ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան իր Դիմատետրի էջին վրայ արձագանգած է իմ քննադատութեանս` իր եւ նախկին դեսպան Լիլիթ Մակունցի Լոս Անճելըս կատարած վիճայարոյց այցելութեան վերաբերեալ:
Ահաւասիկ իմ պատասխանս` անոր անհիմն մեկնաբանութիւններուն.
1.- Խորապէս զգացուած եմ, որ Յարութիւնեանը, ըլլալով Փաշինեանի գրասենեակի «քարտուղարը», իր թանկագին ժամանակը տրամադրած է իմ յօդուածիս պատասխանելու: Կ’ենթադրեմ, որ ան ուրիշ ընելիք չունի: Նկատի ունենալով, որ երկիրը այնքա՛ն լաւ կը կառավարուի, իմ յօդուածս դարձած է անոր օրակարգի գլխաւոր հարցը…
2.- Իմ լուրջ քննադատութիւններուս` այդ անճարակ զոյգին Լոս Անճելըսի մէջ ունեցած ձախողած արկածախնդրութիւններուն վերաբերող, Յարութիւնեան պատասխանած է անձնական վիրաւորանքներով, ինչ որ ցոյց կու տայ իրենց աղէտալի ճամբորդութեան համար որեւէ հիմնաւորումի բացակայութիւնը:
3.- Յարութիւնեան զիս կոչած է` «ամերիկեան լրատուական դաշտի ժամկէտանց սիւնակագիր»:
Ա) Ուրախ եմ, որ Յարութիւնեան տեղեակ է, որ ես լրագրող եմ, ասիկա կ’ապացուցէ, որ ան լիովին անիրազեկ չէ:
Բ) Եթէ ես իսկապէս «ժամկէտանց» լրագրող ըլլայի, ինչո՞ւ Յարութիւնեան իր ժամանակը կը վատնէր անարժան սիւնակագիրի մը պատասխանելու: Ինչո՞ւ աշխարհի տասնեակ թերթեր ու կայքեր կ՛արտատպեն իմ շաբաթական վերլուծումներս: Բացի ատկէ, ան պէտք է գիտնայ, որ Փաշինեան համաձայն չէ իր կարծիքին` իմ լրագրողական կարողութիւններուս վերաբերող: 17 ապրիլ 2019-ին վարչապետը իր Դիմատետրի էջին վրայ գրած էր, որ իմ թերթս` «Քալիֆորնիա Քուրիըր»-ը (The California Courier), «Սփիւռքի ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկն է»:
Գ) Յարութիւնեան ի զուր կը պարծենայ, թէ Լոս Անճելըս կատարած մէկ ուղեւորութեամբ ինք ջախջախած է Փաշինեանի իշխանութեան դէմ հնչող կեղծիքները: Ան կը սխալի, քանի որ Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս գրեթէ այլեւս չեն մնացած Փաշինեանի կողմնակիցներ:
Դ) Եթէ Փաշինեան Լոս Անճելըսի մէջ լայն աջակցութիւն ունենար, ապա ինչո՞ւ Յարութիւնեանն ու Մակունցը իրենց այցելութիւնը գաղտնի պիտի պահէին գաղութէն` սահմանափակուելով միայն յատուկ ընտրուած փոքրաթիւ խումբի մը հետ հանդիպումով:
Ե) Յարութիւնեան յայտարարած է, որ Լոս Անճելըս կատարած իրենց ճամբորդութեան ծախսերը չեն վճարուած Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Ան ըսաւ, որ իրենք արձակուրդի մէջ եղած են: Ես կը տարակուսիմ այս յայտարարութեան շուրջ, քանի որ Լոս Անճելըս իրենց թռիչքներուն եւ պանդոկի մէջ մէկ շաբաթ մնալու արժէքը, հաւանաբար, քանի մը անգամով կը գերազանցէ իրենց ամսական աշխատավարձը: Երկրորդ` իրենց յայտարարած ծրագիրը` ցրել Փաշինեանի իշխանութեան մասին «սխալ տեղեկատուութիւնը», աւելի նման է քաղաքական գործունէութեան, քան` արձակուրդի: Կը տարակուսիմ, որ անոնք «Տիզնիլենտ» գացած ըլլան կամ այցելած` այլ տեսարժան վայրեր:
Զ) Եթէ կառավարութիւնը չէ վճարած անոնց ճամբորդութեան ծախսերը, ապա անոնք թերեւս գտած էին դրամատէր մը, որ պիտի վճարէր իրենց համար: Այս պարագային, այդ մասին պէտք էր զեկուցուէր Հայաստանի կառավարութեան` իբրեւ նուէր:
Է) Յարութիւնեան յայտարարեց, որ ինք եւ Մակունց չեն տեղեկացուցած Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը իրենց այցելութեան մասին: Ինչպէ՞ս կրնայ Հայաստանի տեղական ներկայացուցիչը տեղեակ չըլլալ, որ վարչապետի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ քաղաքին մէջ են: Հիմա արդէն յստակ է, թէ ան ինչո՞ւ ներկայ չէ եղած անոնց հանրային հանդիպումներէն ոեւէ մէկուն…
Ը) Յարութիւնեան պատճառաբանեց, որ զիս չեն հրաւիրած, քանի որ «կը հարամէի» իրենց հանդիպումները: Եթէ Փաշինեան այդքան ժողովրդականութիւն կը վայելէ Լոս Անճելըսի մէջ, ապա ինչէ՞ն կը վախնային: Փաշինեանի կողմնակիցներէն մէկը հաստատեց, որ անոնք գաղտնի պահած են իրենց այցելութիւնը, որովհետեւ կը վախնային, որ իրենց հանրային հանդիպումները պիտի խանգարուէին:
Թ) Յարութիւնեան սխալած ու ոչ հայկական անուանած է իրենց հետ հարցազրոյց կատարած հայկական պատկերասփիւռի կայանները` ARTN-ը, AMGA-ն, AABC-ն եւ USArmenia-ն:
Ժ) Յարութիւնեան իր Դիմատետրի քննադատութիւնը աւարտեց դատարկ նախազգուշացումով մը. «Մենք որոշել ենք համակարգուած ջախջախել նրա (Սասունեանի) ու նրա նմանների ստի մենաշնորհը ամերիկահայ հանրութեան համար»: Այսպիսով, Յարութիւնեան հրահրեց Երեւանի մէջ գտնուող իր կոյր հետեւորդներու փոքրիկ շրջանակը, որ իմ մասիս նողկալի մեկնաբանութիւններ գրեն` առանց իմ մասիս որեւէ բան գիտնալու:
Իրավիճակը աւելի սրեցաւ, երբ Կլենտէյլի մէջ Փաշինեանի կողմնակիցներուն հետ ճաշկերոյթի ընթացքին հիւրերէն մէկը հարցուց Յարութիւնեանին հայկական ազգային գաղափարախօսութեան հանդէպ իշխանութեան մօտեցումին մասին` նշելով. «Դուք ոչ միայն տարածքային զիջումներ կ’ընէք, այլ նաեւ կը հրաժարիք հայկական գաղափարախօսութենէն»: Յարութիւնեան անամօթաբար յայտարարեց լսարանին. «Հայկական ազգայնականութիւնը շատ վտանգաւոր բան է: Ձեր մտածողութիւնը շատ վտանգաւոր է»:
Դժբախտաբար, Յարութիւնեան կը շփոթէ ազգայնականութիւնը (nationalism) ազգայնամոլութեան (chauvinism) հետ: Ոչ մէկ վատ բան կայ անոր մէջ, որ մարդիկ կը հպարտանան իրենց ժողովուրդով, պատմութեամբ եւ մշակոյթով: Փաշինեան ժողովուրդը արմատախիլ ըրած է իր հազարամեակներու պատմութենէն: Վարչապետը կը վարուի այնպէս, կարծես հայ ժողովուրդը գոյութիւն ունեցած է միայն այն պահէն, երբ ինք 2018 թուականին իշխանութեան եկաւ: Ահա թէ ինչո՛ւ ան դէմ է Հայաստանի պատմութեան, կրօնքին, մշակոյթին եւ ազգային սրբազան խորհրդանիշներուն: Հայ ժողովուրդի նկատմամբ իր անհեռատես մօտեցումին պատճառով, Հայաստանը ոչ միայն կը խզուի իր անցեալէն, այլ նաեւ կը կորսնցնէ փառահեղ ապագայի իր տեսլականը:
Հայ մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակը գրած է ուշագրաւ բանաստեղծութիւն մը` նկարագրելով, թէ ո՞վ ենք մենք` հայերս: Ես կ’առաջարկեմ, որ Յարութիւնեան կարդայ այս գլուխ գործոցը` իր հայկական ինքնութիւնը վերականգնելու համար: Ահա հատուած մը այդ բանաստեղծութենէն.
«Մենք քիչ ենք‚ սակայն մեզ հայ են ասում:
Մենք մեզ ո՛չ ոքից չենք գերադասում:
Պարզապէս մենք էլ պիտի ընդունենք‚
Որ մե՛նք‚ միայն մե՜նք Արարատ ունենք‚
Եւ որ այստեղ է` բարձրիկ Սեւանում‚
Երկինքը իր ճիշդ պատճէնը հանում:
Պարզապէս Դաւիթն այստեղ է կռուել:
Պարզապէս Նարեկն այստեղ է գրուել:
Պարզապէս գիտենք ժայռից վանք կերտել‚
Քարից շինել ձուկ‚ եւ թռչուն` կաւից…»: