Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիք Մերց եւ Եւրոպական Միութեան եօթը այլ երկիրներու ղեկավարներ պահանջած են ուսումնասիրել Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական յատուկ գործողութեան մասնակիցներու` Եւրոպական Միութիւն մուտքի արգելքի կարելիութիւնը:
«Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոսթային ուղղուած նամակին մէջ անոնք պնդած են, թէ Ռուսիոյ յատուկ զինուորական գործողութեան մասնակիցներուն Շենկենեան գօտի հաւանական մուտքը ներքին անվտանգութեան համար լուրջ ռիսքեր կը ներկայացնէ:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ այս նիւթին պէտք է բարձրագոյն մակարդակով քաղաքական ուշադրութիւն դարձնել, եւ որ անիկա կը պահանջէ համաձայնեցուած եւրոպական արձագանգ: Անոնք առաջարկած են հարցը քննարկել 19 մարտին` Եւրոպական Միութեան յաջորդ վեհաժողովի ընթացքին:
Նամակը Մերցէն բացի ստորագրած են Էսթոնիոյ, Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Ֆինլանտայի եւ Շուէտի պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները:
Նախքան այդ, Ռուսիոյ զինուորական յատուկ գործողութեան մասնակից զինեալներու Եւրոպա մուտքը արգիլելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էր Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս: