Հունգարիոյ կառավարութիւնը կասեցուցած է ոչ միայն պենզինի եւ մազութի Ուքրանիա մատակարարումը, այլ նաեւ իր տարածքով դրացի երկրի համար կարեւոր բեռներու փոխադրումը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան յայտնած է, որ այս որոշումը տրուած է ի պատասխան Քիեւի կողմէ «Տրուժպա» խողովակաշարով ռուսական քարիւղի տարանցման արգելակման:
Ան յիշեցուցած է, որ Հունգարիան նախապէս դադրեցուցած էր մազութի եւ պենզինի Ուքրանիա մատակարարումները:
«Մենք նաեւ պիտի կասեցնենք Ուքրանիոյ համար կարեւոր բեռներու Հունգարիոյ տարածքով մատակարարումները, մինչեւ որ համաձայնի քարիւղի մատակարարումները սկսելու», ըսած է հունգարական կառավարութեան ղեկավարը` «Քոսութ» ձայնասփիւռի կայանի առաւօտեան ծրագիրին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Օրպան յայտարարած է, որ Ուքրանիան Հունգարիոյ նկատմամբ կ՛իրականացնէ պետական աւազակութիւն, որուն պէտք է տրուին ճիշդ պատասխաններ:
Ան հաստատած է, որ Հունգարիան պիտի չզօրակցի Եւրոպական Միութեան որեւէ որոշումի, որ յօգուտ Ուքրանիոյ է, այնքան ատեն որ «Տրուժպա» խողովակաշարով ռուսական քարիւղի մատակարարումները չեն վերսկսած:
«Ուքրանացիներու դրամները աւելի շուտ պիտի վերջանան, քան մեր քարիւղը», ընդգծած է Օրպան:
Հունգարիոյ վարչապետը յիշեցուցած է, որ իր երկիրը արդէն չէ արտօնած Ուքրանիոյ տրամադրել Եւրոպական Միութեան 90 միլիառ եւրոյի ռազմական վարկը: