Նիկոլ Աղբալեան ոչ միայն մտաւորական էր, այլեւ`ազգային ոգիի դաստիարակ, մանկավարժ, որ կը փորձէր կրթութեամբ եւ մշակոյթով ամրապնդել հայութեան ապագան:
(«ԱԶԴԱԿ», 3-3-2026)
Երբեմն երկար ատեն համակարգիչիդ դիմաց կը նստիս, որ սապէս մտածում մը, գաղափար թէ կարծիք լոյսին բերես ու անոր ապաւինած կառուցես գրութիւնդ, որպէսզի գէթ որոշ չափով խուսափիս ընթացիկ ու կրկնուող միտքերէ:
Հայ մամուլին սիրահար-հետեւողներ, շատ անգամ, երբ ընթերցեն յօդուած մը, որ զիրենք կը հետաքրքրէ, ժպիտ մը կ՛ուրուագծուի անոնց դէմքին, ուրախութիւն մը կը պատէ անոնց հոգին, պարզապէս որովհետեւ գրութեան մէջ կը հանդիպին միտք եւ յուզաշխարհ հարստացնող, լիացնող ու գրգռող տողերու եւ գեղարուեստական պատկերներու:
Փաստօրէն, վերոնշեալ գեղեցիկ մտածումը մեր ուշադրութիւնը գրաւեց, երբ օրեր առաջ կ՛ընթերցէինք Կարօ Վ. Մանճիկեանի մէկ տպաւորիչ գրութիւնը` նուիրուած Նիկոլ Աղբալեան մտաւորականին: Պատկառելի գրութիւն մը, որ կը պարփակէր վճիտ ոճ, լեզու եւ մտածական տարածք:
Ըստ յօդուածագիրին, յիշեալ տողը կը պատկանի Նիկոլ Աղբալեանի գրականագէտ բարեկամին, որ շէնշող արտայայտութեամբ մը լոյսին կը բերէ անզուգական մտաւորական ու գրաքննադատ Աղբալեանի հայաբորբ կերպարը:
9 մարտ:
Հայ իրականութեան մէջ իւրաքանչիւր անգամ որ խօսքը վերաբերի հայ վարժարանին ու կրթական համակարգին, իսկոյն մեր մտքին մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ հայ ուսուցիչը կամ դաստիարակը, որ շնորհիւ իր գիտական, բարոյահոգեբանական կազմաւորումին ու պատրաստուածութեան` կրցեր է հայեցի դիմագիծով սերունդներ դաստիարակել ու զանոնք օժտել ազգային ոգիի հնչեղութեամբ:
Այո՛, ազգային ոգի, որով կրցեր է գոյատեւել հայութիւնը դարեր շարունակ ու հասեր մեր օրերը: Աւելի՛ն. այս է եղած հայոց ճակատագիրը, սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի օրերէն ի վեր, երբ իրերայաջորդ դաստիարակներ, ազգային դիմագիծ ու հոգեկերտուածք կազմաւորելու հրամայականէն թելադրուած, շեշտադրած են հայ մտքի ու հոգիի կենսունակութիւնը բարձր պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայոց պատմագրութիւնը արձանագրած է, որ տարբեր ժամանակահատուածներու հայութիւնը ծնունդ տուած է ուսուցիչ-դաստիարակներու, որոնք ազգային զգացողութեամբ, ներաշխարհով ու կոչումով օժտեալ անձնաւորութիւններ են եղած:
Անոնք իրենց գիտական մտքին շաղախած են ազգային արժէքներու շտեմարանը:
Յայտնապէս անոնց ազգային-գաղափարական աշխարհընկալումն անգամ տարբեր երանգ ու հնչեղութիւն ունեցած է, որով ամրապնդած են իրենց հաւատամքը, հաւաքական ըմբռնումներն ու ծառայական հասկացութիւնը:
Ի դէպ, հայ վարժարանին մէջ երկար տարիներ ծառայած հայ ուսուցիչը, ինչ նիւթ ալ դասաւանդած ըլլայ, անպայման որ իր ներդրումը ունեցած է հայ աշակերտի հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ:
Փաստօրէն, գաղութահայ մեր կեանքին մէջ նման նուիրեալ ուսուցիչներու փաղանգը` պատկառելի թիւ ունեցած է երէկ, տասնամեակներ շարունակ, իսկ այսօր, ցաւ ի սիրտ, հայ վարժարաններու թիւի նուազումին հետ, նմանատիպ ուսուցիչներու կարօտը կ՛ապրինք:
Իրօք, հայաշունչ գաղութներ ականատես են եղած ուսուցիչ-դաստիարակներու, որոնք մարդակերտումի եւ հայակերտումի իրենց առաքելութեան մէջ տիպար օրինակ եղած են եւ ներշնչած ամբողջ շրջապատ մը:
Անոնք սոսկ դասատուներ չեն եղած, այլ փորձած են համամարդկային վառ արժէքներ փոխանցել իրենց դասաւանդած գիտական նիւթերու, լեզուներու, գրականութեան առընթեր:
Գալով մեր ներկային, հայ կեանքի պատկերը այդքան ալ խրախուսիչ չէ, ինչպէս էր մօտիկ անցեալին:
Գաղութահայ կեանքի տոկունութեան եւ հայօրէն բարգաւաճելու նպաստող ամրոցները` հայ վարժարանները, կը դիմագրաւեն պէս-պէս դժուարութիւններ:
Երբեմնի հայահոծ շրջաններու գոյութիւնը, հայ վարժարաններու եւ աշակերտներու թիւը` յիսնամեակ մը առաջ, պատիւ կը բերէր, իսկ հայեցի դիմագիծ պահելու ու պահպանելու աշխատանքները` խոր գնահատանքի կ՛արժանանային:
Արդար է ըսել, որ լիբանանահայութեան համար մօտիկ անցեալի տարիները խանդ ու ժպիտի առընթեր, հոգեպարար զգացողութիւն կը պարգեւէին, հայ օճախի ջերմութիւնն ու հարազատութիւնը անեղծ պահելու կը ծառայէին:
Միւս կողմէ, մենք ունեցած ենք, ցարդ ունինք, ուսուցիչներ, որոնք յաջողած են իրենց ընկերականութեամբ եւ հմտութեամբ սիրցնել մայրենին, պատմութիւնն ու մշակոյթը, ատով ալ լուսաւորել հայ աշակերտի մտաշխարհը, ամրապնդել հաւատամքը ու հոգեզինել զայն ազգային արժէքներով:
Այդուհանդերձ, կայ մետալի միւս երեսը, որ կ՛առնչուի հայ կեանքի ղեկավարութիւնը ստանձնած պատկան մարմիններուն, որոնք, ճիշդ է, որ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն որ հայ վարժարանը պահէ իր հայաշունչ կենսունակութիւնը, որակն ու արդիականութիւնը, սակայն, տարուէ տարի զգալի է հայ ուսուցիչին նկատմամբ ցուցաբերուած նիւթաբարոյական նեցուկի նուազումը:
Հայ ուսուցիչներու հանդէպ ցուցաբերուած շատ անգամ թերի վերաբերումներն ու անհոգի պահուածքը` մեծ թէ փոքր պատասխանատուներու կողմէ, միայն աւերներ կրնան գործել եւ պատճառ դառնալ հայ վարժարանի սրբազան առաքելութեան աղաւաղումին:
Ազգային գոյամարտին յարատեւութիւնը ապահովող հիմնասիւնը հայ վարժարանն է եղած, իսկ հայ վարժարանին կենսունակութեան երաշխիքը` հայ ուսուցիչ-դաստիարակը:
Արդ, չի բաւեր հպարտութեան խօսքերով շրջապատ մը ամբողջ խանդավառել, կամ վարդագոյն ակնոցով` դիտել հայ իրականութիւնը, որ կը տառապի, կը տագնապի բազում մտահոգութիւններու յորձանուտին դէմ յանդիման:
Բոլորին ճիտին պարտքն է, խորասոյզ մտօք եւ անկեղծ վերաբերումով ցոյց տալ հայ ուսուցիչին հանդէպ, նաեւ` հաւաքական սէր, գուրգուրանք եւ պաշտպանուածութիւն:
Երէկ հայ դաստիարակը կը փորձէր հայութեան ապագան ամրապնդել:
Այսօր ան զիջած է իր բարձունքէն եւ առաքելութենէն, կեանքի դաժան պայմաններու ճնշումին տակ:
Երէկ հայ դաստիարակը իր գիտականութեամբ, հայագիտական նիւթերու տիրապետողի հանգամանքով եւ գեղարուեստական շունչով` կը խանդավառէր իր շրջապատը:
Այսօր նիւթականացած կեանքի ու արհեստագիտութեան ահաւոր պարտադրանքին ի տես, ան անյոյս կը փորձէ նաւարկել եւ նուազագոյն չափով տէր կանգնիլ իր կոչումին:
Ի վերջոյ, եթէ երբեք պիտի ուզենք հաւատաւոր ժառանգորդները ըլլալ վաստակաւոր նախնեաց, ապա պարտաւոր ենք շարունակելու անոնց սրբազան երթն ու ազգային ոգի ջամբելու վեհափառ կարողութիւնը:
