Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ նախագահ Թրամփի միջնորդութեամբ կնքուած խաղաղութեան համաձայնագիրը վերափոխիչ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ամբողջ Հարաւային Կովկասի համար: Այս մասին «Իմետի» պատկերասփիւռի կայանին տուած մեկնաբանութեան մէջ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Կը նշուի, որ Վրաստան կրնայ թէ՛ իր ներդրումը ունենալ, թէ՛ մեծապէս օգուտ քաղել կայունութենէն եւ բարօրութենէն, որոնք կարելի դարձած են այս համաձայնագիրին շնորհիւ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները կ՛ակնկալեն կառուցողական յարաբերութիւններ հաստատել Վրաստանի հետ:
«Մենք պիտի շարունակենք համագործակցիլ Վրաստանի կառավարութեան հետ այն հարցերուն շուրջ, որոնք կ՛ազդեն մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ Վրաստանի քաղաքական միջավայրին վրայ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: