակից Սպարտակիւսները

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Հին Հռոմէական կայսրութեան մէջ կլատիաթէօրներու մենամարտերը տեղի կ՛ունենային հազարաւոր հանդիսատեսներու ներկայութեամբ: Կայսրերը այս ծրագիրները կ՛իրականացնէին` հասարակութիւնը համախմբելու, հեղինակութիւն ցուցադրելու եւ երբեմն ալ հաճելի ժամանակ անցընելու: Մենամարտողները ստրուկներ, պատերազմի գերիներ եւ կամ ալ «հերոսացման» ուղիին ձգտող ու նիւթական շահեր հետապնդող «ազատ» մարդիկ էին, որոնք կը ստանային յատուկ մարտական դաստիարակութիւն: Պարտուած կլատիաթէօրին ճակատագիրը կ՛որոշուէր կայսեր եւ երբեմն ալ հանդիսատեսներու «քուէարակութեամբ»:

Մենամարտողները երբեմն կը փրկուէին եւ երբեմն ալ մահուան կը դատապարտուէին, մինչ հանդիսատեսները մեծ հրճուանքով եւ ուրախութեամբ կ՛ընդունէին որոշումները: Շուրջ 600 տարի շարունակուեցան, այսպէս կոչուած, մարտախաղերը, որոնք տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր քաղաքներու մէջ ունեցան` իրենց իւրայատկութիւնները, եղանակները, բարբարոսական պատկերները եւ բնականաբար յատուկ օրէնքները:

Էութիւնը նոյնն էր. մարդը` մարդուն դէմ եւ երբեմն ալ տեսակաւոր ու վայրի անասուններուն դէմ «կը մրցէր» նոյնինքն իր կեանքը փրկելու համար, ընդհանրապէս` ակամայ: Քրիստոնէութեան մուտքով կլատիաթէօրներու մենամարտերը հինգերորդ դարու սկզբնաւորութեան դադրեցան, բայց…

Ինչո՞ւ այսքան երկար ու պատմական անդրադարձ: Պատմութիւնը միշտ ալ ինքզինք կրկնած է: Հռոմէական կլատիաթէօրներու վահաններն ու սուրերը 16 դարեր ետք փոխարինուած են «Պայրաքտար», «Հերոն», «Հերմէս» ու բազմատեսակ տրոններով, ինչպէս նաեւ` «Պայթոն», «Խայպար», «Շահապ», «Իմատ», «Ռաատ», «Ժերիշօ» եւ տասնեակ տեսակաւոր հրթիռներով: Եթէ անցեալին Հռոմի «Քոլոսիոմ» եւ «Լուտոս Մեկնիւս» մարտադաշտերուն մէջ մինչեւ 150.000 hանդիսատես պաղարիւնութեամբ եւ անխղճութեամբ կը դիտէր մարդոց սպանութիւնը, այսօր միեւնոյն արարքը միլիոններով մարդիկ կը դիտեն հեռատեսիլներու ու «խելացի» հեռաձայններու ճամբով: Այսօր ալ մարդիկ կը սպասեն, թէ հրթիռը ե՛րբ «պիտի իյնայ», այսօր ալ հրթիռակոծումներու վայրերէն երբեմն քանի մը մեթր եւ երբեմն ալ տանիքներէն հեռաձայններով ու կամ ալ նկարչական գործիքներով կը նկարեն բնակուած շէնքերու ռմբակոծումները եւ մարդոց սպանութիւնները: Պատկերասփիւռի կայանները մրցակցութեան մէջ են, թէ ո՛ր կայանը աւելի յստակ պատկեր պիտի ցուցադրէ, աւելի մօտէն փլուզումը ներկայացնէ… Իսկ ժողովուրդը այս պատկերները կը դիտէ ճաշի սեղաններուն դիմաց, փոքրերու աչքերուն առջեւ, եւ երբեմն նոյնիսկ` հաճոյքով, «անհամբեր» սպասումով…

Տակաւին մօտիկ անցեալին Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Ազրպէյճանը ընկերային ցանցերուն էջերուն վրայ հպարտանքով ու մեծ գոհունակութեամբ կը տարածէր «Պայրաքտար»-ներով տասնեակ հայ երիտաասարդներու երկվայրկեանի մէջ սպանութեան տեսերիզները: Արցախի եւ ապա Կազայի մէջ մանուկներու սպանութիւններու պատկերները, հայերու, պաղեստինցիներու ու լիբանանցիներու բռնագաղթերու շարքերը միլիոնաւոր մարդիկ դիտեցին, միա՛յն դիտեցին եւ անցան: Առաւելագոյն պարագային, «բարեխիղճ» մարդիկ տխուր «նշաններ» դրին ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ, ա՛յն համոզումով, որ իրենք «բան մը ըրած են» անմարդկային ոճիրներուն դէմ յանդիման:

Պատանեկութեան օրերուն մեր դպրոցներուն ու մեր ակումբներուն մէջ ուսուցիչներն ու պատասխանատուները «կը համոզէին», որ նկարչական արդիական սարքերու բացակայութեամբ եւ շրջանային պայմաններու շահագործումով Օսմանեան կայսրութիւնը 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան իր «մութ» գործը կատարած էր, բայց իրողութիւնը այդպէս ալ չէր, որովհետեւ այսօր աշխարհը ուղիղ միացումներով ու «լոյս աչքով» կը դիտէ նոյնանման ոճիրները, սպանութիւնները, տեղահանութիւնները, սովն ու աւերուածութիւնները ` առանց բողոքի ձայն հանելու, առանց դատապարտումի, առանց աղմուկի: Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնն ալ խոր քունի մէջ է:

Փաստօրէն բան չէ փոխուած: Մարդ էակը դարեր ետք չէ դարձած քաղաքակիրթ, ընդհակառա՛կը, արդիական ռազմական սարքերուն առկայութեամբ դարձած է աւելի վայրագ, աւելի ոճրագործ եւ առաւել եւս անզգամ ու անբարոյ: Անունները միայն փոխուած են: Եթէ Հռոմի մէջ ստրուկն ու «կամաւոր»-ն էր զոհը, այսօր զոհերուն թիւը արհեստագիտութեան ողբերգական ներդրումով հարիւրապատկուած է, հազարապատկուած է: Այսօր մէկ հարուածով տասնեակ զոհեր կ՛արձանագրուին, հարիւրաւոր մարդիկ երկվայրկեանի մէջ կ՛անդամալուծուին: Այսօրուան զոհերն ալ այսօրուան աշխարհին ստրուկներն են, նոր անուններով: Այո՛, մարդկային ընկերութիւնը այսօր առաւել եւս բարբարոս է ու վայրագ, առաւել եւս անխիղճ է ու անպատասխանատու:

Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը: Բոլորս կամայ-ակամայ արդէն «սովորական» հասկացողութեամբ կը դիտենք մարտախաղերը: Մինչ մեծերը իրենց խաղերը կը խաղան, շահեր կ՛ապահովեն, երբեմն ալ հաճոյք կը ստանան, անդին` փոքրերը իրենց կեանքերը կը զոհեն, երիտասարդներուն երազները կը թաղուին, տուներ կը քանդուին, ընտանիքներ կը քայքայուին, եւ տակաւին, այս ընթացքով հաւաքականութիւններ ու նոյնիսկ ազգեր ոչնչացման պիտի ենթարկուին: Մենք ալ կորուստի սեմին գտնուող հաւաքականութիւններու շարքին ենք: Մի՛ կարծէք, թէ նոր աշխարհին մէջ «կակուղ թաթիկներ»-ով կրնանք մեր ազգին գոյութիւնը ապահովել: Երբե՛ք: Առաւօտեան «սրտիկներ» բաժնելով, ապուր ուտելու տեսերիզներ ցուցադրելով, «Վարչաբենդ»-ին մէջ տրամզ նուագելով եւ փոխադրակառքերով հոս ու հոն «ման գալով» հայրենիք չի պահուիր, երկիր չի պահպանուիր:

Քրիստոսէ առաջ 71 թուականին Սպարտակիւս կլատիաթէօրը գլխաւորած էր Հռոմէական Հանրապետութեան դէմ ստրուկներու ամէնէն մեծ ապստամբութիւնը: Ան հետեւած էր «մուրմիլոն»-ական կլատիաթէօրներու դպրոցին, եւ իր առաջնորդութեամբ 70-80 կլատիաթէօրներու հետ փախուստ տուած էր դպրոցէն: Սպարտակիւս շուրջ 100.000 ապստամբներով կռուեցաւ,պարտուեցաւ, զոհուեցաւ, բայց դարձաւ անիրաւութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշ: Անիրաւութեան դպրոցէն սկիզբ առաւ անիրաւութեան դէմ պայքարը, որուն խորհրդանիշը դարձաւ Սպարտակիւսը:

Նորօրեայ պատերազմներուն մէջ ծափող-նկարող-շահագործող մեծամասնութեան մէջ միակ յուսատու պատկերը չզիջող-չյանձնուող սպարտակիւսներու ներկայութիւնն է, ներսը թէ դուրսը, թեկուզ թիւով շատ փոքր, երբեմն ալ` աննշմարելի, բայց անսպասելի պահուն` ազդեցիկ: Այսօրուան կայսրերն ու անոնց խամաճիկները որքան ալ փորձեն աշխարհը դրամով, ուժով ու հրթիռներով միագոյն ու միահեծան դարձնել, պիտի չյաջողին:

Իրենք զիրենք աշխարհակալ ու «փրկիչ» կամ «խաղաղարար» հռչակած լափող ուժերն ու անհատները որքան ալ ճնշեն, որքան ալ հալածեն, բանտարկեն, պղծեն ու սպաննեն, ամուր արմատներով նոր սպարտակիւսները վերստին լոյս աշխարհ պիտի գան, պիտի տապալեն բռնատէր, անարդար, արիւնաքամ, մեքենացած, դաւաճան եւ բարոյազրկուած կայսրիկներն ու կայսրերը, ամէ՛ն տեղ:

Աշխարհը միագոյն չէ ստեղծուած, պիտի չըլլա՛յ…

 

 

 

 

Leave a Comment