Նախանցեալ շաբաթ մի քանի ազերիներ իրենց ինքնաշարժերով մտան Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ համընդհանուր վրդովմունք պատճառելով
ժողովրդային գիտակից խաւերուն։ Բնականոն պայմաններու տակ, անշուշտ, դրացի երկիրի քաղաքացիներուն մուտքը քու երկիր՝ երբեք տարօրինակ, աւելի եւս՝
արտառոց պիտի չըլլար։ Սակայն ներկայ պարագային ազերիներուն մուտքը գրաւեց հայաստանցիներուս ուշադրութիւնը։
Պատճառը այդ մի քանիներուն յոխորտ, լկտի կեցուածքն էր՝ սկսեալ Երեւանի Կեդրոնական հրապարակէն մինչեւ մօտակայ Մասիս, աւելի հեռու՝
Ամասիա, քիչ անդին՝ Գիւմրի քաղաքներ անոնց շրջագայութիւնը, տեղ-տեղ ինքնաշարժներէն դուրս ելլելով՝ ատրպէյճանական թրքերէնով բարձրաձայն
խօսակցութիւնը՝ «Պու էվ պիզիմ տիր» («Այս տունը մերն է») ու նման արտայայտութիւններով։ Անոնք կը շրջագայէին տանտիրոջ պէս, վստահ՝ որ ոեւէ
մէկը իրենց պիտի չմօտենայ, չսաստէ, իրենց բառով՝ քէօթեք մը պիտի չտայ։ Մարդոց վրդովումը կու գար ոչ թէ եւ ոչ այնքան այդ ազերիներուն լկտիութե նէն,
այլ մեր համապատասխան մարմիններուն՝ մասնաւորապէս ներքին ապահովութեան, ոստիկանութեան անգործութենէն։ Անոնք, – տխուր է ընդգըծելը, – ներկայ էին,
սակայն ոչ թէ որպէս հսկիչ, այլ՝… պաշտպան։ Ա՛յդ է որ խռովեց մեր հասարակութեան, մեզմէ իւրաքանչիւրին հոգին, միտքը։ Ակընյայտ էր, որ
ազերիները, Լենինի ճշգրիտ բնորոշումով՝ կովկասեան թաթարները, Հայաստան եկեր էին Արցախի յանձնումէն ետք ազերիական խօսոյթ դարձած «պիզիմ տիր» («մերն
է») կրկնելու եւ գործնականօրէն հաստատելու, վստահ՝ որ նիքոլական իշխանութեան պատասխանը պիտի ըլլայ՝ «սիզին տիր» («ձերինն է») պարտուողական
արտայայտութիւնը։ Խնդիրն այն է, որ կովկասեան թաթարները մեր երկիր մտեր էին ցարդ մեզի անծանօթ սահմանային անյայտութեան պայմաններու տակ։ Չենք
գիտեր, տեղեկութիւն չհրապարակուեցաւ, թէ մեր սահմաններէն ներս որեւէ տեղ այդ լկտիները տարուեցա՞ն որեւէ ոստիկանատուն, հարցաքննուեցա՞ն, ինչպէս
վարժուած է մեր ոստիկանութիւնը տեղի-անտեղի ընել եկեղեցականներու, եկեղեցասէրներու, հականիքոլ գործիչներու եւ հասարակ քաղաքացիներու նկատմամμ։
Ստուգուեցա՞ն անոնցմէ ոեւէ մէկուն փաստաթուղթերը, խուզարկուեցա՞ն անոնց ինքնաշարժները։ Յայտնապէս՝ վերէն տրուած էր հրահանգ թաթարներու գլխու մազին
անգամ չդպնալու, զիրենք չնեղացնելու, նիքոլական «խաղաղասիրութեամբ» պաշտպանելու մեր անօգնական Արցախը գրաւած, 130 հազար արցա խահայութիւն
բռնագաղթի ենթարկած, Ջերմուկի բարձունքները, Կիրանցի եւ յարակից գիւղերու պաշտպանական դիրքերը գրաւած թաթարները։ Ու երիցս իրաւացի էին այն
քաղաքագէտները, նաեւ ժողովրդային խաւերը, որոնք հարց տուին հրապարակաւ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար թաթարներուն վերաբերումը, եթէ, օրինակ, մի քանի
արցախահայեր փորձէին Շուշի, Ստեփանակերտ, Գանձասար, Ամարաս եւ կամ դարաւոր մեր հայրենիքի մէկ այլ բնակավայր այցելէին, առնուազն փորձ կատարէին
փունջ մը ծաղիկ դնելու, պտղունց մը խունկ ծխելու իրենց հանգուցեալ հարազատներու շիրիմներուն, անշուշտ եթէ անոնք դեռ կան ու պղծուած չեն արդէն։
Ո՛չ եւ ո՛չ պիտի ըլլար պատասխանը, այդպիսի փափաք մը պիտի համարւէր revanchisme, re՛visionnisme, եւայլն։ Իսկ եթէ որեւէ մէկը այդպիսի փորձ
կատարէր, պիտի յայտնուէր Ալիեւի բանտախուցերէն մէկուն մէջ՝ 16, 20 կամ ցմահ բանտարկութեան ենթակայ, մինչ Նիքոլն ու նիքոլականները փաստօրէն կը
շարունակեն երգել «քարտաշ օլուր Հայաստան վէ Ազըրպէյճան»՝ նախագահ Թրամփի խմբավարութեան ներքոյ կամ ուրիշ «խաղաղասէրներու» ճիպոտին տակ։
Խաղաղութիւն չի՛ կրնար ըլլալ առանց փոխադարձ զիջողութեան։ Կեղծ է այն խաղաղութիւնը, որ հիմնուած չէ փոխադարձ μարիկամեցողութեան վրայ, կեղծ է, անհիմն
է, խաբէութիւն է Նիքոլին քարոզած «խաղաղութիւնը»։

Ազերիները ազատօրէն կը շրջին մեր հայրենիքին մէջ
***
Այստեղ յիշեցի պէյրութեան յատկանշական դրուագ մը մեր աշակերտութեան օրերէն։ Կարծեմ 1966 թուականի գարունն էր։ Սովետական դեսպանատան կից կը
գործէր մշակութային կեդրոն մը, ուր ամէն շաբաթ ձեռնարկ մը կը կազմակերպուէր՝ ֆիլմերու ցուցադրութիւն, նկարչական ցուցահանդէս կամ համերգ։
Մուտքը ձրի էր. աւարտական դասարաններու աշակերտներս հայ համայնավարներու միջոցով հրաւիրատոմս կը ստանայինք անընդհատ։
Երկօրեայ համերգ մը կազմակերպուած էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ, սովետական խումբի մը համերգը։ Խումբ մը ընկերներով
գացինք։ Արեւելեան ժողովրդային նուագարաններու փոքրիկ համոյթ մըն էր բեմին վրայ։ Մեզի անծանօթ, թրքական շարղը յիշեցնող մի քանի կտոր նուագելէ ետք բեմ
մտաւ բարձրահասակ երգիչ մը եւ սկսաւ երգել… թրքերէն։ Լարւեցանք բոլորս, եւ բոլորովին ինքնաբուխ՝ սկսանք սուլել։ Շուտով ամբողջ դահլիճը միացաւ տաքարիւն
երիտասարդներու մեր խումբին. բացագանչութիւններ, հայհոյախառն խօսքեր օդին մէջ։ Երգիչը շփոթած՝ դադրեցուց իր երգը եւ պահ մը տատամսելէ ետք դուրս ելաւ
բեմէն։ Համերգը փոզմիշ ըրեր էինք, ինչպէս ըսին ներկաներէն տարեց մարդիկ։ Մենք ուրախ էինք. ցեղասպան թուրքերուն ժառանգորդները մեր դահլիճ մտնեն ու
թրքերէ՞ն երգեն։ Անկարելի էր…
Յաջորդ օրը, երեկոյեան նոյն ժամուն, աւելի մեծ խումբով լեցուցած էինք «Կիւլպենկեան» սրահը։ Վարագոյրը բացուեցաւ, բայց նախորդ օրուան չալղըճիներու խումբը
բեմ չելաւ։ Փոխարէնը անոնց տեղը գրաւեր էր դաշնամուրը, որուն մօտեցաւ դաշնակահար մը, ետեւէն՝ նախորդ օրուան նոյն երգիչը։ Մեր կողմէ հազիւ սկսեր էին
սուլոցները, երբ հնչեց դաշնամուրին ձայնը։ Հայկական եղանակ էր կարծես։ Երգիչը գրպանէն հանեց թուղթ մը եւ սկսաւ երգել՝ «Բարձր սարեր, այ սարեր»։ Այո՛, հայերէն,
Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայի ծանօթ արիան։ Պապանձուած էինք բոլորս։ Իսկապէս գեղեցիկ թենոր էր։ Մի քանի հոգիներ փորձեցին ձայն հանել։ Լռեցուցինք
իսկոյն։ Երգի աւարտին ծափահարեցինք բոլորս։ Ազերի երգիչը ձեռքը կուրծքին՝ խոնարհումներ ըրաւ ու դուրս ելաւ։ Յաղթեր էինք մենք, իրենց դասը ստացեր էին
թաթարները։ Ընդամէնը հազիւ մէկ տարի անցեր էր Մեծ Եղեռնի 50-ամեակի հոգեփոխիչ ցոյցերէն ու հաւաքներէն, երիտասարդներս չէինք կրնար թոյլ տալ,
որ մեր տունին մէջ անարգեն մեր վիշտն ու ցաւը, մեր ազգային արժանապատւութիւնը։
Սորվեր էինք ու սորվեցուցինք։ Մինչդեռ մեր ներկայ իշխանութիւնները ո՛չ սորվիլ գիտեն եւ ո՛չ, առաւել եւս, սորվեցնել։ Գիտեն միայն պարտուիլ եւ այնպէս ընել, որ
պարտութիւնը տեւական ըլլայ, շարունակական ու յարատեւ։