Կիրակնօրեայ Մտորումներ. Կախարդական Գաւազանը, Խաղաղութեան Խաղը Եւ Պակսած Աղը

 ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Բարե՛ւ:

Չեմ գիտեր` ի՞նչ կոչեմ քեզ: Անծանօթ ընկե՞ր, բարեկա՞մ, զբօսաշրջի՞կ, թէ՞ այլ… Ճիշդը` քեզ անձամբ չեմ ճանչցած, չեմ տեսած, հետդ չեմ խօսած, սակայն դէմքդ շատ ծանօթ կը թուի ինծի: Ես քեզ տեսած եմ քանի մը անգամ փոքր պաստառի վրայ, երբեմն ալ` մամուլի էջերուն մէջ, եւ միշտ ալ հիացած եմ քու կարմիր ու ճաշակաւոր փողկապիդ: Ամիսներ առաջ, երբ քեզ կը տեսնէի հեռատեսիլի մէջ, շատ կ՛ուրախանայի եւ կամացուկ մը կ՛ըսէի.

– Վերջապէ՜ս, եկաւ ամերիկացի մը, որ խաղաղութիւն կը քարոզէ եւ կ՛ատէ պատերազմը…

Թէեւ, անծանօ՛թ բարեկամ, ճիշդը չեմ գիտեր, արդեօք դուն գիտե՞ս երկար տարիներէ ի վեր փնտռուող «Խաղաղութիւն» բառին բուն արժէքը, եւ մանաւանդ` անոր համը: Վստահաբար` Ո՛Չ, քանի որ դուք` ամերիկացիներդ, ձեր հողին վրան պատերազմ չէք տեսած, ուրեմն խաղաղութեան համը չէք գիտեր: Թէեւ ականատես եղած էք պատերազմներու,  մասնակցած ալ էք. սակայն այդ բախումները միշտ ալ եղած են ձեր հողէն դուրս: Դուք շատ լաւ գիտէք, թէ ինչե՜ր տեղի ունեցան անցած տասնամեակներուն` Իրաք, Սուրիա, Լիպիա, Լիբանան, Եմէն, Պաղեստին, նաեւ` Հայաստան: Իսկ այսօր Իրանի մէջ եղածին մասին հարցում ուղղեմ ձեզի. «Որո՞ւ ձեռագործն է արդեօք: Ծանօ՞թ էք արդեօք հրահրիչներուն: Ամերիկացի ժողովուրդը արդեօք կը զգա՞յ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն ապրած ցաւը եւ տառապանքը: Գուցէ ան յիշէ` Վիեթնամը, Քորէան եւ Աֆղանիստանը»:

Հիմա, յարգելի՛ անծանօթ բարեկամ, լրատուամիջոցներէն լսեցի, որ դուք կրկին-կրկին եկած էք Միջին Արեւելք, կազմ ու պատրաստ` օդանաւակիրներո՜վ, նաւատորմիղներո՜վ, ընդծովեաներո՜վ, հազարաւոր զինուորներո՜վ եւ այս անգամ կ՛ուզէք «լրջօրէն սիրաբանիլ» Իրանի հետ: Այս որքան շա՛տ ու որքան շո՛ւտ կը կարօտնաք Միջին Արեւելքի տաք արեւը եւ գրպաններ տաքցնող քարիւղն ու կազը: Ճիշդը` աշխարհի վրայ չեմ տեսած ուրիշ ժողովուրդ մը, որ այսքան շատ սիրէ քարիւղը: Ի՞նչ պիտի ընէք այսքան քարիւղ, յարգելի՛ բարեկամ, պիտի լոգնա՞ք անով, պիտի խմէ՞ք զայն, թէ՞ ոչ կրակ պիտի վառէք ու կրակին շուրջ պարէք` ամերիկացի հնդիկներն ալ ձեզի հետ շուրջպարի հրաւիրելով: Այդ պարագային ձեզի կը պակսի միայն առաջնորդող յայտնի «cowboy» մը, որպէսզի գլխաւորէ նոր շուրջպարը:

Յարգելի՛ բարեկամ, վերջերս շատ կը խօսուէր ամերիկացիի մը խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակ շնորհելու լուրին մասին: Շատ ուրախացայ: «Արժանի՛ է ան»` մտածեցի: Ինծի հետ ու ինծի պէս ուրախացան ամբողջ Չինաստանը, Ռուսիան եւ եւրոպացի քու բաժակի ընկերներդ: Ուրախացան` Վենեզուելայի բնակիչները, քանատացիները, քուպացիները, բայց աւելի շատ ուրախացան Կրինլանտի մարդիկը: Անոնք խորհեցան, որ երբ ստանաս Նոպելեան մրցանակ, վրադ կ՛իջնէ Սուրբ Հոգին եւ գուցէ այդ պահուն սրբանա՜ս… դառնաս իրական փրկիչ: Բայց կը ցաւիմ ըսելու, որ այդ մարդոց ուրախութիւնը մնաց իրենց փորը: Ուրախութեան զգացումը տեւեց շատ կարճ:

Պարզ հարցում մը. ինչո՞ւ գիշերով այցելութեան գացիր Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքաս եւ Մատուրոն կնոջ ծոցէն հանելով` երկուքը մէկ տարիր Ամերիկա եւ զանոնք բնակեցուցիր գետնի տակ գտնուող վեց աստղանի պանդոկի մը մէջ: Մարդկային ի՜նչ մեծ փափկանկատութիւն, ի՜նչ մեծ ազնուութիւն, չտեսնուած ազնուական շնորհք` օտար նախագահի մը:

Արար աշխարհ գիտէ, որ բազմակողմանի տաղանդաւոր է ամերիկացի ժողովուրդը եւ ձիրքերու տէր: Գիտենք նաեւ, որ կրօնասէր էք բոլորդ եւ շատ կը սիրէք զԱստուած: Անշուշտ` ձե՛ր աստուածը, ձեր շինած ու հաւատացած աստուածը: «Տոլար» աստուածը: Հիմա շատ պարզ հարցում մը.

– Եթէ իրապէս Աստուած կը սիրէք, ինչո՞ւ կը շինէք` զէնք ու զինամթերք, օդանաւ ու հրասայլ, ռումբ ու հրթիռ: Չէ՞ որ ասոնք մարդ կը սպաննեն, մանաւանդ` մանուկներ: Չէ՞ որ դուք աստուածասէր էք, խաղաղասէր էք, մարդասէր էք ու արդարասէ՜ր:

Չուշացած պատասխանդ յուսադրող էր, երբ ըսիր.

– Չէ՜, ինչե՜ր կը խօսիս: Սխալ են մտածումներդ: Մենք կը շինենք միայն խաղալիքնե՜ր` պարզապէս հաճոյացնելու համար աշխարհի բոլո՜ր մանուկները:

– Այո՜… այո՜, հաւատացի, պարո՛ն ամերիկացի: Մենք այդ «խաղալիքները» բազմաթիւ անգամ տեսած ենք մեր երկրին վերեւ, մեր հարաւային դրացիին ձեռքը, այդ «խաղալիքներուն» զոհ գացին մեր երկրէն բազմահազարներ: Մենք` հայերս ալ, նման խաղալիքներ տեսանք քու բարեկամ ազերիներուդ ձեռքը, անոնց զոհ գացին հազարաւորներ: Բայց, անծանօ՛թ բարեկամ, ես մէկ բանի համոզուեցայ. այս որքա՜ն, թունաւոր են եղեր ձեր «խաղալիքները», որքան մահացու, որքան սպաննող, քանդող ու աւերող:

Բայց, իմ բարի եւ անմե՛ղ բարեկամ, քաջ գիտեմ, որ դուն անձնապէս բնա՜ւ մեղք չունիս այս բոլորի մէջ: Ուրկէ՞ ունենաս: Դուն եկար խաղաղութիւն հաստատելու, բայց անշուշտ` քու ըմբռնած ու հասկցած ձեւովդ, եւ անոր համար ալ մօտ երկու շաբաթ է, դարձեալ եկած ես Միջին Արեւելք, հետդ բերած` «հարսնեւորներ», «շքախումբեր», «ամպհովանի» եւ կ’ուզես որդեգիրիդ հետ «Նոր Միջին Արեւելք» երազը գլուխ հանել, որուն համար այս անգամ թիրախ ընտրեցիք Իրանը եւ Լիբանանը, եւ փայփայեցիր առաջին հերթին մօրուքաւորները, որովհետեւ դուն շատ չես սիրեր մօրուքաւոր մարդ:

Հիմա ճիշդ չեմ գիտեր քու այցելութեանդ տեւողութիւնը: Արդեօք քանի՞ օր, կամ քանի՞ ամիս պիտի մնաս այս արեւուն տակ. բայց գիտեմ մէկ բան եւս, որ կ՛ուզես կամաց կամաց քեզի ճամբայ հարթել դէպի Չինաստան, որպէսզի շարունակես սկսած պտոյտդ` ճանապարհը մաքրելով սիրտխառնուք պատճառող արգելքներէն, միաժամանակ իրանեան կազին ու քարիւղին խողովակները դարձնել փափաքելով` դէպի արեւմտեան կողմն աշխարհի:

Բայց, յարգելի՛ բարեկամ, կ՛ըսեն, թէ Իրանի մարդիկը մեծ Ո՛Չ մը ըսած են քեզի, եւ դուն ջղայնացած ես. եւ որպէսզի ձեր հոգեզաւակը առանձին չմնայ գետնի վրայ, ու ան քմահաճօրէն նաւարկէ՛ Նեղոսէն մինչեւ Եփրատ, եկած ես ու կը քարկոծես Իրանի քաղաքները, գիւղերը, ռազմական ու տնտեսական կեդրոնները, որդեգիրդ ալ` խեղճ Լիբանանը` ձեր ստեղծած «խաղալիքի» տեսակներով:

Սակայն, ազնիւ ամերիկացի՛ բարեկամ, կարծես թէ այս թուաբանական խնդիրին մէջ քու ծրագրած «Տան հաշիւդ շատ չյարմարեցաւ շուկայի հաշիւին», եւ Իրանի ժողովուրդը մերժեց քու հրամցուցած կարկանդակդ ճաշակել ու ինք ալ սկսաւ շաքարէ խճաքարեր շպրտել աջ ու ձախ… նաեւ` ձեր վրան ու ձեր հոգեզաւակին գլխուն, այս անգամ քիչ մըն ալ նախկինէն աւելի ցաւցնելով:

Հիմա՞… Միջին Արեւելքի երկնակամարը մթագնած է: Ռուսերն ու չիներն ալ կ՛ուզեն բարի գալուստ մաղթել քեզի` վարագոյրի ետեւէն: Արդեօ՞ք բեմադրուած նոր աքլորամարտ է աս, որ պիտի ըլլայ տհաճ` Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն համար: Ուստի, յարգելի՛ բարեկամ, կախարդական գաւազանդ հաճիս հեռացուր մեր երկիրներու վրայէն, մենք շատ յոգնեցանք,  եւ ձգէ՛, որ քրտինքով շահուած մեր պատառ մը հալալ հացը ուտենք խաղաղութեամբ, քանի որ քու հրամցուցած կերակուրիդ մէջ (Ծոցի երկիրներն ալ զգացին) կը պակսի խաղաղութեան աղը:

Արդ, հաճիս հեռացի՛ր մեր ափերէն եւ քու խաղաղութեան քարոզդ քիչ մըն ալ կարդա՛ քու անկլօ-սաքսոն հաւատացեալներուդ եւ միակ ընտրեալ որդեգիրիդ գլխուն` քու սեփական «խաղալիքներով» զուարճացնելով զանոնք:

 

 

 

 

 

Leave a Comment