Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի Մատենաշարը. Հիմնահարցեր Եւ Հանգրուաններ Արեւմտեան Հայաշխարհի Կազմաւորումին Մէջ Իբրեւ Պատմագիտութիւն, Պատմազանցութիւն Եւ Հոգեխուզում

ՍԵԴԱ Պ. ՏԱՏՈՅԵԱՆ

Իր տեսակին մէջ թերեւս առաջինը` Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի մատենաշարի «Հիմնահարցեր եւ հանգրուաններ`  արեւմտեան հայաշխարհի  կազմաւորումին մէջ»  նիւթը եղաւ 25 փետրուարին առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կայացած կլոր սեղանին, որուն նախագահն էր թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, իսկ գլխաւոր բանախօսը` մատենաշարի հեղինակ փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան (Նիւ Եորքէն), ներկայ էին գաղութէն խումբ մը հրաւիրեալ մտաւորականներ:

Այս առիթով առաջնորդարանը հրատարակած է գրքոյկ մը  «Հիմնահարցեր եւ հանգրուաններ`  արեւմտեան հայաշխարհի  կազմաւորումին մէջ – իբրեւ պատմագիտութիւն, պատմազանցութիւն եւ հոգեխուզում», Սեդա Պ. Տատոյեանի հեղինակութեամբ:

Ցարդ մատենաշարէն հրատարակուած են երկու հատորներ (երկլեզու), իսկ երրորդը (անգլերէն) եւ ամէնէն ծաւալունը մամուլի տակ է.- Ա) «Ներսէս Դ. Շնորհալի սուրբ եւ դիւանագէտ եւ ժողովուրդին ու Եկեղեցիին գոյատեւումը արեւմտեան հայաշխարհին մէջ (2025), Բ) Յովհան Գ. Օձնեցի (իշխ. 717-728) սուրբը, կանոնագէտը եւ Մեծ վարպետը հայ միջնաշխարհեան մշակոյթի եւ դիւանագիտութեան», ) Prolegomenon to the Millennial History of the Western Armenian World From Kingdoms to an Awakening Politics and Culture? The First Phase Tenth to Fifteenth Centuries.

Ստորեւ գրութիւնը ամփոփումն է փրոֆ. Տատոյեանի խօսքին, որուն մէջ ան կը բացատրէ մատենաշարին նպատակները, բնոյթը եւ ընդգրկած նիւթերը: Այս խօսքին յաջորդեցին` կլոր սեղանի աշխուժ վերլուծական  երկխօսութիւն, կարծիքներու եւ առաջարկներու փոխանակում:

***

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան առաջնորդարանի մատենաշարը իր ծննդոցը ունի միաժամանակ ընկերային, մշակութային եւ պատմագիտական մտահոգութիւններու մէջ: Գլխաւոր նպատակներէն է մտաւորական եւ հոգեւոր մշակոյթը, եւ ապրուա՛ծ, ոչ թէ երեւակայուած, շարադրուած եւ «ծրագրուած», պատմութիւնը դարձնել ժողովուրդին մատչելի եւ առնչուած անոր ներկայի՛ հարցերուն եւ ինքնաճանաչութեան հորիզոններուն:

Բացի քանի մը նիւթերէ, ինչպէս` Եղեռնը եւ Ղարաբաղը, հայ պատմագրութեան, ոչ թէ` պատմագիտութեան, մէջ կան  բազմաթիւ մութ մասեր, արմատական  հանգոյցներ եւ անելներ: Պատճառները պէտք է փնտռել մերձաւորարեւելեան եւ միջնաշխարհեան կացութեանց ընդմէջէ՛ն հայոց պատմական փորձառութիւնները հասկնալու եւ բացատրելու մասնակի կերպերուն եւ դիտանկիւններուն մէջ:

Մատենաշարին կարեւոր նիւթերէն մէկն է Հայ եկեղեցւոյ աւելի քան տասնեօթը դարերու քաղաքական պատմութիւնը, որ լուսանցքային կերպով միայն արժանացած է պատմաբաններու ուշադրութեան:  Շնորհալիի, Նարեկացիի նման դէմքերու, ընկերային, քաղաքական նաեւ` աստուածաբանական աւանդը, իրակա՛ն-գործօն անհատականութիւնները անորոշ են, իսկ իրենք կը մնան մեծ «ծանօթ-անծանօթներ» Շնորհալին ծանօթ է իր շարականներով եւ աստուածաբանութեամբ, իսկ Նարեկացին` իր բուժիչ եւ հրաշալի «Նարեկ»-ով: Արդէն շատ ուշացած նախաձեռնութիւններ են ուսումնասիրել Շնորհալիին դերը իր բարդ եւ վտանգաւոր միջնաշխարհեան ժամանակին ու շրջանին մէջ, իսկ Նարեկացին` իբրեւ տասներորդ դարու խիզախ ու հանճարեղ ընկերային-գաղափարաբանական յեղափոխական: Ա՛յս կարգի մօտեցումներ եւ վերլուծումներ կը բնորոշեն մատենաշարին հատորները:

Մատենաշարին մօտեցումը միջմարզային (interdisciplinary) է: Ասիկա կը նշանակէ եւ կը պարտադրէ համադրել` պատմագիտութիւն, ընկերաբանութիւն, մշակոյթի պատմութիւն, արուեստներ եւ մասնաւորաբար` փիլիսոփայական-քննադատական մեթոտը: Այսպէս, Շնորհալիի եկեղեցական, աստուածաբանական, գրական եւ քաղաքական ասպարէզները կու գան միակ լայն պատմագիտական շրջանակի մէջ: Չկան քանի մը Շնորհալիներ, կայ մէ՛կ Շնորհալի, որ սուրբ է եւ միաժամանակ դիւանագէտ,  նաեւ` բանաստեղծ: Ուրեմն սովորական կեդրոնացումը նեղ երեսի մը վրայ մթագնած է ամբողջական մարդը, իր դերն ու աւանդը: Նոյնն է պարագան Նարեկացիի, պատմական շրջաններու եւ կարեւոր իրադարձութեանց:

Մատենաշարին մօտեցումի կարեւոր նորութիւններէն մէկն է  նաեւ պատմագիտական յարացոյցի (paradigm, model) յեղաշրջումը: Փոխանակ կեդրոն-շրջամասի, կամ հայրենիք-սփիւռք/արտասահմանի` կ՛առնուին երկու՛ պատմական հայաշխարհներ, արեւելեան հայաշխարհը` բնիկ հողին մէկ մասին շուրջ, եւ հազարամեայ եւ ուժական (dynamic) արեւմտեան հայաշխարհը` անոր արեւմուտքը եւ հարաւը: Մատենաշարին երրորդ հատորը քննական ընդարձակ յառաջաբան մըն է արեւմտեան հայաշխարհին տակաւին անգիր ամբողջական պատմութեան (Prolegomenon to the History of the Western Armenian World):

Գրեթէ ուշադրութենէ վրիպած է պատմականօրէն հիմնաւորուած այն իրողութիւնը, թէ արդէն տասներորդ դարու վերջաւորութեան եւ անշուշտ հայ թագաւորութեանց վերջնական անկումով` 1045-ին, մասնաւորաբար Հայաստանը իրեն կցելու Բիւզանդական կայսերական ծրագրին պատճառով, հայոց աշխարհը սկսած էր բաժնուիլ:  Տասնմէկերորդ դարուն զանգուածային գաղթերով դէպի արեւմուտք եւ հարաւ, միաժամանակ  ղուզ-սելճուք թրքական ցեղերու արագ թափանցումով պարպուեցաւ բնիկ հողը եւ յառաջացաւ հայկական նոր բնակավայր մը Habitat/Ecumene որ արեւելեանէն շատ աւելի ծաւալուն էր եւ դիրքով ուղղակիօրէն միջնաշխարհեան (mesopolitan, meso-poleis), այսինքն` տարբեր պետութեանց եւ ազգերու միջեւ: Չկային կեդրոն եւ շրջամաս:

Յստակ կերպով գոնէ հազարամեակէ մը ի վեր երկու հայաշխարհները կը գտնուին տարբեր կացութեանց մէջ եւ եղափոխութեան տարբեր ազդակներու ենթակայ: Ուրեմն «կեդրոնի եւ շրջամասի» յարացոյցը չունի պատմական հիմքեր: Իսկ հայրենիք-սփիւռք տարազումը Պաղ պատերազմի անմիջական հետեւանքներէն էր: Պարզապէս կայ մէ՛կ ազգ` երկու տարբեր հայաշխարհներու մէջ:

Կացութիւնը բնականաբար զարգացուցած է իր յարակից հարցերը: Առաջինն է` ներքին բաժանում եւ հակամարտութիւն իւրաքանչիւր աշխարհին մէջ եւ երկուքին միջեւ: Երկու հայաշխարհներու միջեւ տարբերութիւնները անխուսափելի էին աշխարհի ամէնէն անկայուն ու փոթորկոտ շրջանին մէջ եւ մրցակից ուժերու միջեւ: Յաճախ անտեսուած է այն իրողութիւնը, թէ եօթներորդ դարէն ետք, բացի Կիլիկիայէն,  հայոց մեծամասնութիւնը կը գտնուէր իսլամակա՛ն աշխարհին մէջ: Ոչ իսլամ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչը կրօնական պետն էր: Իսլամական աշխարհին մէջ հայոց կացութեան պատմագիտական եւ աղբիւրագիտական ուսումնասիրութիւնը տակաւին նախնական է եւ հիմնուած` նեղ-հայակեդրոն ենթադրութեանց եւ պատումներու վրայ: Հիմնական խնդիրը այն է, որ բոլոր պարագաներուն` Եկեղեցին եւ կաթողիկոսները մաս կը կազմէին քաղաքական-դիւանագիտական  գործընթացին: Դաշնագիրները յաճախ կը  կնքուէին կաթողիկոսներու հետ, ինչպէս Սահակ . Ձորափորեցիի, Յովհան Գ. Օձնեցիի, եւ հոսկէ` Եկեղեցիի քաղաքական պատմութեան կարեւորութիւնը:

Հայկական Կիլիկիոյ երեւոյթը իր պատմագիտական բացատրութիւնը կը գտնէ արեւմտեան հայաշխարհի յարացոյցին եւ մասնաւորաբար Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իմ Հայկական Միջնարարին (The Armenian Intermezzo in the Near Eastern World) տեսութեանս մէջ:

Տասներորդ դարէն մինչեւ տասներկուերորդին միջեւ մօտ երկու հարիւր տարուան միջոցն է այս «միջնարարը», այսինքն` հայ թագաւորութեանց տկարացումէն ապա անկումէն մինչեւ Կիլիկիոյ մէջ թագաւորութեան մը հաստատումը 1198-99ին: Հակառակ կարծուածին, հիւսիսային Եփրատէն, Կապադովկիա, Հիւսիսային Միջագետք, ալ-Շամ, Պաղեստին եւ Եգիպտոս` հայ քաղաքական ներուժի եւ գործունէութեան ամէնէն աշխուժ եւ կարեւոր դաշտը եւ շրջանն է ասիկա: Դժբախտաբար, սակայն,  բոլորովին անտեսուած եւ փոքրացած է միայն, այսպէս կոչուած, «Կիլիկեան պատմութեան» մը շուրջ:

Կիլիկիան ոչ միայն մաս մը, այլ նա՛եւ ուրիշ հետեւանքներու կարգին, հետեւա՛նք մըն է այս միջնարարին: Անիկա ոչ թէ աստուածային պարգեւ մը կամ դիւցազնական դրուագ մըն է, այլ` իսկական միջնաշխարհեան երեւոյթ մը, եւ ամէնէն երկարատեւ քաղաքական միաւորը` արեւմտեան հայաշխարհի պատմութեան մէջ,  քրիստոնեայ արեւմուտքին եւ իսլամ արեւելքին միջեւ:

Հայկական միջնարարին երկու դարերուն ընթացքին տարբեր եւ բազմաթիւ հայ ուժերու, դէմքերու եւ ուղղութիւններու, ներառեալ կիլիկեցիներու ռէալփոլիթիքը ստեղծեց փոքր եւ մեծ քաղաքական-զինուորական իշխանութիւններ արեւմտեան հայաշխարհին տարածքին` Փիլարտոսի Մարաշի շուրջ իշխանապետութենէն մինչեւ Եգիպտոսի հայկական դարը, եւ` Պաղեստինի Աւագեան իշխանապետութիւնը: Պատմագիտական նորութիւնը այն է, որ Ռուբինեան Կիլիկիան մէ՛կն էր այս երեւոյթներէն` շրջապատուած քաղքեդոնական բիւզանդացիներով, սելճուք թուրքերով, լատին խաչակիրներով, սիւննի այեուպիականներով, ապա` մոնկոլներով եւ մեմլուքներով:

Կիլիկիայով պաշտօնապէս սկիզբը դրուեցաւ արեւմտեան հայաշխարհին օտար հողի վրայ գոյատեւման դժուարին ճամբուն: Այսօր, հազարաւոր մղոններ անդին, տակաւին կը քալենք այդ ճամբուն վրայ:

Կը ներկայացնեմ նաեւ այլ նոր տեսութիւն մը. յաճախ կը խօսուի եւ կը գրուի իններորդէն տասնմէկերորդ դարերու ընթացքին հայոց թագաւորական շրջանին մասին, իբր թէ անիկա ըլլար միակը եւ վերջինը: Կայ նաեւ, եւ իբրեւ հետեւանք Հայկական միջնարարին, երկրորդ շրջանը, զոր կը կոչեմ «Թագաւորական եռանկիւնը» կամ «Հայոց երկրորդ թագաւորական շրջանը»: Ասոնք են` Կիլիկիան, Երզնկայի Իշխանապետութիւնը եւ Անիի վրացական-հայկական Զաքարեանները:

Արեւմտահայ եւ արեւելահայ հայաշխարհներու յարաբերութիւնը, իր կարգին, պէտք է, որ ըլլայ նիւթ` առարկայական եւ քննական պատմագիտութեան: Չէ եղած այդ աշխատանքը: Պատճառներուն մասին  կ՛անդրադառնամ մատենաշարին մէջ: Զարգանալով բոլորովին տարբեր աշխարհագրական, քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային աշխարհներու մէջ` արեւմտեան եւ արեւելեան հայաշխարհները անպայմանօրէն պիտի ըլլային տարբեր: Տարակարծութիւնները անխուսափելի էին, երբեմն ուժգին, բայց, միշտ հասկնալի եւ բացատրելի: Ցաւօք, այդ չէ հանրային կարծիքը:

Արեւմտեան հայաշխարհին մէջ պայմանները իսկապէս միջնաշխարհեան էին եւ անոնց պատճառով մշակոյթը` բոլորովին տարբեր: Արդէն տասնմէկերորդ դարուն, երբ տարագիր ժողովուրդը, իր աւատապետական իշխանութիւնները եւ կաթողիկոսութիւնը կը փորձէին գտնել նուազագոյն ապահովութիւն եւ մնայուն տեղ, բոլորն ալ մօտիկ փոխյարաբերութեանց մէջ էին տեղական ժողովուրդներուն եւ իշխանութեանց հետ: Հետեւաբար արեւմտեան կողմը աւելի ազատամիտ եւ գործնապաշտ  մշակոյթի մը յառաջացումը ոչ միայն բնական, այլ անհրաժեշտ էր, առնուազն` գոյատեւելու համար: Այս կացութիւնն էր, որ յառաջացուց հայ մշակոյթի արծաթէ դարը տասներկուերորդ դարուն, որուն յաջորդեց տեսակ մը նախավերածնունդ (Proto-Awakening)` յաջորդ  դարերուն ընթացքին եւ մինչեւ միջին դարերու աւարտը: Իրողապէս Կիլիկիոյ մէջ էր, որ Նարեկացիին յեղափոխական միտքերը եւ նոր գրականութիւնը հասկցուեցաւ ու ազատագրուեցաւ: Միակ օրինակ մը հասաւ Շնորհալիին, որ Լամբրոնացիին հանճարեղ միջամտութեամբ եւ Գրիգոր Սկեւռացիին արուեստով եղաւ առաջին, շքեղ եւ միակ «Մատեան ողբերգութեան»-ը: Արծաթէ դարու ազատամիտ ոգին մոռացութենէ փրկեց հայ մշակոյթի մեծագոյն դէմքերէն ու երեւոյթներէն մէկը: Այս մասին բաւական երկար հատուածներ կան երրորդ հատորին մէջ:

Prolegomenon` կը նշանակէ քննական-վերլուծական ներածական, ոչ թէ` պարզ յառաջաբան: Պատմական մանրամասն փաստարկներով երրորդ հատորը կը վերբերէ նո՛ր հայաշխարհի մը metamorphosis-ը, կամ` զանցակերպումն ու ժողովուրդին ընկերային, քաղաքական, մշակութային եղափոխութիւնը իր հողէն դուրս, եւ արտօրինակ գոյատեւումը (persistence): Հատորը կանգ կ՛առնէ միջին դարերու վերջաւորութեան` տասնհինգերորդ դարուն, երբ արդէն Վերածնունդի սերմերը սկսած էին ծաղկիլ տասներկուերորդ դարու մշակոյթին «Արծաթէ դարէն» ետք Կիլիկիա եւ անոր իբրեւ հետեւանք:

Prolegomenon-ին մէջ կայ փոքր գլուխ մը` «1441-ի շարժումին» Էջմիածնի աթոռին հաստատումին մասին տարբեր  վերլուծումի մը նուիրուած:

Հայկական Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք` 1375-ին, օսմանեան ապա սաֆավիտ շրջանները բոլորովին տարբեր նիւթեր են տարբեր ուսումնասիրութեան մը համար:

Պատմագիտութիւն, Պատմազանցութիւն եւ Հոգեխուզում

Որեւէ գրացանկագէտ (bibliographer) կամ սովորական ընթերցող մատենաշարը, նաեւ գործերուս կարեւոր մէկ մասը պիտի նկատէ պատմութեան կամ history-ի գիրքեր: Սխալ: Ճիշդ է, որ պատմագիտական մեթոտները եւ համապատասխան նիւթերը կը գործածուին անպայմանօրէն, սակայն ընթացիկ ժողովրդական առումով, «պատմութեան գիրքեր» չեն անոնք, այլ` պատմափիլիսոփայական, քննական եւ միջմարզային գրականութիւն: Կիզակէտն է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայոց պատմական փորձառութեան եւ «հայ ըլլալու վիճակին» (the Armenian condition) վերլուծումը:

Պատմագիտութիւնը տարբեր է պատմագրութենէն, որ կը զբաղի դէպքերու ստուգումով եւ պատումով: Իսկ պատմագիտութիւնը դէպքերու փիլիսոփայական-քննական-քննադատական վերլուծումը եւ գրուած նիւթերուն ու մեկնաբանութեանց վերարժեւորումն է: Անիկա ուրեմն  պատմութեան վեր-ա-գրումն է (re-writing of history)` հիմնուած նո՛ր տեղեկութեանց եւ յարաբերութեանց ստուգումին եւ քննական մեկնաբանութեանց վրայ: Այն բացատրութիւնները եւ պատկերները, զորս պատմագիտական  ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն,  պէտք է որ նաեւ փոխանցեն նոր եւ աւելի խոր իմաստներ` ներկա՛յ-ապրուա՛ծ իրականութեան: Հոս է անոնց գոյապաշտական նշանականութիւնը (existential dimension, relevance).

Երբ պատմագիտութեան նպատակը կ՛ըլլայ անհատական եւ հաւաքական գոյութեան վերլուծումը, հասկացողութիւնը, ինչպէս այս պարագային, անիկա կը զանցէ իր սահմանները եւ կ՛ըլլայ պատմազանցութիւն կամ Meta-Historiography: Տարբեր եւ աւելի ընթացիկ արտայայտութեամբ` անիկա անհատական եւ հաւաքական հոգեխուզում է (individual and collective soul-searching):

Հոգեխուզումը բուռն ներհայեցողութիւն (introspection) եւ վերարժեւորում է ամէն բանի: Անիկա կ՛անդրանցնի ընդունուած պատումները եւ իմացքները (introspection and assessment that goes beyond the level of just facts) եւ կը փորձէ հասկնալ սեփական էութեան բնոյթը, թէ ուրկէ՞ կու գայ եւ ո՞ւր կը դիմէ, կամ պէտք է որ ուղղուի: Սեփական պատմութեան ճիշդ եւ ամբողջական հասկացողութիւնը ուրեմն հոգեխուզում է: Այսպէս, հոզեխուզում է գրել սեփական պատմութիւնը, որ կը նշանակէ ըլլալ ինքնագիտակից եւ մանաւանդ պարկեշտ` ընդունելու համար սխալներ եւ քաջ` փոխուելու համար:

 

 

 

 

 

Leave a Comment